Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներ Կը Դատապարտեն Թուրքիոյ Ռազմական Գործողութիւնը. Քաթար Եւ Սոմալ` Վերապահ

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներ Կը Դատապարտեն Թուրքիոյ Ռազմական Գործողութիւնը. Քաթար Եւ Սոմալ` Վերապահ

14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ սկսած ռազմական գործողութեան լոյսին տակ գումարուած Արաբական լիկայի ժողովի աւարտին, արաբ արտաքին գործոց նախարարները միացեալ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեցին, որ կը քննարկեն թրքական ներթափանցման դէմ դնելու վերաբերեալ իրենց առնելիք քայլերը, պիտի նուազեցնեն դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ Սուրիոյ հետ ռազմական գործակցութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ արաբական պետութիւնները որոշեցին վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ հետ տնտեսական, մշակութային եւ զբօսաշրջական յարաբերութիւններու մակարդակը` դիտել տալով, որ թրքական յարձակումները իսկական վտանգ կը հանդիսանան արաբական ազգային անվտանգութեան եւ երկու երկիրներու ապահովութեան, նաեւ` ընդհանուր խաղաղութեան:

Նախարարները շեշտեցին, որ այս յարձակումին հակազդելու սուրիական որեւէ քայլ եւ սուրիական հողերու պաշտպանութեան միտող որեւէ գործողութիւն Սուրիոյ ինքնապաշտպանութեան օրինական դրսեւորում կը նկատուի:

Կոչ ուղղուեցաւ Թուրքիոյ` կասեցնելու յարձակումները եւ իսկոյն ու առանց նախապայմանի քաշուելու սուրիական ամբողջ տարածքէն:

Հաղորդագրութեան նկատմամբ վերապահ կեցուածք դրսեւորեցին Քաթար եւ Սոմալ: Նշենք, որ նախապէս Թուրքիա յայտարարած էր, որ Քաթար իր զօրակցութիւնը յայտնած էր իր սկսած գործողութիւններուն:

Մինչ այդ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ ըսած էր, որ Թուրքիոյ կատարած ռազմական գործողութիւնը ոչինչ է, եթէ ոչ Սուրիա ներխուժում` աւելցնելով, որ անիկա նոր տագնապի պատճառ պիտի ըլլայ եւ իսկական վտանգ է երկու պետութիւններու ապահովութեան: Անոր համաձայն, վերջին օրերուն գաղթականներու խաղաքարտի օգտագործումը իսկական գահավիժումի աննախադէպ դրսեւորում է:

Ապուլ Ղէյթ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հրաւիրեց պատասխանատուութիւն ստանձնելու` միջազգային միացեալ կեցուածքով տագնապին լուծում մը գտնելու, թրքական յարձակումները դատապարտելու եւ կասեցնելու` Թուրքիան լիովին պատասխանատու նկատելով այն մարդկային ու ապահովական հետեւանքներուն համար, որոնք պիտի ստեղծուին Սուրիոյ մէջ անոր ռազմական գործունէութենէն:

Իր կարգին, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի ըսաւ, որ Թուրքիան Սուրիոյ գերիշխանութիւնը կը հարուածէ, կը տապալէ միջազգային բոլոր որոշումները, արիւնալի բախումներու դուռ կը բանայ` նկատի ունենալով, որ ՏԱՀԵՇ-ի բանտերուն դռները կը բացուին, եւ այդ վտանգաւոր կազմակերպութիւնը կրկին աշխուժանալու ու գործելու կը սկսի: Ան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա կ՛աջակցի եւ ապաստան կու տայ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, նաեւ կ՛ուզէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի քողին տակ բռնագրաւումներ կատարել:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպայր ըսաւ, որ հիւսիսային Սուրիոյ վրայ եղած յարձակումները յարձակում են արաբական հողերուն վրայ` աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը եւս ընելիք ունի այս գործողութիւնը կասեցնելու առումով, որովհետեւ անիկա կը վտանգէ շրջանի կայունութիւնն ու ապահովութիւնը:

Արաբական միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քարքաշ դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է արաբական միացեալ կեցուածք դրսեւորել` թրքական ոտնձգութիւններուն դէմ:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ալի Հաքիմ ըսաւ, որ իրաքեան պաշտօնական ու գրաւոր դիմում պիտի ներկայացուի Արաբական լիկային` զայն հրաւիրելով Սուրիան վերընդունելու իբրեւ Արաբական լիկայի անդամ, եթէ պետութիւններուն մեծամասնութիւնը համաձայն գտնուի ասոր:

Ապուլ Ղէյթ դիտել տուաւ, որ հասկացողութիւն կայ նման անհրաժեշտութիւն մը սերտելու, բայց եւ այնպէս Սուրիոյ` Արաբական լիկա վերադարձը անդամ պետութիւններէն համապատասխան կեցուածք կ՛ենթադրէ, իսկ Սուրիա, իր կարգին, այս առումով պատասխանատուութիւններ ունի ստանձնելիք:

ARARAD – armenagan-Zvartnots-Cathedral-Ruins-Armavir-Province-Armenia

aztagdaily.com/archives/461683

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail