Հրէական Ազդեցիկ Կառոյցը ԱՄՆ-ին Կոչ Կ՛ուղղէ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

March with torches on the occasion of the Commemoration Day of Armenian Genocide victims began from the Republic Square to the Armenian Genocide memorial complex

13 նոյեմբեր 2015

ԱՄՆ համայնքային ամենաազդեցիկ կառոյցներէն մէկը` Հանրային հարցերով հրէական խորհուրդը, որ կազմակերպութիւններու համախմբում է, ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպամային եւ Քոնկրեսին կոչ կ՛ընէ ճանչնալու Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ 1915 թուականին տեղի ունեցած հայերու ցեղասպանութիւնը, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Հրէական խորհուրդը անցեալ ամիս կայացած ամենամեայ համայնքային համաժողովի ժամանակ յատուկ բանաձեւ մը ընդունած է, որով կոչ կ՛ընէ նաեւ հրէական համայնքին աջակցելու ամերիկահայ կազմակերպութիւններուն` Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին համար:

Իր գործունէութեան ընթացքին ըստ էութեան առաջին անգամ այս կերպ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան թեմային, հրէական կազմակերպութիւններէ կազմուած խորհուրդը ընդունած բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծէ․ – «Մենք բարոյական պարտաւորութիւն կը զգանք` ճանչնալու հայերու տառապանքները»: «Պէտք չէ թոյլ տանք, որ պատեհապաշտ քաղաքականութիւնը կամ Թուրքիոյ հետ ԱՄՆ-ի կառավարութեան յարաբերութիւնները սասանեն մեր բարոյական պարտաւորութիւնը` ճանչնալու հայ ժողովուրդի տառապանքները», – մասնաւորապէս կ՛ըսուի փաստաթուղթին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող շարք մը հրէական կազմակերպութիւններ ու լոպպիստական խումբեր տասնամեակներ շարունակ դէմ արտայայտուած են ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հնարաւոր ճանաչման: Այդ կազմակերպութիւններէն քանի մը հատը Թուրքիոյ յորդորով նոյնիսկ կանխած են Քոնկրեսի կողմէ հայանպաստ բանաձեւերու ընդունումը: Անոնց շարքին էր նաեւ Հանրային հարցերով հրէական խորհուրդի մէջ ընդգրկուած Ամերիկայի Հրէական կոմիտէն, որ, սակայն, քանի մը տարի առաջ փոխեց իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով, նոյնիսկ խստօրէն քննադատեց նախագահ Օպաման «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը «եղեռն»-ով փոխարինելու համար
:
«Ամերիկայի Հայկական համագումարը երախտիքի խօսք կը յղէ Հանրային հարցերով հրէական խորհուրդին` այս կարեւոր բանաձեւը ընդունելու եւ ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պետականօրէն վերահաստատումը սատարող ջանքերուն համար», – յայտարարած է Համագումարի խորհուրդի համանախագահ Էնթընի Պարսամեան: «Յանուն ճշմարտութեան պայքարող ամերիկաբնակ միլիոնաւոր հրէաներու եւ հայերու միասնականութիւնը կարեւոր քայլ է արդարութեան ճանապարհին ընդառաջ», – նաեւ կ՛ըսուի Ամերիկայի Հայկական համագումարի տարածած յայտարարութեան մէջ:
 
ԵՌԱԳՈՅՆ

http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail