16 նոյեմբեր 2015
Թուրքիոյ համշենահայ կանայք հրապարակաւ իրենց աջակցութիւնը արտայայտած են քիւրտերու կողմէն յայտարարուած ինքնավարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով ‘Bestanuce1.com’ լրատուակայքը:
Աղբիւրին համաձայն` Սթամպուլի մէջ գործող համշենահայկական ՀԱՏԻԿ միութեան անդամ Էլիֆ Ալթունքայեան իրենց հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Սուրի, Ճիզրէի, Սիլուանի, Վարթոյի եւ այլ քաղաքներու մէջ հռչակուած ինքնավարութեան կարիքը ամենաշատը կը զգան սեւծովեան ժողովուրդները եւ ըսած. «Ծովի զաւակներն ու լերան զաւակները, ձեռք ձեռքի տուած պայքարելով, պէտք է տէր կանգնին ինքնավարութեան»:
Թուրքիոյ Արեւելասեւծովեան շրջանին մէջ կկը փորձեն ոչնչացնել համշենահայերու լեզուն, մշակոյթը, գետերն ու եայլաները: Էլիֆ Ալթունքայեան ընդգծած է, որ այդ պատճառով ինքնավարութիւնը յարմար ղեկավարման ձեւ պիտի ըլլայ առաւելապէս իրենց բնութեան ու լեզուին տէր կանգնած սեւծովեան ժողովուրդներուն:
Էլիֆը նաեւ յայտնելով, որ իր մայրենի լեզուն ու մշակոյթը սկսած է յայտնագործել համալսարանական տարիներուն, շեշտած է նաեւ, թէ ինքը ազդուած է քիւրտ ժողովուրդի` ազատութեան համար մղած պայքարէն:
Համշենահայ կինը նաեւ ըսած է. «Քրտախօս ընկերներս կը պայքարէին իրենց մայրենի լեզուի համար: Մեր տունն ալ այլ լեզուով կը խօսէին: Մենք նախ այդ լեզուն սորված ենք. ինչո՞ւ անիկա կրթութեան լեզու չըլլայ մեզի համար»:
Էլիֆը նշելով, որ այնուհետեւ Սթամպուլի մէջ բացուած է ՀԱՏԻԿ համշենահայկական միութիւնը (անիկա բացուած է 2011 թ.- Ակունքի խմբ.), յայտնած է. «Քիւրտերը ցոյց տուին ինքնակազմակերպման նշանակութիւնը»:
Նաեւ շեշտելով, որ 1915 թ. Հայոց Ցեղասպանութեան ահաբեկման քաղաքականութեան հետեւանքները զգալի եղած են նաեւ համշենահայ քաղաքացիներու վրայ, ան նշած է. «Համշենահայերէնը հայերէնի բարբառներէն մէկն է, եւ հայերը ենթարկուած են կոտորածի: Արդէն իսկ երկար տարիներ այդ ուղղութեամբ որեւէ պայքար չէ եղած: Սակայն քիւրտերու պահանջներն ու պայքարը բոլոր ժողովուրդներուն ցոյց տուին, թէ որքան կարեւոր է ինքնակազմակերպումը: Ներկայիս Սեւծովեան շրջանը կը թալանուի` առանց հաշուի առնուելու այնտեղի ժողովուրդները: ՀԵԿ-երու նախագիծերը, թէյի վրայ դրուած քուէները ցոյց կու տան տուեալ շրջանի ամէն մէկ բնակիչի կենսապայմաններու բարդացումը: Այսինքն` ինքնավարութեան կարիքը ամենաշատը մենք ունինք: Համշենցի քաղաքացիներու լեզուի, մշակոյթի եւ բնութեան պահպանման միակ ուղին ինքնավարութիւնն է: Քիւրտիստանի մէջ հռչակուած ինքնավարութիւնը պէտք է օրինակ ծառայէ համշենցի քաղաքացիներու համար: Թուրքիոյ մէջ օտար համարուած ժողովուրդները այլընտրանք չունին` ինքնակազմակերպումէն բացի: Մեր բնութեան եւ ինքնութեան տէր կանգնելու համար մենք եւս պէտք է դնենք ինքնավարութեան հիմքերը»:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/