Արարայի Ճակատամարտի Յաղթանակին Պատմակերտ խորհուրդը՝ «Հայուն Հպարտ Ճակատը Ամօթի Մրուրը Պիտի Չտեսնէ»

Արարայի Ճակատամարտի Յաղթանակին Պատմակերտ խորհուրդը՝ «Հայուն Հպարտ Ճակատը Ամօթի Մրուրը Պիտի Չտեսնէ»

11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԿԻԶԱԿԷՏ:

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

19 Սեպտեմբերի օրը, ահա 101րդ տարին ըլլալով, հայ ժողովուրդը կը տօնէ տարեդարձը Հայկական լեգէոնին նուաճած պատմական նշանակութեամբ կարեւոր յաղթանակին՝ հայ ռազմական ուժին փառքի լուսապսակներէն մէկը հանդիսացող Արարայի ճակատամարտին ընթացքին։

19 Սեպտեմբերի այս օրը, 101 տարի առաջ, Պաղեստինի մէջ, Արարա լերան շուրջ տեղի ունեցաւ Առաջին Աշխարհամարտի եզրափակիչ եւ վճռորոշ ճակատամարտներէն մէկը, որուն ընթացքին Դաշնակից Ուժերուն կողքին կռուող Հայ լեգէոնականները յաղթական գրոհով ջախջախեցին գերմանեւթուրք զօրքերու դիմադրութեան վերջին ամրոցը՝ արագացնելով Աշխարհամարտի աւարտը ի նպաստ Դաշնակիցներուն։

Եթէ մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումը առաւելաբար Սփիւռքը պահապան յուշարարն էր Արարայի ճակատամարտին, վերջին տասնամեակներուն նաեւ ու մանաւանդ Հայաստանի մէջ յատուկ ուշադրութեան կ՛արժանանայ արդի ժամանակաշրջանի հայ ռազմական յաղթանակներուն մէջ իր ուրոյն տեղն ու նշանակութիւնը ունեցող Արարայի ճակատամարտին հայկական քաջագործութիւնը։

Պատմական տեղեկանք է, որ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումէն եւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան ի գործ դրած ցեղասպանութենէն աւելի քան տարի մը ետք, 1916ին, «Արեւելեան լեգէոն» անունին տակ, կեանքի կոչուեցաւ Հայկական լեգէոնը՝ Դաշնակից ուժերու անգլիացի եւ ֆրանսացի բանագնացներ Սայքս¬Փիքոյի համաձայնութեամբ։

Ինչպէս որ նախապէս Ցարական Ռուսաստանը, կովկասեան ճակատին վրայ, նախաձեռնած էր Հայ կամաւորական գունդի կազմութեան, նոյնպէս եւ անգլիացիներն ու ֆրանսացիները դիմեցին թրքական եղեռնագործութեան զոհ գացած հայ ժողովուրդի քաղաքական ուժերուն՝ արեւելեան եւ յատկապէս արաբական ճակատին վրայ թուրքեւգերման զինակիցներուն դէմ պատերազմող Դաշնակից զօրքերը տեղական ուժերով հզօրացնելու համար։

Աշխարհամարտի բռնկումէն առաջ արդէն Փարիզի մէջ կազմուած էր եւ, ի նպաստ Օսմանեան կայսրութեան հայկական նահանգներու ինքնավարութեան, աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէր Հայ Ազգային պատուիրակութիւնը՝ նախագահութեամբ Պօղոս¬Նուպար փաշայի, որ անձնապէս մեծ ներդրում ունեցաւ Հայկական լեգէոնի կազմութեան գաղափարը Դաշնակիցներու ռազմավարութեան մէջ մտցնելու եւ իրագործելու աշխատանքին մէջ։

Սայքս¬Փիքոյի համաձայնութեամբ՝ Հայկական լեգէոնը պիտի գործէր ֆրանսական համազգեստով եւ հրամանատարութեամբ, որովհետեւ քաղաքական գետնի վրայ անգլիացիք ու ֆրանսացիք յանգած էին գաղութատիրական այն համախոհութեան, թէ Օսմանեան կայսրութեան ջախջախման եւ կազմալուծման պարագային, Կիլիկիան պիտի հռչակուէր հայկական ինքնավար պետութիւն եւ պիտի դրուէր ֆրանսական հոգատարութեան տակ (Անգլիա իր հոգատարութեան տակ պիտի առնէր Պաղեստինը)։

Դաշնակիցները լրիւ անկեղծ չէին, անշուշտ, Հայկական լեգէոնի կազմութեան ատեն իրենց կատարած այս խոստումներուն մէջ։ Մեծապետական ու գաղութատիրական ախորժակներով՝ իւրաքանչիւրը տարբեր բեմագրութիւններ-փոխընտրանքներ կը մշակէր պատերազմի աւարտին համար։ Արեւելեան ճակատի ամրապնդման մէջ համախոհ շարժելով հանդերձ, գլխաւոր երեք Դաշնակիցները (Ռուսաստանն ալ հաշուի առնելով) ներքին մրցապայքարի մէջ էին՝ պատերազմի աւարէն սեփական առաւելագոյն բաժինը խլելու ախորժակով։

Անգլիացիք ամէն գնով, թրքական ազգայնականութեան եւ համաթրքական ծրագիրներուն շունչ տալու գնով, հետամուտ էին ցարական Ռուսաստանի դէպի տաք ջուրեր էջքը արգելակելու, որպէսզի անգլիական կայսրութեան առջեւ միշտ բաց մնար դէպի կեդրոնական Ասիա եւ ծայրագոյն արեւելք հասնելու Մետաքսի Ճանապարհը…

Հետեւաբար, այնքան ալ անհիմն չէ մատնանշումը բոլոր այն պատմաբաններուն, որոնք Անգլիոյ գաղութատիրական հակառուս հաշիւներով կը բացատրեն, Սեպտեմբեր 1918ի գրեթէ նոյն օրերուն մղուող Պաքուի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն, անգլիական ռազմական օգնութիւնը ուշացնելու Դաշնակիցներուն ձգձգումի մարտավարութիւնը։

Միեւնոյն մրցապայքարի հաշիւներով կ՛առաջնորդուէին նաեւ Ֆրանսան ու Ռուսաստանը, որոնք իրենց կարգին գաղթատիրական ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման օրակարգ ունէին առաջնահերթաբար եւ, առ այդ, Արեւելեան ու Կովկասեան ճակատներուն վրայ Դաշնակիցներու դիրքերը ամրապնդելու ռազմավարութեամբ՝ նախաձեռնած էին հայ կամաւորականներու զօրակոչին… հայկական գործօնին հետ իբրեւ տեղական ազդու խաղաքարտի վարուելու պատեհապաշտութեամբ։

Պատմութեան դաժան դասը եղաւ այն, որ Հայաստանի անկախութիւնն ու Կիլիկիոյ հայկական ինքնավարութիւնը սոսկ իբրեւ խաղաթուղթ ծառայեցին Մեծերու գաղութատիրական հաշիւներուն՝ ի սպաս Թուրքիան «դարպասելու» իրենց քաղաքականութեան նուաճումին, մոռացութեան մատնելով հայ «փոքր» դաշնակիցին իրենց շռայլած խոստումները։

Դաշնակից մեծապետական ուժերու այդ հայավնաս եւ ըստ ամենայնի հայակործան ռազմախաղերը, միաժամանակ, ահա 101 տարիէ ի վեր կը ծառայեն աւելիով շեշտելու նշանակութիւնը Արարայի յաղթական ճակատամարտին մէջ հայ ռազմական ուժին նուաճած պատմական ձեռքբերումին։

Ինչպէս Կովկասեան ճակատին վրայ հայ կամաւորականները, այնպէս ալ Արեւելեան ճակատին վրայ, հայ լեգէոնականները յառաջապահները եղան Թուրքիոյ պետականօրէն գործադրած Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին մղած վերապրումի կենաց¬մահու պայքարին։

Կովկասեան ճակատին վրայ այդ պայքարը շարունակուեցաւ մինչեւ Մայիս 1918 եւ պսակուեցաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի յաղթանակներով նուաճուած Հայաստանի անկախութեամբ ու հայոց ազգային պետականութեան հիմնումով։

Իսկ Արեւելեան ճակատին վրայ այդ պայքարը պսակուեցաւ, թէեւ ժամանակաւորապէս միայն, տեղահանուած հայութեան Կիլիկիա վերադարձով եւ հայկական ժամանակաւոր ինքնավարութեան հաստատումով։

Այս բոլոր առումներով մեր ժողովուրդը ազգային իր յիշողութեան մէջ անջնջելի տեղ վերապահած է 19 Սեպտեմբեր 1918ի Արարայի ճակատամարտին, որ քսան ժամ տեւողութեամբ՝ անհաւասար ուժերով ճակատում մը եղաւ Արարայի բարձունքին ամրակայուած թուրքեւգերման զօրքին եւ դէպի լեռը գրոհող հայ լեգէոնականներուն միջեւ։

Թուրքեւգերման զինակից ուժերը, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն եւ Յորդանանէն նահանջելով՝ կեդրոնացած էին Պաղեստինի մէջ. յատկապէս Արարայի բարձունքին հաստատուած գերմանական 701 եւ 702 գումարտակներն ու հրետանին՝ զօրավար Օթթօ Լիման Ֆոն Սանտերսի հրամանատարութեամբ, վայելելով թրքական 8րդ, 7րդ (Մուսթաֆա Քեմալի հրամանատարութեամբ) եւ 4րդ զօրաբանակներու աջակցութիւնը, կատաղի դիմադրութիւն ցոյց կու տային Դաշնակից ուժերուն յառաջխաղացքին։ Ֆրանսացի զօրավար Է. Ալենպէ, որ հրամանատարն էր Պաղեստինի ամբողջ ճակատով յառաջացող Դաշնակից զօրքերուն, Արարայի բարձունքը նուաճելու դժուարին գործողութիւնը վստահեցաւ Հայկական լեգէոնին, որ բուռն մարտերէ ետք ջախջախիչ պարտութեան մատնեց գերմանեւթուրք զօրքը եւ տիրացաւ Արարայի անառիկ բարձունքին։

Արարա լերան լանջին բանակած «Արեւելեան լեգէոն»ի հայ սպայ Ճոն Շիշմանեան հետեւեալ կոչով դիմեց իր հրամանատարութեան վստահուած հայ լեգէոնականներուն՝ Արարայի բարձունքին ամրակայուած թուրքեւգերման զօրքի դիրքերուն դէմ գրոհի անցնելու համար.

– «Տղաք, գիտէք, վաղը առտու մեր հարսանիքի օրն է, այն օրը, որուն բոլորս կը սպասենք։ Ամէն զինուոր կազմ ու պատրաստ պէտք է ըլլայ առաւօտեան ժամը 4ին։ Այս ժամը վրէժխնդրութեան եւ արդար հատուցման վսեմ ժամն է. հայրենիքի ազատութեան համար է, որ պիտի մղենք նուիրական պատերազմը։ Ատիկա միակ ծառայութիւնն է, որ մենք պիտի կատարենք հանդէպ մեր դժբախտ ազգին ու զայն երջանկացնենք մեր արեան գնով։ Չեմ գիտեր, թէ վաղուան վարագոյրը երբ իջնէ, մեզմէ քանի՞ն պիտի իյնան ճակատամարտին մէջ, սակայն վստահ եմ, որ հայուն հպարտ ճակատը ամօթի մրուրը պիտի չտեսնէ, մեր անցեալը մեզի խթան եւ ապագան թող հաւատք ներշնչէ բոլորիս»։

Այդ ոգիով հայ լեգէոնականները պատմակերտ յաղթանակ մը նուաճեցին Արարայի ճակատամարտին։

Արարայի յաղթանակը վճռորոշ եղաւ Առաջին Աշխարհամարտի վախճանը արագացնելուն մէջ։ Գերմանեւթուրք զօրքերը արագընթաց նահանջի դիմեցին եւ, քանի մը շաբաթ ետք, արդէն ստիպուեցան պարտութեան զինադադար կնքելու յունական Լիմնոս կղզիին բացերը գտնուող

«Ակամեմնոն» ռազմանաւին վրայ։ Պարտութեան այդ համաձայնագիրը պատմութեան անցաւ իբրեւ Մուտրոսի զինադադարի պայմանագիր։

