Լիբանանցի Մը Ահաբեկիչին Վրայ «Նետուելով» Խնայեց Հարիւրներու Կեանքը (Լուսանկար)

16 նոյեմբեր 2015
adel_Trmos-lipanandsi
Անցեալ շաբաթ Պէյրութի հարաւային արուարձանը հարուածած ահաբեկչութեան ընթացքին քաղաքացի մը նախազգալով պատրաստուած երկրորդ պայթումին վտանգը

«ինքզինք նետած է» ահաբեկիչին վրայ այդպիսով խնայելով հարիւրաւոր մարդոց կեանքը: Նշենք, որ երիտասարդը , որ կը կոչուի Ատէլ Թըրմոս պայթումի ժամերուն

ներկայ եղած է շրջանի մզկիթին մէջ տեղի ունեցող Ուրբաթ օրուան աղօթքին ու պատահմամբ մզկիթէն դուրս գալու պահուն նկատած է անծանօթ մէկու մը ոչ

սովորական շարժումները: Թըրմոս այնուհետեւ ինքզինք նետած է ականուած գօտի կրող ահաբեկիչին վրայ ու անկէ ետք լսուած է երկրորդ ծանր պայթումը:

Ըստ լրատուական աղբիւրններու ահաբեկիչը մտադիր էր մզկիթ մուտք գործելով մեծ թիւով մարդոց սպաննութեան պատճառ ըլլալ: Թըրմոս, որ ամուսանացած է ունէր երկու զաւակներ եւ կուգար Լիբանանի հարաւային Թաննուսա աւանէն: Նշենք, որ Պըրժ Ալ Պարաժնէի պայթումին հետեւանքով 40 անձեր զոհուած էին իսկ վիրաւորներուն թիւը հասած էր 200-ի:

www.arevelk.am

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail