Ռուբէն Գարագաշեան – ՍԵՒԵՐ ԵՒ ՃԵՐՄԱԿՆԵՐ – Նախքան անցեալ տարուայ յեղափոխութիւնը
ՍԵՒԵՐ ԵՒ ՃԵՐՄԱԿՆԵՐ
Նախքան անցեալ տարուայ յեղափոխութիւնը, բոլորովին յուսալքուած էի Հայաստանի եւ Հայութեան ապագայի նկատմամբ, որովհետեւ ելք չէի տեսներ գոյութիւն ունեցող ճահիճէն ու չէի հաւատար որ ժողովուրդը ունի կացութիւնը յեղաշրջելու եւ փտած համակարքը տապալելու պէտք եղած ներուժը եւ կամքը։
Դժբախտաբար մինակ չէի այդ յուսալքուած վիճակիս մէջ, ինչպէս կը վկայէին, մէկ կողմէն, Հայաստանէն արտագաղթողներու հսկայ թիւը որ արդէն անցած էր մէկ միլիոնը, եւ միւս կողմէն, սփիւռքահայերու այն լայն զանգուածը որ այլեւս հրաժարած էր Հայաստանի մէջ որեւէ յաւելեալ ֆինանսական կամ այլ ներդրում կատարելէ։ Օրուան իշխանութիւնները, իրենց ագահութեամբ, լկտիութեամբ եւ ծախուածութեամբ յաջողած էին մեռցնել հաւատքը աւելի փայլուն ապագայի մը կարելիութեան նկատմամբ։
Յանկարծ տեղի ունեցաւ աներեւակայելին. աւազակապետական ռէժիմը տապալեցաւ եւ հաստատուեցաւ ժողովուրդի ցանկացած իշխանութիւնը, եւ այդ ամէնը առանց կաթիլ մը արիւն թափելու։ Իմ մէջ, ինչպէս շատ-շատերու, դարձեալ ծնաւ հաւատք, խանդավառութիւն եւ դրական “էներգիա”՛, եւ դարձեալ ի նպաստ Հայաստանի աշխատանք ծաւալելու կամք ու կորով։ Ինչպէս անգլերէնով կ՛ըսուի, I became a born again Armenian։
Այդ Խանդավառութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր եւ կը մնամ շատ լաւատես մեր ապագայի նկատմամբ։ Սակայն լաւատես ըլլալով հանդերձ, կը մնամ իրատես եւ կը տեսնեմ այն լուրջ վտանգները որոնք կը սպառնան մեր այս նոր եւ ազատ Հայաստանին։ Յեղափոխութիւնը, որ տեղի ունեցաւ, տակաւին ամրապնդուած չէ, ու հասած չէ իր աւարտին, եւ ետդարձ տակաւին, ցաւօք, կարելի է։
Դժբախտաբար տակաւին սեւերու եւ ճերմակներու ժամանակաշրջանն է որ կ՛ապրինք, եւ պէտք է ամէն միջոցներով թիկունք կանգնիլ ճերմակներուն, որոնք կը ցանկան այս յեղափոխութեան յաջողցնել եւ ամրագրել, եւ չարաչար պայգարիլ ընդդէմ սեւերուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր զայն ձախողեցնելու։
Ճերմակներուն եւ հետեւաբար Նիկոլ Փաշինեանին թիկունք կանգնիլ չի նշանակեր համաձայն ըլլալ կառավարական ամէն մէկ որոշումի, ամէն մէկ նշանակումի, եւ կամ ամէն որդեգրուած քաղաքական ուղեգծի։ Կարելի է ունենալ թէ մարտավարական թէ սկզբունքային տարաձայնութիւններ, սակայն զանոնք արտայայտել քաղաքակիրթ ձեւով ու կառուցողական ոճով, օգտակար ըլլալու եւ ոչ թէ վարկաբեկելու ու ձախողեցնելու միտումով։
Քննադատութիւնը քննադատութեան սիրոյն, քննադատութիւնը անյարգալիր ու աժան, մազ փնտռողի մտայնութեամբ եւ վարկաբեկելու նպատակով միայն կը ծառայէ սեւերու քաղաքականութեան եւ այդ քննադատութիւնները ընողին յստակօրէն կը տեղաւորէ սեւերու ճամբարին մէջ։ Ներկայի հրամայականն է զօրաւիգ կանգնիլ իշխանութիւններուն որպէսզի անոնք յաջողին եւ հակայեղափոխութեան կարելիութիւնը բացառուի։
Միայն յեղափոխութիւնը իր աւարտին հասցնելէ եւ ամրապնդելէ յետոյ է որ կարելի կ՛ըլլայ բնական որեւէ ժողովրդավարական երկրի նման մենք մեզի շռայլութիւնը տանք ունենալու մոխրագոյնի բազամազան երանգներ եւ քաղաքական ու իշխանական առողջ ու բնական մրցակցութիւն եւ պայքար։ Մինչեւ այդ, կան միայն սեւ ու ճերմակ, եւ ինծի մեծ ցաւ կը պատճառէ տեսնել իմ սրտիս այնքան մօտ Դաշնակցութիւնը պատանդի դերին մէջ, պատանդ ղեկավարութեան մը ձեռքը, որ կը յամառի մնալ սեւերու ճամբարէն ներս։
Այդ ղեկավարութիւնը արդէն իսկ վարկաբեկած էր ինքզինքն ու կուսակցութիւնը՝
իր քսան տարուայ Հայաստանեան ձախող քաղաքականութեամբ, համակերպելով եւ յաճախ գործակցելով աւազապետական ու որճրագործ ռէժիմին հետ։ Եւ փոխանակ յեղափոխութեան ոսկի առիթէն օգտուելու, սխալները ընդունելու եւ պատմութեան այդ ամօթալի էջը դարձնելու, ան այսօր պայքարի դրօշ է պարզած ներկայ իշխանութեան դէմ, անոր ըրածին մէջ տեսնելով միայն քննադատելին եւ մտահոգիչը, եւ անդադար թոյն թափելով անոր հասցէին։
Բոլոր անոնց համար, որոնք կը կարծէին թէ Դաշնակցութիւնը ալ աւելի վարկաբեկել կարելի չէր, ամէն ամիս նոր խայտառակութիւն մը կու գայ փաստելու հակառակը։ Օր մը դեղին քարտեր կը բաժնեն, օր մը «ես ծեծեցի, չէ ես ծեծեցի» կատակերգութիւնը մեզի կը հրամցնեն, օր մըն ալ իրենց միջոցառումներուն ներկայ ժողովուրդին քանակը Նիկոլինին հետ համեմատելու երեխայական փորձեր կ՛ընեն, միաժամանակ այպանելով ներկայ իշխանութիւնները ազգը պառակտելու յանցանքով։
Այս ամէնը անցեալին վերադառնալու ճիգ չէ ապա ի՞նչ է։ Ինչքան պիտի ուզէի, որ Դաշնակցութիւնն ալ, Սասնայ Ծռերի նման թիկունք կանգնէր իշխանութեան, միաժամանակ չհրաժարելով կառուցողական եւ զուսպ քննադատութիւններէն, եւ փոխանակ դժգոհելու եղած փոփոխութիւններէն, դժգոհէր անոնց ոչ-բաւարար արագ թափէն եւ ոչ-բաւարար յեղափոխական բնոյթէն։
Այսօր սեւերու քաղաքականութիւնը շատ յստակ է։ Անոնք կ՛ուզեն ամէն գնով, սուտ բամբասանքներով ու լուրերով, աժան քննադատութիւններով ապակողմնորոշել ժողովուրդը, ջլատել անոր միասնականութիւնը, յուսալքել զայն, իջեցնել Նիկոլի վարկը եւ ի վերջոյ ստեղծել դժգոհութեան այնպիսի ալիք, որ իրենց թոյլ կու տայ տապալել իշխանութիւնը։ Անոնք ունին անսահման դրամակամ միջոցներ լծած այս նպատակին, ինչպէս նաեւ գործակցութիւնը օտար հզօր գործակալութիւններու, որոնք դժգոհ են որովհետեւ չեն հանդուրժեր Հայաստանի իշխանութեան ղեկին տեսնել մարդիկ, որոնք իրենց խամաճիկները չեն։
Որեւէ ազգային գիտակցութեան տէր անձ կամ կազմակերպութիւն պէտք է լծուի սեւերու այս քաղաքականութիւնը ձախողեցնելու աշխատանքին, եւ զգոյշ ըլլայ չդիմելու որեւէ քայլի կամ քարոզչութեան, որ կրնայ կամովին թէ ակամայ ջուր լեցնել սեւերու ջաղացքին։
Ռուբէն Գարագաշեան
ORIGINE SOURCES-www.radioyan.com//