Հիւսիսային Սուրիան Եւ Անոր Առնչուող Զինուորական-Քաղաքական-Դիւանագիտական Զարգացումները Կը Շարունակեն Կիզակէտը Ըլլալ Բոլորին Ուշադրութեան
17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ դէմ կատարուած ռազմական գործողութիւնները տակաւին կը շարունակեն լուսարձակը իրենց վրայ պահել` օրուան ընթացքին շատ արագօրէն արձանագրուող զարգացումներով:
Արդարեւ, երէկ` 16 հոկտեմբերին, սուրիական բանակը շարունակեց մուտք գործել սուրիական տարբեր շրջաններ, որոնք կը գտնուէին հակակշիռին տակ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն, որոնք իրենց կարգին յայտարարեցին, որ Դամասկոսի հետ հաստատուած համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ չէ գործադրուած տակաւին, եւ որ սուրիական բանակը պիտի տեղակայուի ամբողջ սահմանի երկայնքին: Անոնք նաեւ դիտել տուին, որ Թուրքիա միջազգայնօրէն արգիլուած զէնք ու զինամթերք կը գործածէ իրենց դէմ: Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումով, ամերիկեան ուժերը հեռացան սուրիական շրջաններէն, որոշում մը, զոր դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանը` ձայներու մեծամասնութեամբ: Սուրիական տագնապը քննարկելու նպատակով, ընդառաջելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին, 22 հոկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան պիտի երթայ Մոսկուա:
Միւս կողմէ, մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահը սպառնալիքներ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ` անոր նկատմամբ պատժամիջոցներ սահմանելու Անգարա յայտարարեց, որ կը պատրաստուի պատասխանել Թրամփի սպառնալիքներուն, եւ որ ոչինչ պիտի կասեցնէ իր ռազմական գործողութիւնը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ:
Թուրքիոյ նախագահը հակասական յայտարարութիւններ կատարեց Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն շուրջ բանակցելու նպատակով նախագահ Թրամփի կողմէ Թուրքիա առաքուած ամերիկեան պատուիրակութեան (փոխնախագահ Մայք Փենս եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ, առնչութեամբ: Արդարեւ, ան 16 հոկտեմբերի առաւօտեան յայտարարեց, որ պիտի չտեսակցի պատուիրակութեան հետ ու պիտի չընդունի զայն, իսկ յետմիջօրէին դիտել տուաւ, որ համաձայն է անոր հետ տեսակցելու: Մինչ այդ Թրամփ իր կարգին յայտնեց, որ եթէ չյաջողի իր առաքած պատուիրակութեան փորձը, Թուրքիոյ դէմ որդեգրուելիք պատժամիջոցները կործանարար պիտի ըլլան:
Գետնի վրայ, սուրիական բանակը 16 հոկտեմբերին 2014 թուականէն ի վեր առաջին անգամն ըլլալով մուտք գործեց հիւսիսային Ռաքքա եւ տեղակայուեցաւ իր կայաններուն մէջ: «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան համաձայն, սուրիացի բանակայիններ մտան Արաբունար` քաղաքի հարաւային դարպասէն:
Օր մը առաջ բանակը նաեւ մտաւ Մընպեժ, ուրկէ բնակիչները փախուստ տուած էին` վախնալով թրքական ցամաքային ներխուժումէն: Բայց եւ այնպէս անոնք մնացին իրենց շրջանին մօտակայ վայրեր, ուրկէ վերադառնալու սկսան` սուրիական կառավարական ուժերուն մուտքով:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը զգուշացուց «Սուրիայէն ժիհատական բանտարկեալներու, որոնց կարգին ՏԱՀԵՇ-ականներու փախուստէն», բայց եւ այնպէս ան կոչ ուղղեց Թուրքիոյ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտ զինեալներուն դէմ կռիւը դադրեցնելու: Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է զգուշ ըլլալ մարդկային վիճակի վատթարացումէն:
Տարբեր երկիրներու օրինակին հետեւելով` Քանատա եւս յայտարարեց, որ զէնք պիտի չմատակարարէ Թուրքիոյ: Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նման որոշում տրուած է Անգարայի կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ շղթայազերծուած ներթափանցման պատճառով, որովհետեւ այդ քայլը կը խախտէ շրջանի կայունութիւնը:
Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը մտահոգ է Սուրիոյ վրայ գործուած թրքական յարձակումներէն եւ նշեց, որ ինք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ այս հարցը քննարկեց Սպիտակ տան մէջ իրենց ունեցած հանդիպումին ընթացքին: Անոր աւարտին երկու նախագահներուն տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Իտալիոյ նախագահը հաստատեց, որ իր երկիրը կը դատապարտէ սուրիական յարձակումները, որոնք իսկական սպառնալիք են ՏԱՀԵՇ-ի վերազարթնումին առումով:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման պաշտպանեց Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ռազմական գործողութիւնը` դիտել տալով, որ անիկա եկաւ հարուածելու մօտալուտ սպառնալիք մը:
aztagdaily.com/archives/462160