Կարմիր Ծովուն Մէջ. Երկու Հրթիռներով Յարձակում` Իրանեան Քարիւղատար Նաւու Մը Վրայ

Կարմիր Ծովուն Մէջ. Երկու Հրթիռներով Յարձակում` Իրանեան Քարիւղատար Նաւու Մը Վրայ

12 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան Ժետտայի ծովեզերքին մօտ իրանեան քարիւղատար նաւ մը ենթարկուած է հրթիռային յարձակումի: Իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, նաւը թիրախ դարձուցած պայթումը տեղի ունեցած է Ժետտայի նաւահանգիստէն 60 մղոն հեռաւորութեան վրայ: Իրանեան բեռնատար նաւերու պետական ընկերութիւնը հերքեց, թէ քարիւղատար նաւը հրթիռային յարձակումի ենթարկուած է սէուտական հողերէն: Սակայն նոյն ընկերութեան կատարած քննութիւնը պարզեց, որ նաւը երկու անգամ թիրախաւորուած է:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ քարիւղատար նաւը տակաւին կը գտնուի յարձակման վայրին` Կարմիր ծովուն մէջ, եւ թէ անոր անձնակազմը լաւ վիճակի մէջ է: Նախարարութիւնը բացայայտեց նաեւ, որ անցնող ամիսներուն ընթացքին դարձեալ Կարմիր ծովուն մէջ իրանեան քարիւղատար նաւեր ենթարկուած են խափանարարական գործողութիւններու:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի ըսաւ, որ քննութիւնները ընթացքի մէջ են ներթափանցած տարրերու դերակատարութեան հաւանականութեան շուրջ: Ան յստակացուց, որ քարիւղի արտահոսքէն յառաջացած կենսոլորտային ապականումին պատասխանատուութիւնը կը կրեն այս վտանգաւոր դէպքին պատասխանատուները:

ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ նաւուն վրայ գտնուող երկու պահեստարաններ վնաս կրեցին յարձակումէն, ինչ որ պատճառ դարձաւ նաւէն քարիւղի մեծաքանակ արտահոսքին` Կարմիր ծովուն մէջ: Մասնագէտներ նախատեսած էին, որ դէպքը կրնայ հետեւանք ըլլալ ահաբեկչական գործողութեան:

Ըստ վերջին տեղեկութիւններուն, իրանեան քարիւղատար նաւուն վիճակը կայուն է, եւ անոր անձնակազմը կրցած է իր վերահսկողութիւնը վերահաստատել անոր վրայ: Անձնակազմէն ոեւէ մէկը վնասի չէ ենթարկուած: Մինչ այդ, Աֆղանիստանի հարցերով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ասիական երկրորդ բաժանմունքի տնօրէն Զամիր Քապոլով յայտարարեց, թէ «Մոսկուա կը կարծէ, որ տակաւին կանուխ է խօսելու Կարմիր ծովուն մէջ իրանեան քարիւղատար նաւուն դէմ յարձակումին որեւէ կողմի մեղսակցութեան մասին»:

Իր կարգին, իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը դէպքին անդրադառնալով նշեց, որ իրանեան քարիւղի պետական ընկերութեան համաձայն, նաւը թիրախ դարձուցած են երկու հրթիռներ, որոնք մեծ պայթումի պատճառ դարձան: Նաւուն վրայ հսկայական հրդեհ ծագեցաւ:

Ամերիկեան ծովուժի հինգերորդ նաւատորմի բանբերը յայտարարեց, որ նաւատորմը տեղեակ է իրանեան քարիւղատարը թիրախ դարձուցած լրատուական տեղեկութիւններէն, սակայն մինչեւ հիմա այլ տեղեկութիւններ չունի: Այս նաւատորմին կեդրոնատեղին կը գտնուի Պահրէյնի մէջ, անոր պարտականութիւնն է պահպանել Միջին Արեւելքի ծովային անցքերուն ապահովութիւնը:

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբի անդամ Հեղմաթոլլահ Ֆալահաթփիշեհ յայտարարեց, որ «իրանեան քարիւղատար նաւուն դէմ կատարուած յարձակումը կը նպատակադրէ լարուածութիւն ստեղծել շրջանին մէջ»` յարձակումին համար մեղադրելով Իսրայէլը եւ Միացեալ Նահանգները: Ան նկատել տուաւ, որ յարձակումը մեծապէս կասկածայարոյց է այնպիսի պահու, երբ Թեհրան եւ Ռիատ ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն կը յայտարարեն, թէ մտադիր են վերացնել լարուածութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ:

Ան ըսաւ, որ «Սապիթա» կոչուող նաւուն դէմ յարձակումը կասկած կը յարուցէ: Ան յարձակումը նկատեց ահաբեկչական գործողութիւն` նշելով, որ ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը պիտի քննէ հարցը: Ան Իրանի կառավարութեան կոչ ուղղեց յարձակումին հարցով օրինական բողոք ներկայացնելու: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ շրջանին մէջ նմանօրինակ յարձակումներ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի ապահովութիւնը մեծապէս պիտի վտանգեն:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/461520

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail