Երրորդ Օրն Ըլլալով Թրքական Ռազմական Գործողութիւնը Կը Շարունակուի

Երրորդ Օրն Ըլլալով Թրքական Ռազմական Գործողութիւնը Կը Շարունակուի

12 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թրքական ռազմական գործողութիւնը` հիւսիսային Սուրիոյ ուղղութեամբ, երրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ երէկ` 11 հոկտեմբեր 2019-ին, եւ բախումներ ծայր առին քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն եւ թրքական զօրքին միջեւ: Ուշագրաւ քայլով մը, Մոսկուան ՄԱԿ-ի մէջ ձախողութեան մատնեց ամերիկեան ծրագիր մը, որ կը պահանջէր կասեցնել թրքական յարձակումները հիւսիսային Սուրիոյ մէջ:

Թրքական այս ներթափանցումը դատապարտող յայտարարութիւնները շարունակուեցան լսուիլ տարբեր ուղղութիւններէ, բայց եւ այնպէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ կարեւորութիւն պիտի չտայ ըսուածներուն եւ պիտի շարունակէ իր սկսած գործողութիւնը: Էրտողան դիտել տուաւ, որ այս գործողութիւնները իրենց քիւրտ «եղբայրներուն» դէմ չեն, այլ` ահաբեկչական խմբաւորումներուն:

Օրուան ընթացքին թրքական եւ քրտական տարբեր աղբիւրներ յաճախ հակասական լուրեր հաղորդեցին գետնի վրայ տեղի ունեցած զարգացումներուն վերաբերեալ, սակայն քրտական կողմը հաստատեց, որ սահմանային շրջաններէն աւելի քան 200 հազար քաղաքայիններ փախուստ տուած են թրքական ռմբակոծումէն:

Թուրքիա յայտարարեց, որ իր բանակայիններէն մահեր արձանագրուած են, իսկ «Մայատին»-ի աղբիւրներ հաղորդեցին, որ քրտական ուժերու շարքերէն աւելի քան 350 անձեր սպաննուած են:

Ասոր զուգահեռ, տեղեկութիւններ շրջան ըրին այն մասին, որ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն մօտ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ականներ, իրենց գտնուած վայրերու ռմբակոծման պատճառով կրցած են փախուստ տալ: Այս առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնած էր արդէն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ զգուշացուցած էր ՏԱՀԵՇ-ի հետեւորդներուն փախուստէն` նշելով, որ ցարդ քրտական զինեալ ուժերը ստանձնած էին անոնց հսկողութիւնը: Ան հաստատեց, որ համոզուած չէ, թէ թրքական ուժերը պիտի կարենան կարճ ժամանակուան ընթացքին տիրապետել կացութեան` աւելցնելով, որ հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարաւոր զինեալներ տեղակայուած են ներկայիս այդ շրջանին մէջ` ռուսական գաղտնի սպասարկութեան տեղեկութիւններուն համաձայն: Ան հարց տուաւ, որ եթէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն անդամները փախուստ տան հոնկէ` ո՞ւր պիտի երթան, արդեօք թրքական տարածքէն եւ այլ շրջաններէ անցնելով Սուրիոյ խորե՞րը պիտի հասնին, հոնկէ` Իրան եւ շրջանային այլ երկիրներ: Փութին հաստատեց, որ պէտք է այս բոլորին գիտակցիլ եւ պատրաստ ըլլալ նման կացութիւն դիմակայելու:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատու մը յայտնեց, որ թրքական ռազմական գործողութիւնները Թրամփի կողմէ ճշդուած կարմիր գիծը չեն շրջանցած, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահը երկու դիւանագէտներու պարտականութիւն տուած է թուրքերուն եւ քիւրտերուն միջեւ զինադադարի հաստատման միջնորդութիւն կատարելու:

Մինչ այդ, «Արապիա» հաղորդեց, որ ամերիկացի պատասխանատու մը յայտնած է, թէ Արաբունար շրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ուժերու կեդրոնին մօտ պայթում մը որոտացած է: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց լուրը, իսկ Փենթակոն մերժեց մեկնաբանել: Թրքական կողմը հաստատեց, որ անհրաժեշտ քայլերուն դիմած է, որպէսզի Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերուն ոչ մէկ վնաս հասնի:

11 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Գամիշլիի Ղարպիէ թաղամասի Մունիր Հապիպ պողոտային մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին իբրեւ հետեւանք զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան:

Ըստ «Նաշրա»-ի, երեկոյեան, Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու ղեկավար զօր. Մազլում Քոպանի յայտնեց, որ թրքական ուժերը 8 սահմանային գիւղեր իրենց հակակշիռին տակ առած են` դիտել տալով, որ իրենք իրանեան ուժերուն կողմէ ռմբակոծումի ենթարկուեցան Տէր Զօրի հարաւը: Ան յայտնեց նաեւ, թէ սուրիական վարչակարգին հետ որեւէ բանակցութիւն հիմնուած պէտք է ըլլայ ինքնավար մարզի դրութեան համաձայն գտնուելու սկզբունքին վրայ` աւելցնելով, որ նման պարագային, աւելի ուշ իրենց զինեալները կը միանան սուրիական բանակին:

Փենթակոն իր կարգին հաստատեց, որ Թուրքիոյ կողմէ ռազմական գործողութեան աւարտի ոչ մէկ ցուցանիշ գոյութիւն ունի:

aztagdaily.com/archives/461522

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail