ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Նոր Հայաստանը Եւ Պահպանողական Սփիւռքին Յեղափոխականացումը
11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՕՐՈՒԱՅ ՍԼԱՔ:
Արցախի ազգային-ազատագրական շարժման 1988ի շղթայազերծումէն եւ Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութեան 1990ի վերականգնումէն ասդին, հայ քաղաքական միտքը իր կորուսեալ կիզակէտը՝ գաղափարական ծանրութեան մոռացեալ կեդրոնը վերագտնելու երբեմն մեղմ, երբեմն բուռն տարերքին մէջ է:
Խորհրդային կայսերապետութեան վերջալոյսին զուգադիպելով՝ հայ ժողովուրդին նորագոյն շրջանի զարթօնքը բնականաբար պիտի կրէր եւ ըստ ամենայնի կրեց հանրապարտադիր դրոշմը իր ժամանակի վերիվայրումներուն՝ էապէս հայ ազգային խմորումներուն զուգահեռ ենթարկուելով համաշխարհային ցնցումներու եռեւեփումին:
Առանձին քննարկումի արժանի է այն օրակարգը, թէ «Միացում» բնաբանով ճամբայ ելած Արցախեան պահանջատիրական պոռթկումէն ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս հայ քաղաքական միտքը յանգեցաւ ինքնարժէք զոյգ հանրապետութիւններով 21րդ դար մուտք գործելու ռազմավարական արեւելումին:
Նոյնպէս առանձին արժեւորման կը կարօտի մինչեւ 1990ականները միս ու ոսկոր կապած Հայկական Սփիւռքի ներ-խորհրդային եւ արտախորհրդային հայօճախներուն ազգային-քաղաքական ինքնորոնումներու եւ գաղափարական-կազմակերպական ինքնահաստատման օրակարգը:
Այստեղ խօսքը կը վերաբերի «Համահայկական Օրակարգ» բանաձեւելու առաջադրանքին եւ կը կեդրոնանայ այդ օրակարգով առաջնորդուելու, անոր շուրջ համախմբուելու, այլեւ անոր կենսագործումը առաջնահերթ հրամայական դաւանելու հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ գաղափարական աշխուժացման վրայ:
Անմիջապէս կ՛արժէ նշել եւ շեշտել, որ ի Հայաստան թէ սփիւռս հայաշխարհի՝ տակաւին տեսանելի չէ մէկ ու միացեալ, այլեւ ներդաշնակ ու ընդհանրական պատկերացումը «Համահայկական Օրակարգ»ին: Նոյնիսկ եթէ քսան տարի ետ երթանք եւ այդ հեռաւորութենէն գալով ուշադիր հետեւինք իրերայաջորդ Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական Համաժողովներու «վեհաշուք» բանաձեւներուն, դարձեալ պիտի կանգնինք դատարկ դաշտակի առջեւ, ինչպէս որ դիպուկ բանաձեւով կը սիրէ ըսել արեւելահայը:
Այսինքն՝ «Համահայկական Օրակարգ»ին անունը կայ, ինքը դեռ չկայ…
Քսաներորդ դարու երրորդ տասնամեակի սկիզբէն մինչեւ իններորդ ու վերջին տասնամեակին աւարտը, հայ քաղաքական միտքը շատ դժուարին ճանապարհ կտրեց՝ մինչեւ որ կրցաւ որոշ չափի համախոհութիւն առաջացնել «ամբողջական Հայաստան‘ ամբողջական հայութեամբ» բանաձեւով ընկալելի եւ ընդունելի «Համահայկական Օրակարգ»ին շուրջ, եւ այդ՝ ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայութեան գաղափարականօրէն իրերամերժ հատուածներու տարածքին, այլեւ՝ նոյնինքն մայր Հայաստանի ազգային-քաղաքական միջավայրը բնորոշող տարակարծիք ուժերուն, շրջանակներուն եւ դէմքերուն մօտ:
Պատահական չէր, որ «Համահայկական Օրակարգ»ի առաջադրանքը հրատապ կարեւորութեամբ սեղանի վրայ դրուեցաւ այն պահէն, երբ թաւշեայ յեղափոխութեամբ նուաճուած նոր Հայաստանի մէջ վերջ տրուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան հիմնարկին եւ, անոր փոխարէն, կեանքի կոչուեցաւ սփիւռքեան հարցերով վարչապետի խորհրդականի՝ յանձնակատարի գրասենեակը:
Նոյնպէս պատահական չէր, որ նորահաստատ իշխանութեան կողմէ կատարուած նախաձեռնութիւնը՝ Սփիւռքի նախարարը Սփիւռքի յանձնակատարով փոխարինելու նորամուծութիւնը ընկալուեցաւ իբրեւ Սփիւռքի կարեւորութիւնը թերագնահատելու դիտաւորութիւն՝ համապատասխանաբար անկեղծ մտավախութիւններ առթելով: Բայց անկեղծ թէ հրձիգ մտավախութիւններէն անդին անհրաժեշտ քննարկումն ու արժեւորումը չկատարուեցան առնուած քայլին վերաբերեալ՝ ստուգելու համար, թէ «Համահայկական Օրակարգ»ի ուղղութեամբ ի՛նչ նշանակութիւն ունէր եւ ի՛նչ անդրադարձ կրնար ունենալ խնդրոյ առարկայ քայլը:
Վարչապետ Փաշինեանի Լոս Անճելըս այցելութիւնը եւ յատկապէս ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կ. կոմիտէին հետ հանդիպումը օգնեցին, որպէսզի սեղանի վրայ բերուի, «Համահայկական Օրակարգ»ի կենսագործման մէջ, Հայաստան-Սփիւռք ամբողջացման գործօնի տեղին ու դերին վերաբերեալ քաղաքական-ռազմավարական հայեցակարգի մշակման եւ գործարկման հրամայականը:
Հայաստանի եւ Արցախի ներքաղաքական ընթացիկ խմորումներէն եւ զարգացումներէն անդին, հայ քաղաքական միտքը կը դիմագրաւէ շուրջ երեսնամեակէ մը ի վեր խմորուող, բայց համահայկական օրակարգի առումով բիւրեղացման չյանգած Հայաստան-Սփիւռք ամբողջացման ուղին հարթելու մարտահրաւէրը:
Դժուարութիւնը չի գար միայն հայրենի հայութեան մօտ Սփիւռքի ընկալման եւ պատկերացման իմաստով տակաւին յամեցող կարծրատիպներէն, ինչպէս նաեւ արտերկրի հայութեան նկատմամբ Հայաստանի պետութեան ունեցած պատասխանատուութեան մասին հայրենաբնակ հայուն տարտամ ըմբռնումէն:
Խոր արմատներ ունի դժուարութիւնը նաեւ ու մանաւանդ այն առումով, որ Սփիւռքի հայութեան մօտ ոչ միայն կը յամենան Հայաստանի եւ հայրենի հայութեան վերաբերեալ խորհրդային դարաշրջանի վերապահութիւնները, այլեւ որովհետեւ Հայկական Սփիւռքը նորովի կանգնած է պահպանողական իր սովորամոլութենէն սթափելու եւ նոր ժամանակներու ու պայմաններու ոգիով յեղափոխական զարթօնք նուաճելու մարտահրաւէրին առջեւ:
Սփիւռքի պարագային ետ պէտք է երթալ մինչեւ 1970ականներու սկիզբը՝ գիտնալու եւ սորվելու համար, որ ատենի երիտասարդ սերունդը, յատկապէս Լիբանանի մէջ, «մշակոյթ ծամող» հայապահպանումի գաղափարախօսութեան հակադրաբար՝ Սփիւռքի հայութեան առջեւ պարզեց յեղափոխականացման ուղին, որուն պսակումը եղան Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումն ու հայ յեղափոխական աւանդներու վերածնունդը:
1986ին միջազգային ճնշումներու հետեւանքով դադրեցուած այդ զարթօնքին ազգային-քաղաքական լիարժէք գնահատումը դեռ չկատարած՝ հայ քաղաքական միտքը 1987-1988ին յայտնուեցաւ հայրենի կենսոլորտի պաշտպանութեան եւ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու երիտասարդական-համաժողովրդային բողոքի ու պայքարի պատմակերտ ըմբոստացումներու խաչմերուկին վրայ:
Արցախի ազատագրութեան եւ Հայաստանի վերանկախացման պայքարներու արգասիքը ազգովին արդէն կը վայելենք: Հայ Դատի ուժական պայքարով նուաճուած Հայկական Պահանջատիրութեան միջազգային այժմէականացումը աւելիով ամրապնդուեցաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային պահանջատիրական դիրքորոշումներով: Բայց մտահան չընենք, որ Արցախի ազատագրումին միջազգային ճանաչման եւ Հայաստանի վերանկախացումին լիարժէք յաղթանակով պսակումը տակաւին կը սպասէ Պետական մեր Տան ինքնամաքրումին, պետութենէն գողանալով բարօր կեանք ձեռքբերելու խորհրդային ԱՐԱՏէն լրիւ ազատագրուելուն:
Ինչպէս որ հայ քաղաքական մտքի սփիւռքեան հոսանքները դժուարութիւն ունին հաղորդակից ըլլալու Հայաստանի պետութեան ազգային-քաղաքական հիմնական օրակարգին, որ ժողովուրդին համարատու Հայ Պետական Տան ինքնամաքրումն է, այնպէս ալ հայրենի քաղաքական մտքի յառաջապահ հոսանքները կը դժուարանան խորաչափելու տարողութիւնը հայապահպամնան հինցած ու մաշած զէնքերը նորոգելու, վերաշխուժացնելու կոչուած յեղափոխական ոգիով հայապահպանումին, որուն այբուբենը Սփիւռքցի Հայուն կերտումն է:
Համահայկական Օրակարգը կենսագործելու տարբեր ուղի գոյութիւն չունի:
Հայրենի հայութիւնը ի վերջոյ պիտի անդրադառնայ, որ առանց հայապահպանումի նորօրեայ գաղափարախօսութեան եւ համապատասխան արդիական զէնքերու‘ մենք փաստացի գիծ քաշած կ՛ըլլանք ոչ միայն աւանդական Սփիւռքին, այլեւ վերջին 30ամեակին, Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, հայրենիքէն արտագաղթած մեր սերունդներուն վրայ, որոնց հայեցի նոր կերպարին ինքնուրոյն կազմաւորումը ռազմագիտական բախտորոշ նշանակութիւն ունի նոյնինքն հայրենի հայութեան գոյատեւումին եւ դարու կշռոյթով զարգացման համար:
Իսկ սփիւռքեան կողմն հայաշխարհի, արմատական վերանորոգման հրամայականին տակ են սերունդներու ծով զոհաբերութեան գնով կեանքի կոչուած մեր դպրոցներն ու ակումբները, որոնք արդէն յոգնած են եւ ուժասպառ: Սփիւռքը շարունակ կ՛աճի եւ կ՛ուռճանայ, բայց համապատասխան արդիականութեամբ վերանոգման ի վիճակի չեն մեր կազմակերպ կառոյցներն ու առաջատար գաղափարներն ու հայապահպանման յեղափոխական զէնքերը:
Ինչպէս որ նոր Հայաստանի կենսագործման ճամբուն վրայ մեր ժողովուրդը ի վիճակի եղաւ դարու շունչով յեղափոխական ոստում իրագործելու, նոյնպէս եւ հայաշխարհի բոլոր օճախներուն մէջ, հայոց վերանորոգ պետականութեամբ եւ արդիական վերակազմակերպման մարտահրաւէրը դիմագրաւող իր կառոյցներով‘ պահանջատէր հայութիւնը կոչուած է տէր կանգնելու հայապահպանման համազգային մեծագոյն պայքարին՝ Համահայկական Օրակարգի նորօրեայ կիզակէտին ու ծանրութեան կեդրոնին, ե՛ւ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ Սփիւռքի տարածքին:
asbarez.com/arm/355138/Նոր-Հայաստանը-Եւ-Պահպանողական-Սփիւռք/