Սուրիական Բանակը Վերահսկողութեան Տակ Կ՛առնէ Սուրիոյ Հիւսիսային Քրտաբնակ Շրջանները
14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՍՈՒՐԻԱ – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՌԱԳՈՅՆ․,- Պաշտօնական Դամասկոսի ու Սուրիոյ քրտական ինքնավարութեան ներկայացուցիչներու միջեւ կնքուած համաձայնագիրի հիման վրայ՝ քրտաբնակ տարածքները կ՛անցնին Սուրիոյ կառավարական բանակի հսկողութեան տակ:
Սուրիական բանակը Մունպեճի մէջ բարձրացուցած է սուրիական դրօշը։ Անոնք կը շարժին դէպի Րաքքա։
Սուրիական կառավարական ուժերը Գամիշլիի եւ Հասիչէի մէջ SDF-ի (Սուրիոյ ժողովրդական ուժերը, ուր կը գերակշռեն քիւրտերը) բոլոր կեդրոնները առած են իրենց հսկողութեան տակ՝ ողջ նահանգի մէջ տարածուելու նպատակով։
Սուրիական բանակի տեղաշարժը արդէն մեկնաբանած են Անգարայի մէջ:
Էրտողանի խորհրդական Աքթայը չէ բացառած, որ կրնան բախումներ տեղի ունենալ սուրիական զօրամիաւորումներու հետ:
yerakouyn.com/2019/10/14/սուրիական-բանակը-վերահսկողութեան-տա/