Ճակատամարտին Հայկական լեգէոնը տուաւ 23 զոհ եւ 76 վիրաւոր, իսկ թուրքեւգերման կողմը, անկախ իր զոհերէն, տուաւ 218 ռազմագերիներ, որոնց 6ը՝ սպաներ։

Արարայի ճակատամարտին հերոսական յաղթանակը արժանացած է ինչպէս պատերազմին մասնակից զօրականներու, այնպէս ալ պատմաբաններու ոգեւորիչ սքանչացումին։

– Լիտըլ Հարթի գնահատումով՝ Արարայի գործողութիւնը «ամէնէն արագ ու վճռական գրոհներէն էր եւ Առաջին Աշխարհամարտի պատմութեան ամենակատարեալ վճռական ճակատամարտն էր: Քանի մը օրերու ընթացքին թրքական բանակը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ Պաղեստինի մէջ»։

– Ֆրանսացի զօրավար Ռընէ Թուռնես կը գրէ, թէ թուրքեւգերման դիմադրութեան «ճեղքումը շանթասլաց էր եւ ամբողջական»:

– Իսկ հայ լեգէականներու ձեռքը գերի ինկած թուրք հազարապետ մը չէր կրցած աչքերուն հաւատալ, որ ֆրանսական բանակի համազգեստով հայերու կողմէ պարտութեան մատնուած եւ գերի ինկած էին թրքական զօրքերը… Ան յայտարարած էր, որ «միթէ դեռ հայ կայ աշխարհի երեսին, մաշալլա՜հ, մաշալլա՜հ. ձեր ազգը երբեք չի մեռնիր ուրեմն»:

Այդպէ՜ս, Արարայի յաղթանակը նուաճող հայը չի մեռնիր։ Այս առումով պատմական հնչեղութիւն ունի յատկապէս ռազմաճակատի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Է. Ալենպիի վկայութիւնը. ««Արեւելեան լեգէոնՄժ»ը կամ «Հայկական լեգէոն»ը կարեւոր բաժին ունեցաւ 19 Սեպտեմբեր 1918 թուականին, Պաղեստինի ճակատին վրայ, տեղի ունեցած մեծ ճակատամարտին ընթացքին: Ես ասով հպարտ եմ»։

Այդ հպարտութիւնը բոլորէն առաջ եւ վեր հայ ժողովուրդին կը պատկանի։

Հայ ռազմական տաղանդին եւ ուժին փառքի խորհրդանիշներէն է Արարայի ճակատամարտը։

Արարայի յաղթանակէն ետք հայ լեգէոնականները շարունակեցին իրենց յառաջխաղացքը դէպի Կիլիկիա՝ թրքական զօրքի նահանջին կրնկակոխ հետեւելով։ 18օրեայ արշաւանքէ ետք, Հոկտեմբեր 12ին, հասան Պէյրութ, ուր Դաշնակիցները ողջունող ժողովուրդի շարքին էին նաեւ Մեծ Եղեռնէն վերապրող հայ գաղթականներ՝ ցնցոտիներով ու ոտաբոպիկ, որոնք լսելով ֆրանսական համազգեստով զինուորներու հայերէն խօսակցութիւնը՝ «Հայ են, հայ են» գոչելով փաթթուեցան իրենց արիւնակիցներուն, անոնց ձեռքերն ու զէնքերը համբուրելով։

Ֆրանսական զօրքին հետ Հայ Լեգէոնականները ազատագրեցին Աղեքսանտրէթի սանճաքը եւ հոնկէ մտան Կիլիկիա, ուր կեդրոնացան Ատանայի եւ Այնթապի մէջ։ «Արեւելեան Լեգէոն»ը վերանուանուեցաւ «Հայկական լեգէոն», եւ դարձաւ հիմքը Կիլիկիոյ ինքնավարութեան պաշտպան բանակին։

Օգոստոս 1920ին Դաշնակիցները պաշտօնապէս լուծարեցին «Հայկական լեգէոն»ը, որ 19 Սեպտեմբեր 1918ին նուաճած Արարայի յաղթանակով՝ իր կարգին հիմք ծառայած էր հայ ժողովուրդի դար մը առաջ նոր ժամանակներ ինքնավստահ մուտքին։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

asbarez.com/arm/355094/Արարայի-Ճակատամարտի-Յաղթանակին-Պատմ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail