Թուրքիոյ Կողմէ Շղթայազերծուած «Խաղաղութեան Աղբիւր» Գործողութեան Դէմ Դնելու Նպատակով` Համաձայնութիւն Սուրիոյ Կառավարութեան Եւ Սուրիական Ժողովրդավարական Ուժերուն Միջեւ
14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԹՈՒՐՔԻԱ – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ շղթայազերծուած ռազմական գործողութիւններուն, թրքական բանակին եւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ ընթացող բախումներուն, ցամաքային եւ օդային ռմբակոծումներուն 5-րդ օրը արձանագրուեցաւ ուշագրաւ փոփոխութիւն մը, երբ սուրիական կառավարութեան եւ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ գոյացաւ համաձայնութիւն` սուրիական կառավարական ուժերուն Մընպեժ եւ Արաբունար մուտք գործելուն վերաբերեալ, ռուսական ոստիկանութեան ընկերակցութեամբ: Այդ ուժերը պիտի տեղակայուին սահմանին վրայ, որպէսզի դէմ դնեն Թուրքիոյ եւ անոր հետ դաշնակցող սուրիական ահաբեկչական խմբաւորումներու ռազմական գործողութիւններուն:
Ֆրանսական լրատու աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ռուսական Հըմէյմիմ խարիսխին մէջ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն պատկանող քրտական ինքնակառավարման խորհուրդին եւ սուրիական կառավարութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին այս համաձայնութիւնը գոյացած է: Սուրիական ուժերուն տեղակայումը կատարուեցաւ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն հետ համադրաբար եւ անոնց հետ համաձայնութեամբ:
«Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիացի բանակայիններ սկսան արդէն ուղղուիլ հիւսիսային շրջաններ` դէմ դնելու համար Թուրքիոյ կատարած «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութեան, զոր Դամասկոս կը նկատէ յարձակում սուրիական հողերուն վրայ:
Աւելի ուշ, Էրտողանի խորհրդականը զգուշացուց սուրիական բանակին եւ թրքական ուժերուն միջեւ բախումներէ:
Մինչ այդ, օրուան ընթացքին Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը տեղեկացուց, որ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերէն 104 զինեալներ սպաննուած են թրքական յարձակումները դիմակայելու ընթացքին: Սուրիական ժողովրդավարական ուժերը իրենց կարգին նշեցին, որ թրքական 7 հրասայլեր ոչնչացուցած են, ինչպէս նաեւ մահացող թուրք զինուորներուն թիւը հասած է 75-ի:
ՄԱԿ դիտել տուաւ, որ շուրջ 130 հազար քաղաքայիններ բռնած են գաղթի ճամբան:
«Սանա» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ թրքական օդանաւեր սպանդ գործած են Ռաս Ուլ Այնի մէջ` ռմբակոծելով քաղաքայիններու եւ լրագրողներու վրայ` տեղացի ու օտար: Անոնց դիակները այլանդակուած կամ ամբողջովին այրած են:
Քրտական ինքնակառավարման խորհուրդը օրուան ընթացքին կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններուն` քայլերու ձեռնարկելու, որովհետեւ թրքական ուժերուն կողմէ Այն Իսայի գաղթակայանի ռմբակոծման պատճառով ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու ընտանիքներ` հազարներով, փախուստ տուած են, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ այս ահաբեկչական կազմակերպութեան վերաշխուժացման:
Թրամփ Ուժերը Կը Հեռացնէ Հիւսիսային Սուրիայէն Եւ 50 միլիոն Տոլար Կը տրամադրէ` Սուրիոյ մէջ «կայունութեան հաստատման»
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր կիրակի երեկոյեան յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրամայած է շուրջ հազար բանակայիններ հեռացնել հիւսիսային Սուրիայէն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ 50 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ` Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման ի խնդիր, ինչպէս նաեւ առ ի պաշտպանութիւն ճնշուած փոքրամասնութիւններուն եւ կրօններուն, նաեւ` մարդու իրաւունքներուն: Ան ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն քրիստոնեաները ճնշումի ենթարկելը եւ պիտի պաշտպանեն զանոնք ամէնուրեք»:
Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերը, միւս կողմէ, կոչ ուղղեցին Միացեալ Նահանգներուն բարոյական պատասխանատուութիւնը ստանձնելու իրենց նկատմամբ` Թուրքիոյ կողմէ իրենց դէմ շարունակուող յարձակումներուն դէմ դնելու համար: Հաղորդագրութեամբ մը անոնք յայտարարեցին, որ իրենց դաշնակիցները երաշխաւորեցին նեցուկ կանգնիլ իրենց, սակայն անակնկալօրէն լքեցին ու իրենց ուժերը հեռացնելու որոշում տուին:
Էրտողան Կը մերժէ Բանակցիլ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա պիտի չբանակցի ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ, իսկ տարբեր երկիրներու ղեկավարներու կողմէ առաջարկուած միջնորդութիւնը մերժելի է: Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է պետութեան մը ղեկավարը բանակցութեան սեղան նստի ահաբեկիչներու հետ:
Անկելա Մերքելի Կոչը` Կասեցնել Թրքական Յարձակումները
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանէն պահանջեց, անոր հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին, իսկոյն դադրեցնել հիւսիսային Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող գործողութիւնները:
Ան դիտել տուաւ, որ այս յարձակումները կը սպառնան մեծաթիւ քաղաքայիններու գաղթի, ինչպէս նաեւ մեծ սպառնալիք են շրջանի կայունութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի վերադարձին առումով:
Գերմանիայէն եւ Հոլանտայէն ետք` Ֆրանսա կը դադրեցնէ զէնք Արտածել Թուրքիա
Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն վրայ շղթայազերծուած յարձակումներուն պատճառով Գերմանիա եւ Հոլանտա յայտարարեցին, որ իրենք զէնք պիտի չարտածեն Թուրքիոյ:
12 հոկտեմբերին նոյն քայլին դիմեց Ֆրանսա, երբ անոր արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ որոշած է դադրեցնել Թուրքիոյ զէնքերու արտածումը` հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական ուժերուն կատարած ներթափանցման լոյսին տակ:
Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ սպասելով այս գործողութեան աւարտին, Ֆրանսա որոշեց յետաձգել Թուրքիա արտածել բոլոր զինուորական արտադրութիւնները, որոնք կրնան օգտագործուիլ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութեան ընթացքին: Ան ըսաւ, որ այս որոշումը պիտի գործադրուի իսկոյն:
aztagdaily.com/archives/461685