Հայկական Լաւաշը Աշխարհի 50 Լաւագոյն Հացերու Շարքին Երկրորդն է. CNN-ի Անդրադարձը
17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
Հայկական լաւաշը յայտնուած է աշխարհի 50 լաւագոյն հացերու շարքին: CNN-ը հրապարակած է յօդուած, ուր կը ներկայացնէ աշխարհի 50 լաւագոյն հացերը, ցուցակին մէջ երկրորդը հայկական լաւաշն է:
«Ի՞նչ է հացը: Այս հարցի հետ կապուած ամենայն հաւանականութեամբ դուք կարիք չունիք երկար մտածելու: Դուք կը ցանկաք կտոր մը հաց համտեսել, եւ այդ ընթացքին այն, ինչ դուք կը պատկերացնէք, շատ բան կը պատմէ ձեր ծագման մասին»,-նշած է յօդուածագիրը: Հեղինակը յօդուածին մէջ կը յիշեցնէ մասնագէտներու այն խօսքը, որ «հացը հիմնականօրէն այն է, ինչի մասին կը խօսի ձեր մշակոյթը»:
CNN-ն առանձին-առանձին ներկայացուցած է Աֆղանիստանի, Պրազիլի, Եգիպտոսի, Աւստրալիոյ, Պանգլադտեշի, Գանատայի, Չիլիի, Չինաստանի, Եթովպիայ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ շատ այլ երկիրներու ազգային հացերը:
«Գերմանիոյ Վէսթֆալիա շրջանին մէջ հացթուխները 24 ժամուան ընթացքին քանը մը հատ հաց կը թխեն, իսկ ահա ցորենի ալիւրէն պատրաստուած հայկական լաւաշը գեղեցիկ տեսք կը ստանայ 30 երկվայրկեանի մէջ թոնրին մէջ»,-նշած է յօդուածագիրը:
Ան կը ներկայացնէ լաւաշը թխելու գործընթացը եւ կը նշէ, որ լաւաշ թխելու համար անհրաժեշտ է ընկերներու օգնութիւնը:
«Երբ ձեր հայ կեսուրը կը մօտենայ հացը ձեռքը, մի զարմանաք: Նորապսակներուն կը տրուի լաւաշը, որ կը խորհրդանշէ առատութիւն ու բարեկեցութիւն: Լաւաշը պատրաստելու գործընթացը կը պահանջէ ընկերներու մասնակցութիւն: Այս աւանդական հացը թխելու ատեն կը հաւաքուին կանայք, կը պատրաստեն խմորը, համապատասխան բարձի վրայ բարակ ու լայն բացուած խմորը ուժգին հարուածով կ՛ամրացնեն նախապէս տաքցած թոնիրին մէջ»,-նշած է ան՝ ընդգծելով, որ լաւաշ թխելը մեր վարպետութիւն կը պահանջէ:
Լաւաշը հայկական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչներէն է, անիկա ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:
yerakouyn.com/2019/10/17/հայկական-լաւաշը-աշխարհի-50-լաւագոյն-հաց/