ԵԱՀԿի Մինսկի Խմբակի Համանախագահները Հայաստանի Մէջ

ԵԱՀԿի Մինսկի Խմբակի Համանախագահները Հայաստանի Մէջ

16 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 15 Հոկտեմբերին Հայաստան այցելեցին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ՝ Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք, որոնք հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացակեանի հետ։

Վարչապետը եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ լուծման գործընթացին վերաբերող հարցեր: Կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման պարունակին մէջ ընդգծուեցաւ զինադադարի դրութեան ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկման կարեւորութիւնը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստման անհրաժեշտութեան եւ անոնց վերաբերող քայլերուն:

Նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ այս տարուան Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կայացած քննարկումներուն եւ այդ հանդիպումէն ետք արձանագրուած զարգացումներուն: Կարեւոր նկատուեցաւ խաղաղութեան համար բարենպաստ միջավայրի ձեւաւորումը եւ սահմանին վրայ վերջին լարուածութեան նուազեցումը:

Նախարարն ու ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները անդրադարձան խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ կողմերու դիրքորոշումներուն, եւ այս առումով նախարար Մնացականեան ընդգծեց խաղաղ գործընթացին մէջ պարտաւորութիւններու համաչափութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին եռանախագահութեան ձեւաչափին մէջ իրականացուելիք հետագայ քայլերուն վերաբերեալ:

asbarez.com/arm/355282/ԵԱՀԿի-Մինսկի-Խմբակի-Համանախագահները/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail