15 նոյեմբեր 2015
Ֆրանսական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ բացայայտած են ինքնութիւնը Փարիզի մէջ անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներէն մէկուն, որ ֆրանսական հպատակութեան տէր է` աւելցնելով, որ բացայայտուած են նաեւ յարձակում գործողներուն ֆինանսաւորման աղբիւրները, ինչպէս նաեւ ո՛ր երկրէն Փարիզ հասած ըլլալը:
Ֆրանսայի ընդհանուր դատախազը յայտնեց, որ յայտնաբերուած է Փարիզի մէջ յարձակումները գործողներէն ոմանց կողմէ օգտագործուած, ապա լքուած ինքնաշարժ մը, որուն մէջ շարք մը «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներ յայտնաբերուած են:
Երէկ Փարիզի արեւելեան Մոնըթրէօ արուարձանին մէջ յայտնաբերուած «Սիաթ» տիպի սեւ ինքնաշարժը կը կրէր պելճիքական թիւ:
Ինքնութիւնը բացայայտուած ահաբեկիչը կը կոչուի Իսմայիլ Մոսթեֆայի, ան ծագումով ալճերիացի է: Անոր ազգականներէն վեցը ձերբակալուած են:
Ֆրանսական խորհրդարանի անդամ Ժան-Փիեռ Կուրժ Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին յայտնած է, որ հետաքննութիւնները ցոյց տուած են, թէ ահաբեկիչը 2013-2014 ձմրան ընթացքին ամիսներով մնացած է Սուրիոյ մէջ, ուր մուտք գործած է Թուրքիոյ ճամբով:
Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Փարիզի մէջ սպաննուած զինեալներուն մօտ գտնուած սուրիական անցագիրին տէրը անցեալ ամիս մուտք գործած է Սերպիա եւ փորձած հոն ապաստանիլ` աւելցնելով, որ հետաքննութիւնները ցոյց տուած են, որ մանրամասնութիւնները կը համընկնին Յունաստանի կողմէ նշուած այն տեղահանուածին, որ 3 հոկտեմբերին հասած է յունական Լիրոս կղզի:
Ֆրանսական լրատուամիջոցները երէկ հաղորդեցին, որ յարձակումներու հեղինակներէն երեքը Ֆրանսայի քաղաքացիներ են:
Փարիզի անձնասպանական գործողութիւններ կատարածներուն Պելճիքայի հետ ունեցած կապին բացայայտումէն ետք, պելճիքական իշխանութիւնները բարձրացուցած են ապահովական մարմիններու պատրաստուածութիւնը: Պելճիքայի արդարադատութեան նախարարը յայտարարեց, որ Պրիւքսէլի մէկ արուարձանին մէջ Փարիզի յարձակումներուն հարցով խուզարկութիւններու ընթացքին ձերբակալուած են բազմաթիւ անձեր:
Ֆրանսայի իշխանութիւնները երէկ հրաւիրեցին Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ներքին գործոց եւ արդարադատութեանց նախարարներու արտակարգ ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 20 նոյեմբերին` քննարկուող ապահովական միջոցառումներու գործադրութեան կշռոյթը արագացնելու համար:
Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս յայտնեց, որ Փարիզի յարձակումներու զոհերուն մեծամասնութեան ինքնութիւնը բացայայտուած է եւ կ՛ակնալուի, որ այդ հոլովոյթը քանի մը ժամէն հասնի իր աւարտին:
Նշենք, որ կը փնտռուին երկու ֆրանսահայեր` 17-ամեայ Լոլա Ուզունեանն ու անոր հայրը, որոնք դէպքին ընթացքին կը գտնուէին յարձակումներու թիրախներէն «Պաթաքլան» սրահին մէջ:
Մինչ այդ, «Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած յարձակումներէն քանի մը ժամ ետք հրդեհներ ծագած են հիւսիսային Ֆրանսայի Քալէ շրջանին մէջ գտնուող գաղթականներու ճամբարի մը մէջ: Գոյութիւն ունի այն վարկածը, որ հրդեհները Փարիզի յարձակումներուն վրէժը լուծելու համար կրնան բռնկած ըլլալ:
Միւս կողմէ, երէկ Ֆրանսայի մէջ նոր ողբերգութիւն մը արձանագրուեցաւ, երբ արագընթաց «Թէ.Ժէ.Վէ.» տեսակի գնացքը երկաթուղիէն դուրս եկաւ Սթրազպուրկին մօտ գտնուող Էքվեշեմ քաղաքին մօտ:
Արձանագրուած է առնուազն 7 զոհ եւ 11 վիրաւոր:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com/