Խմբագրական. Հիմնադիր Համաժողով Եւ Նոր Շրջափուլ. 11 Հոկտեմբեր, Ստեփանակերտ
16 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – Խմբագրական:
11 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Արցախի բարեկամներու համաժողովը խորքին մջ նոր շրջափուլ կ՛ապահովէ Արցախի թէ՛ ճանաչելիութեան եւ թէ՛ ճանաչման աշխատանքներուն մէջ:
30 երկիրներէ պետական, հասարակական, մշակութային թէ տեղեկատուական 150 գործիչներու համախմբումը Արցախի մէջ ելակէտային նշանակութիւն ունի հետագայ գործունէութեան իմաստով:
Հայկական իրականութեան մէջ Հայ դատի կառուցակարգը` կեդրոնական, տարածաշրջանային եւ տեղական յանձնախումբերով ու գրասենեակներով, համակողմանի համոզում գոյացուցած է, որ անիկա եզակի այն ցանցային համակարգն է, որ իրար լրացնող իրազեկումներով, արագ հակազդելու իր բազմաթիւ փաստերով, արհեստավարժ մարդուժի շտեմարանով, նախաձեռնողականութեան բազմաթիւ օրինակներով ո՛չ միայն համայնքներու շահերէն մեկնած առաւելներ կ՛արձանագրէ տարբեր պետութիւններու մօտ, այլ նաեւ ամէնէն հիմնական գործօնը կը հանդիսանայ մեր զոյգ հանրապետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան սատարելու առումով:
Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւեր, ժխտումի քրէականացման օրինագիծեր, կրօնական ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային իրաւաչափութիւններուն ընդառաջ հատուցման աննախադէպ որոշումներ, Հայաստանի Հանրապետութեան ապահովուելիք օժանդակութիւններ, Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը դատապարտող կոչեր, Ազրպէյճանի օժանդակութիւնը կրճատող ստորագրահաւաքներ եւ Արցախին օժանդակութիւն ապահովող նախահաշիւներու քուէարկութիւններ` կը կազմեն Հայ դատի գործառոյթներու եւ նուաճումներու հանրագումարին գլխաւոր ուղղութիւնները: Այդ հանրագումարի ներկայացումը դիւրութեամբ կը համոզէ հետեւողը, որ Հայ դատի աշխատանքներու փայլուն կատարողականութիւնը հայկական աշխարհի քաղաքական գործունէութեան ամէնէն արդիւնաւէտ բաժինները կը կազմեն:
Իրերայաջորդ իշխանութիւններ, պետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները իրականացնելու համար անպայման կարիքը ունին Հայ դատի համակարգի նեցուկին: Մեր երկու հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններն ու Հայ դատի համակարգը ներառած աշխատակարգը վաստակած են աւանդ եւ յստակ առաւելներ ձեռք բերած մեր երկու հակառակորդներուն վրայ, զանազան առիթներու:
Այսօրուան աշխարհակարգը տարբեր ոլորտներու համար կ՛առաջադրէ եւ կ՛իրականացնէ ցանցային աշխատելաոճը: Հայ դատի ցանցային դրուածքը ազգային-քաղաքական հէնքի վրայ ամէնէն օրինակելի եւ ամէնէն արդիւնաւէտ կառոյցն է, որ ազդեցիկութեան նոր գործօններ կ՛ապահովէ եւ նոր գործառոյթներով կը համալրէ իր աշխատանքային դաշտը:
Հիմա յայտնաբար Հայ դատի համակարգը կ՛օժտուի Արցախի բարեկամներու շատ կենսական նոր ցանցով մը, առընթեր` Հայ դատի ցանցին: Իսկ այս մէկը ամէնէն կարեւոր նուաճումն է Ստեփանակերտի համաժողովին, որ կարելի է համարել Հայ դատի համակարգին կապուած Արցախի բարեկամներու ցանցի հիմնադիր ժողով:
Ժամանակը անպայման ցոյց պիտի տայ, թէ որքա՛ն ռազմավարական նշանակութիւն ունի այս ցանցային կառոյցի գործունէութիւնը: Անպայման, նահանգային եւ քաղաքային խորհուրդներու կողմէ պիտի շատնան ճանաչումի փաստերը: Տարբեր խորհրդարաններու մէջ պիտի սկսի հնչել Արցախի ճանաչման պահանջը
. համաեւրոպական ատեաններու մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքներու շրջագիծին մէջ Ազրպէյճանին ուղղուած դատապարտանքները հզօր ազդակներ պիտի ապահովեն
. մինչ պիտի աշխուժանան Արցախի բարեկամներու` պետական, հասարակական, մշակութային եւ տեղեկատուական գործիչներու այցելութիւնները Արցախ` համալրելով Պաքուի սեւ ցուցակը:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը իրաւամբ կը յայտարարէր, որ Արցախի բարեկամներու Ստեփանակերտ ժամանումով աշխարհը եկած էր Արցախ: Աշխարհը Արցախին եւ Արցախը աշխարհին ճանաչելի դարձնելու այս հիմնադիր ժողովը ըստ էութեան ամէնէն ազդեցիկ միջոցներէն է Արցախի ճանաչելիութեան աշխատանքներուն ընթացքին եւ իբրեւ այդպիսին նոր շրջափուլ կ՛ապահովէ հանրապետութեան միջազգային ճանաչման:
Ապահովաբար իւրաքանչիւր տարածաշրջանի եւ երկրի մէջ հիմնադիր համաժողովի արձագանգումները կը շարունակուին: Ցանցը կը ձեւաւորուի անպայման, եւ թափ կը ստանան խորհրդարանական լսումներու թէ նահանգային կամ քաղաքային խորհուրդներու նիստերու ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը նպատակադրող քննարկումներն ու անոնց հետեւող բանաձեւերը:
aztagdaily.com/archives/461989