Հանդիպում Արցախի Բարեկամներուն Հետ` Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կեդրոնին Մէջ

Հանդիպում Արցախի Բարեկամներուն Հետ` Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կեդրոնին Մէջ

14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐՑԱԽ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

12 հոկտեմբերին, Արցախի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոն այցելած են Արցախի բարեկամներու համաժողովի մասնակիցներ Հարաւային Ամերիկայէն, Չիլիէն` Ռիքարտօ Նունեզ եւ Արժանթինէն` Ռուպեն Ճուսթինիան: Այցելուներուն կ՛ընկերակցէին Ընկերվար միջազգայնականին մօտ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Մարիօ Նալպանտեան եւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ:

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հիւրերը ընդունած են ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ողջունած է հիւրերը եւ տեղեկացուցած է համաժողով մասնակիցներուն տպաւորութիւններուն մասին:

Չիլիի Ընկերվարական կուսակցութեան առաջնորդներէն Ռիքարտօ Նունեզ կարեւոր նկատած է համաժողովի աշխատանքներու յարատեւումը եւ նման համաժողովներու պարբերաբար կայացումը: Ան ընդգծած է Արցախի ժողովուրդի պայքարի միջազգային արժէքը, քանի որ Արցախի ժողովուրդը կը պայքարի համամարդկային արժէքներու համար:

Արժանթինի Ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավարներէն Ռուպեն Ճուսթինիան շեշտած է, որ Արցախի պայքարը լայն տարածում կրնայ ունենալ Հարաւային Ամերիկայի մէջ, քանի որ այդ երկրամասի ժողովուրդները անցած են ազատագրական պայքարի ուղին եւ իրենց համար հոգեհարազատ են այդ պայքարի ուղին անցած ժողովուրդի ապրումներն ու ցանկութիւնները:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան նշած է, որ վերջերս Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ իր Հարաւային Ամերիկա այցելութենէն ետք կ՛ակնկալուի, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ Արցախը պէտք է իր պաշտօնական ներկայացուցիչը ունենայ: Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէ ներկայացուցիչները համաժողովը կարեւոր նկատած են այն առումով, որ անոր իւրաքանչիւր մասնակից զգացած է, որ ինքը մինակ չէ եւ կը սատարէ Արցախի դատին:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան համոզմունք յայտնած է, որ համաժողովը համաշխարհային մակարդակով ցանցի ստեղծման հարթակ կրնայ հանդիսանալ, որ պարբերաբար տեղեկութիւններ կը ստանայ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մասին եւ կը կարենայ իր առաջարկներով եւ դիտարկումներով նպաստել Արցախի յառաջընթացին: Ան հաստատած է, որ համաժողովի աշխատանքները շարունակական պիտի ըլլան:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/461666

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail