Վրաստանի Վարչապետը Հայաստանի Մէջ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները
16 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՎՐԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 15 Հոկտեմբերին տեսակցութիւններ ունեցան Վրաստանի նոր նշանակուած վարչապետ Կիորկի Կախարիայի հետ եւ քննարկեցին երկկողմանի կապերը եւ անոնց զարգացման կարելիութիւնները։
Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպումին՝ անդրադառնալով հայ-վրացական յարաբերութիւններուն, նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու հազարամեակներու բարեկամութեան՝ աւելցնելով, որ ներկայ դարուն, սակայն, կան նոր խնդիրներ, նաեւ՝ մեծ կարելիութիւններ։
Վրաստանի վարչապետը՝ Վրաստանի նախագահին ողջոյնները փոխանցելէ ետք, յատկապէս նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է վարչապետի կարգավիճակով առաջին անգամ այցելել Հայաստան եւ կարելիութիւն ունենալ իր նպաստը բերելու երկու ժողովուրդներու դարաւոր կապերու աւելի սերտացման: Անոր համաձայն՝ Հայաստան եկած են այն տրամադրուածութեամբ, որ երկու երկիրներուն տնտեսական համագործակցութիւնը ազդեցութիւն ունենայ երկու ժողովուրդներու բարեկեցութեան վրայ։
Հանդիպումէն ետք նախագահ Սարգսեան հաստատեց, որ քննարկուեցան շատ կարեւոր հարցեր, սակայն հիմնականը այն է, որ միացեալ գործունէութեան կարելիութիւնները շատ աւելի մեծ են։ «Մենք միասին կարող ենք շատ բաներ անել: Ուզում եմ, որ պարոն վարչապետը վստահ լինի՝ ե՛ւ Հայաստանի ժողովուրդը, ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, ե՛ւ նախագահական ինստիտուտն ամէն ինչ կ՛անեն, որ այդ հնարաւորութիւններն իրականութիւն դառնան»:
Իր կարգին Կիորկի Կախարիա ըսաւ, որ քննարկուած են կարելիութիւնները, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն երիտասարդները, քաղաքացիները, որ համաշխարհային, մրցունակ աշխարհին մէջ ըլլան համարձակ, օգտագործեն օրուան բոլոր կարելիութիւնները եւ դառնան աւելի մրցունակ ու նախաձեռնող: «Համոզուած եմ, որ մեր միացեալ ջանքերով պիտի հասնինք հոն, ուր մեր քաղաքացիները պիտի կարենան յաղթահարել այս մրցակցութիւնը: Ինծի համար գործնականին մէջ ատիկա կը նշանակէ յարաբերութիւններու սերտացում տնտեսութեան մէջ, քաղաքականութեան, մշակոյթի, կրթութեան բնագաւառներուն մէջ», ըսաւ վարչապետը:
Ընդգծելով, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ու համագործակցութեան արդիւնքները պիտի ծառայեն երկու երկիրներու քաղաքացիներուն բարեկեցութեան՝ զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին գործնական քայլերու իրականացումը:
Կողմերը միտքեր փոխանակեցին նոր արհեստագիտութիւններու, կրթութեան եւ գիտութեան, սնունդի անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ նախագահական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ միացեալ ծրագիրներու իրականացման վերաբերեալ:
Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետներուն միջեւ հանդիպումին անոնք հաստատեցին, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները աւելի լաւ ընթացք պիտի ունենան եւ մեծ արդիւնքներ տան։ «Եթէ ինձ հարցնեն, թէ որը կը համարեմ վերջին մէկ ու կէս տարուայ ձեռքբերումը, ապա կը նշեմ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ յարաբերութիւնների նոր մակարդակի հաստատումը, որը, համոզուած եմ, մեր համատեղ աշխատանքի արդիւնքում շատ աւելի լաւը կը դառնայ», շեշտեց Փաշինեան։ Ըստ անոր՝ իրենք խորապէս շահագրգռուած ենք արձանագրելու նոր արդիւնքներ զոյգ երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ եւ կառուցել ռազմավարական զարգացման տեսլական։
Վրաստանի վարչապետը նշեց, որ նախնիները հիմնած են մեծ բարեկամութիւն եւ ունեցած լաւ յարաբերութիւններ, որոնք «աւելի պիտի խորանան, պիտի կարենանք մեր ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարել, ինչ որ անդրադարձ պիտի ունենայ իւրաքանչիւր քաղաքացիի վրայ»։ Ըստ անոր՝ թէեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են, սակայն կողմերը համաձայն են, որ ունին զարգացնելու կարելիութիւն՝ տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Վարչապետ Կիորկի Կախարիա նշեց, որ կարեւոր կը նկատեն տարածքային ամբողջականութիւնը, ուստի պէտք է հզօրացնեն յարաբերութիւններն ու վերաբերումը միջազգային հարթակներու վրայ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային հարցերուն, արձանագրուեցաւ, որ խաղաղութիւնը ամէնէն կարեւորն է շրջանին մէջ, նաեւ հարկ է տնտեսութեան վրայ կեդրոնանալով՝ քաղաքացիներուն համար բարեկեցիկ ապրելու կարելիութիւն ստեղծուի։
asbarez.com/arm/355285/Վրաստանի-Վարչապետը-Հայաստանի-Մէջ-Քնն/