Արմէն Ռուստամեանը` Արցախի Բարեկամներուն. «Պատուոյ Տախտակին Ձեր Անունները Ոսկիէ Տառերով Պիտի Գրէ Հայ Ժողովուրդը»
14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐՑԱԽ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
Հայ դատի համար պայքարի պատմութեան տախտակը պիտի ըլլայ պատուոյ տախտակ, որուն վրայ պիտի գրուին բոլորիդ անունները. «երկիր» կայքի փոխանցումով` Արցախի բարեկամներու «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» համաժողովի մասնակիցներուն ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը` Ստեփանակերտի մէջ:
«Հայ ժողովուրդը ուրացող ժողովուրդ չէ, մինչեւ հիմա կը յիշէ իր արդար դատը պաշտպանող ամէնէն փոքր իսկ քայլերը: Պատմութիւններ ունինք մարդոց մասին, որոնք, չըլլալով հայ, հայ ժողովուրդի վէրքին դարման դրած են, եւ մարդիկ անգամ իրենց երեխաներուն անունները դրած են այդ մարդոց անուններով: Այսինքն, հայ ժողովուրդը ձեր անունները պատուոյ տախտակին պիտի գրէ ոսկեայ տառերով», ըսաւ ան:
Մինչդեռ Ազրպէյճանը, անոր համաձայն, պէտք է հասկնայ, որ ատելութիւնը, որ կը սերմանէ, իրեն պիտի վերադառնայ:
«Դահլիճին մէջ գտնուողները մարդիկ չեն, որոնք եկած են խօսելու` յետոյ գործելու, այլ անոնք, որոնք գործած են` յետոյ եկած են իրենց փորձը փոխանցելու», ըսաւ ան: Լաւ է, որ զիրար ճանչցան, որպէսզի ամէն մէկը իր երկրին մէջ ինքզինք մինակ չզգայ:
«Մեր պայքարը ինչո՞ւ այսպէս թափ կը հաւաքէ, որովհետեւ այն արժեհամակարգը, որ կը կիսենք ամէն մէկս մեր երկրին մէջ, ատիկա բոլորիս համար հարազատ է: Այդ արժեհամակարգի հիմքը հանդիսացող երկու կարեւոր տարրեր` արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը, բոլորիս հարազատ են:
Այս քննարկումները յստակօրէն ցոյց տուին` ի՛նչ կարելի չէ ընել, որ հեռանանք արդարութենէն եւ խաղաղութենէն եւ ի՛նչ պէտք է ընել` մօտենալու համար անոնց», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:
Ազրպէյճանը իր մեկուսացման, «սեւ ցուցակ»-ներու քաղաքականութեամբ, անոր համոզումով, ոչ մէկ կապ ունի արդարութեան եւ խաղաղութեան հետ. «Այդպէս վարուողը միայն պատերազմը կը մօտեցնէ»:
««Սեւ ցուցակ»-ի մէջ Ազրպէյճանը ամբողջ հայ ժողովուրդը դրած էր, դուք մինակ չէք: Տասնամեակներ այդ «սեւ ցուցակ»-ներով Ազրպէյճանը կը փորձէ շրջափակել հայ ժողովուրդը: Այդ առումով` պէտք է կոչ ընեմ բոլոր երկիրներուն, որոնք կամայ թէ ակամայ ջուր կը լցնեն այդ ջրաղացին, որ կոչ կ՛ընեն` չերթալու Արցախ, որովհետեւ խնդիրներ կ՛ունենան դիւանագիտական մակարդակով, եթէ այդ տրամաբանութիւնը շարունակեն` այդ երկիրները կը դառնան մեկուսացման քաղաքականութեան մասնակիցներ` ըստ էութեան այն շրջափակումը, որուն դէմ պէտք է պայքարին, այդ շրջափակումը կ՛ամրապնդեն: Ամէն մէկս, երբ երթանք` ատիկա պէտք է փոխանցենք մեր կառավարութիւններուն», ըսաւ ան:
aztagdaily.com/archives/461668