Արցախի Ճակատագիրը Չի Կրնար Որոշուիլ Առանց Անոր Մասնակցութեան. Բակօ Սահակեան

Արցախի Ճակատագիրը Չի Կրնար Որոշուիլ Առանց Անոր Մասնակցութեան. Բակօ Սահակեան

14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐՑԱԽ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Արցախի ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ առանց անոր մասնակցութեան, յայտարարեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովի ընթացքին։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՓանԱրմինիըն»։

Ան ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան պետականաշինութեան տեսլականը եւ արտաքին քաղաքական հրամայականները:

«Անկախ, ինքիշխան, հզօր պետութիւն կերտելը մեզի համար եղած եւ կը մնայ մեր պետականաշինութեան հիմքը, որուն հիմնասիւներէն են Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ մեր եռամիասնութիւնն ու ժողովրդավարական արժէքներուն ու սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալը:

Մեզի համար կարեւորագոյն հրամայական է Արցախի անվտանգութեան լիարժէք ապահովումը բոլոր հարթութիւններու վրայ: Մեր անվտանգութեան չնչին իսկ թուլացումը հակառակորդին մօտ կ՛առաջացնէ նոր յարձակումի դիմելու գայթակղութիւն, որ յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով: Այդ իսկ պատճառով` անվտանգութեան խնդիրները առաջնային են նաեւ բանակցային գործընթացի մէջ:

Խօսելով բանակցային գործընթացէն` կ՛ուզեմ կրկին վերահաստատել, որ մենք կողմնակից ենք Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման բանակցային սեղանի շուրջ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հովանիին տակ: Այստեղ լուրջ յաջողութիւններ արձանագրելը անհնար է առանց բանակցային գործընթացի լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման` Արցախի լիիրաւ մասնակցութեամբ: Ակնյայտ է, որ Արցախի ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ առանց անոր մասնակցութեան, եւ մեզի համար անցեալին վերադարձ չի կրնար ըլլալ ` թէ կարգավիճակի եւ թէ սահմաններու առումով»,-ըսած է Սահակեան:

Ան աւելցուցած է, որ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մէկ հիմնականը կը շարունակեն մնալ հաւասարակշռուածութեան եւ բազմաուղղուածութեան սկզբունքները: «Մեզի համար հրամայական է հաւասարապէս բարիդրացիական յարաբերութիւններու պահպանումը ինչպէս Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ, այնպէս ալ տարածաշրջանային պետութիւններու հետ: Ատիկա պայմանաւորուած է ինչպէս մեր տարածաշրջանի իւրայատկութեամբ, այնպէս ալ հայկական սփիւռքի առկայութեամբ:

Իւրաքանչիւր ժամանակահատուած կ՛առաջադրէ նոր խնդիրներ, կը պահանջէ տարբեր մարտահրաւէրներու դէմ դնելու ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան յստակեցում ու ճշգրտում: Այստեղ առանցքային դերակատարութիւն ունի Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք սերտ փոխգործակցութիւնը, Արցախի եւ անոր բարեկամներու միջեւ մշտական գործնական կապերու ամրապնդումը»,-ըսած է Արցախի նախագահը:

yerakouyn.com/2019/10/11/արցախի-ճակատագիրը-չի-կրնար-որոշուիլ-ա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail