Թուրքիա Համաձայնած Է 120 Ժամուան Զինադադար Հաստատելու

Թուրքիա Համաձայնած Է 120 Ժամուան Զինադադար Հաստատելու

18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ բանակցութիւններէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ երկու երկիրները համաձայնած են Սուրիոյ մէջ 120 ժամուան զինադադար հաստատելու:

Անոնք համաձայնած են պաշտպանելու այն բանտերը, ուր կը գտնուին ՏԱՀԵՇ¬ի զինեալները եւ պայքարելու ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ:

Փենս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երախտապարտ է Էրտողանի` զինադադար հաստատելու որոշումին համար:

«Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ հաղորդակցեցանք անոնց սահմանէն 20 մղոն հեռացումը երաշխաւորելու համար», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը` շեշտելով. «Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւնը միլիոնաւոր կեանքեր փրկեց»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»¬ի վրայ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմպէոյի` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք, Թուրքիայէն հոյակապ լուրեր կը ստանանք»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Էրտողանին` նշելով. «Միլիոնաւոր կեանքեր պիտի փրկուին»:

ԲԵՐԴ-ԱՐՏԱՀԱՆ

aztagdaily.com/archives/462297

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail