Հայաստանի Քիւրտերը Ցոյց Կազմակերպած են ԱՄՆ Դեսպանատան Դիմաց
16 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի քիւրտերը Հոկտեմբեր 15-ին հանրահաւաք կազմակերպած են ԱՄՆ դեսպանատան դիմաց։ Քրտական համայնքը կը դատապարտէ գերտերութիւններու անտարբերութիւնը` Սուրիոյ մէջ քիւրտերու նկատմամբ թրքական բանակի յարձակումներուն հանդէպ: Անոնք ԱՄՆ դեսպանին փոխանցեցին նամակ, ուր կը նշուի նաեւ իրենց յորդորը, կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը։
«Բոլորս մէկ մարդու նման կը դատապարտենք թրքական իշխանութիւններու ցեղասպան, մարդասպան քաղաքականութիւնը: Եւ կոչ կ՛ընենք ամբողջ աշխարհի միջազգային հանրութեան, գերտերութիւններուն` մէկ անգամ 1 վայրկեանով ձգել իրենց գերակայ շահերը, քարիւղային եւ ռազմական մթերքներ ծախելու շահերը եւ բռնել թուրքերուն արիւնոտ, ցեղասպան ձեռքը եւ ըսել` բաւական է 100 տարին մէկ ցեղասպանութիւն ընել տարբեր ժողովուրդներու նկատմամբ»,- ըսած է ՀՀ Ազգային ժողովի քիւրտ պատգամաւոր Կնեազ Հասանով:
Ան նշեց` թրքական իշխանութիւնները այսօր որդեգրած են ողջ աշխարհի քիւրտերը վերացնելու քաղաքականութիւն, կ՛ուզեն քրտական հողերը վերցնել եւ այնտեղ տեղաւորել 3 միլիոնէ աւելի իսլամիստներ:
«Քիւրտիստան» կոմիտէի նախագահ Սլօ Դրբոյեան Հայաստանի քրտական համայնքին կողմէ նամակը յանձնեց ԱՄՆ դեսպանատան աշխատակիցներուն, որոնք խոստացան աւելի ուշ անոր անպայման պատասխանել:
Դրբոյեան «Արմենփրես»-ին յայտնած է, որ նամակին մէջ շարադրած են իրենց պահանջները: «Նամակով մեր պահանջն է` փակել Թուրքիոյ օդային ճանապարհները»,-ըսած է ան ու աւելցուցած՝ ատկէ ետք պէտք է քայլեր ձեռնարկել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի այդ քաղաքականութեան դէմ պայքարելու համար:
Հանրահաւաքի մասնակիցները բռնած էին իրենց ազգակիցներու նկարները, անոնք կը վանկարկէին` «Էրտողան` մարդասպան»:
yerakouyn.com/2019/10/15/հայաստանի-քիւրտերը-ցոյց-կազմակերպած/