Ասատ. «Պիտի Հակադարձենք Թրքական Ներխուժումին Եւ Զայն Դիմակայենք Բոլոր Օրինաւոր Միջոցներով»
18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրաքի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ֆալեհ Ֆայատի հետ, որ իրեն հետ բերած էր Իրաքի վարչապետ Ատել Ապտելմահտիի նամակը:
Ասատ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ շրջանի երկիրներուն նկատմամբ արտաքին ախորժակները պատմութեան ընթացքին չեն դադրած, եւ թրքական ոճրային ներխուժումը, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակարգը Սուրիոյ դէմ շղթայազերծեց, այդ ծիրին մէջ է, «որքան ալ սուտ նշանաբաններ ունենայ»:
Ասատ յայտնեց, որ յարձակումը բացայայտ ներխուժում մըն է, որուն Սուրիան հակադարձած է մէկէ աւելի տեղերու մէջ` հարուածելով անոր գործակատարներն ու ահաբեկիչները` աւելցնելով. «Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր օրինական միջոցներով ատոր պիտի հակադարձենք եւ դիմակայենք սուրիական հողերու որեւէ շրջանին մէջ ատոր բոլոր ձեւերը»:
aztagdaily.com/archives/462295