Սուրիացի Բանակայիններ Կը Տեղակայուին Հիւսիսային Սուրիոյ Կարգ Մը Շրջաններուն Մէջ

Սուրիացի Բանակայիններ Կը Տեղակայուին Հիւսիսային Սուրիոյ Կարգ Մը Շրջաններուն Մէջ

15 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՍՈՒՐԻԱ – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սուրիական կառավարութեան եւ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւն լոյսին տակ, 13 հոկտեմբերի ուշ երեկոյեան եւ 14 հոկտեմբերին սուրիական բանակը մուտք գործեց Հասաքէ ու Գամիշլի, հոնկէ` Թալ Թամըր շրջան` Ռաս Ուլ Այնի արեւելքը գտնուող, ինչպէս նաեւ Մընպեժ եւ Արաբունար շրջաններ:

«ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը մտաւ եւ Սուրիոյ դրօշակները բարձրացուց նաեւ Ռաքքայի կարգ մը գիւղերուն եւ շրջաններուն մէջ:

«Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը այսպիսով արգելք պիտի ըլլայ Թուրքիոյ` սուրիական շրջաններ թափանցումին: Քրտական աղբիւրներ յայտնած են, որ իրենց եւ սուրիական բանակին միջեւ ամբողջական համադրում կատարելու համաձայնութիւնը արդէն սկսած է գործադրուիլ գետնի վրայ` ռուսական երաշխաւորութեամբ:

***

ՕԹԱՆ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ թրքական գործողութիւնները կը յուշեն, թէ կացութիւնը աւելի պիտի սրի շրջանին մէջ` տեղի ունեցողը վտանգաւոր նկատելով:

Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց անդամ պետութիւններուն` Թուրքիոյ զէնքի վաճառքի կասեցման հաստատ որոշում տալու, ինչպէս նաեւ Թուրքիայէն պահանջեց կասեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ իր ուժերը հեռացնել Սուրիոյ հիւսիսէն:

Եւրոպական Միութիւնը դատապարտեց թրքական գործողութիւնները` զանոնք նկատելով շրջանին համար իսկական սպառնալիք եւ հարուած անոր կայունութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում գտնելու ջանքերը տապալող քայլ: Ան շեշտեց, որ այսպիսով կը կրկնապատկուի սուրիացի քաղաքայիններուն մղձաւանջն ու տառապանքը, ինչպէս նաեւ դժուարութիւններ կը ստեղծէ անոնց օժանդակութիւն մատակարարելու:

***

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դիտել տուաւ, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերը հաւանաբար դիտմամբ ազատ կ՛արձակեն ՏԱՀԵՇ-ականները, որպէսզի պարտադրեն Միացեալ Նահանգներուն` միջամտելու, թրքական վերջին գործողութիւններու լոյսին տակ:

«Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ Թրամփ գրեց, որ բաւական մեծ ու ծանր պատժամիջոցներ պիտի որդեգրուին ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ դէմ, սակայն Միացեալ Նահանգներ անոր դէմ պատերազմ պիտի չմղեն:

***

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` անդրադառնալով Դամասկոսի եւ քրտական խմբաւորումներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան` Թուրքիոյ սահմանին վրայ սուրիական ուժերու տեղակայման գծով, յայտարարեց, որ Արաբունար շրջանին մէջ հարցեր պիտի չստեղծուին, որովհետեւ անոր ազատագրումէն ետք անոր իսկական տէրերը պիտի մտնեն շրջան:

Ան դիտել տուաւ, որ Ռուսիա դէմ չէ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններու ընդլայնման` դէպի Արաբունար:

Միաժամանակ Էրտողանը յայտարարեց, որ թուրքական զօրքը Մընպեժ պիտի չմտնէ: «Ներկայիս շշուկները շատ են, բայց դեսպանատան միջոցով մենք գիտենք, որ Ռուսիա դրական մօտեցում ունի Արաբունարի հարցին գծով: Մենք բանակցութիւններ կը վարենք Ռուսիոյ հետ` ռազմական եւ դիւանագիտական մակարդակով: Մընպեժը դեռ մաքրուած չէ քրտական խմբաւորումներէն, ինչպէս խոստացած էին ընել Միացեալ Նահանգներ, բայց Թուրքիան հոն մուտք պիտի չգործէ, այլ հոն պիտի մտնեն իրական տէրերը` արաբները, եւ մեր գործն է ապահովել անոնց անվտանգութիւնը», նշեց Էրտողան:

Ակնարկելով Միացեալ Նահանգներու յայտարարութիւններուն` Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու առնչութեամբ, Էրտողան յայտարարեց, որ անոնք, որոնք այդպէս կը մտածեն ու կը կարծեն, թէ այսպիսով Թուրքիա կրնայ նահանջել, չարաչար կը սխալին:

Խօսքը ՕԹԱՆ-ին ուղղելով` Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ, որ անիկա չի զօրակցիր Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ռազմական գործողութիւններուն, ուստի կանգնած է դժուար ընտրութեան առաջ` կա՛մ ըլլալ Անգարայի հետ, կա՛մ միանալ ահաբեկիչներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը: Ան հարց տուած է, որ ՕԹԱՆ որո՞ւ կողքին կ՛ուզէ ըլլալ` Թուրքիո՞յ, թէ՞ ահաբեկիչներուն:

Միեւնոյն նիւթին անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու` հաստատելով, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կատարուող գործողութիւններուն նպատակը սուրիացի գաղթականները ապահով իրենց երկիրը վերադարձնելն է: «Եթէ մենք վախնայինք պատժամիջոցներէն, չէինք սկսեր գործողութիւններուն: Մեզի համար ասիկա ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէ կենսական նշանակութիւն ունեցող հարց է», շեշտեց Չաւուշօղլու:

***

Քրեմլին դիտել տուաւ, որ տագնապի երկու կողմերը հրաւիրած է զգուշանալու կացութեան վատթարացումէն եւ քաղաքական հոլովոյթին վնասելէ: Ան հաստատեց, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա մնայուն կապի մէջ են բոլոր մարզերուն գծով, նաեւ` ռազմական:

Ռուսական պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ թրքական կողմին հետ ոչ մէկ համաձայնութիւն կայ ընդարձակելու ռազմական գործողութիւններու ծիրը: Ան նաեւ նշեց, թէ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն պատկանող Քրտական ինքնակառավարման խորհուրդը անկարող է իր տիրապետութեան տակ եղող շրջաններու բնակիչները պաշտպանելու` ամերիկեան աջակցութիւնը կորսնցնելէ ետք:

***

«ՍԱՆԱ» կը հաղորդէ, որ շուրջ 150 ամերիկացի զինուորներ եւ օտար ուժեր սուրիական հողերէն դէպի Իրաք ուղղուեցան:

***

Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը` վերլուծելով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, գրած է, որ «Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յաջողեցաւ ընել այն, ինչ որ շատեր ձախողեցան ընել: Արդարեւ, ան բոլոր պետութիւններն ու ուժերը համախմբեց իրեն դէմ` անխոհեմ իր քայլով, որ ամբողջ շրջանի կայունութեան հարուած կը հասցնէ»:

Ըստ թերթին, ինքզինք ուժեղ կարծող Էրտողան, որ տարբեր առիթներով յայտարարած է, թէ աշխարհին դէմ առանձին կրնայ կանգնիլ, ներկայիս իսկապէս մինակ է իր այս գործողութեամբ:

ԿԻԼԻԿԻՈՅ- բարձրանանք Սիսի բերդը

aztagdaily.com/archives/461855

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail