Լաւրով Եւ Զարիֆ. «Պատրաստ Ենք Քիւրտերուն Եւ Սուրիոյ Կառավարութեան Միջեւ Բանակցութիւններու Կայացումը Դիւրացնելու»

Լաւրով Եւ Զարիֆ. «Պատրաստ Ենք Քիւրտերուն Եւ Սուրիոյ Կառավարութեան Միջեւ Բանակցութիւններու Կայացումը Դիւրացնելու»

18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ անոր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեցին, որ իրենց երկիրները պատրաստ են հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական գործողութեան լոյսին տակ նպաստելու սուրիական իշխանութիւններուն եւ թրքական կառավարութեան միջեւ երկխօսութեան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Լաւրով եւ Զարիֆ ունեցած են իրանեան նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած են «Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ կացութեան զարգացումներուն առնչուող հարցեր»:

Երկու կողմերը արտայայտած են այն նոյն կարծիքը, թէ անհրաժեշտ է Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ երկխօսութիւն, ինչպէս նաեւ սուրիական իշխանութիւններուն եւ Սուրիոյ քիւրտերուն միջեւ երկխօսութիւն կազմակերպելու միջոցով Եփրատի արեւելեան շրջանին մէջ հաստատել խիստ ու երկարատեւ կայունութիւն` հիմնուած Սուրիոյ հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքին վրայ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Լաւրովն ու Զարիֆը «շեշտած են Ռուսիոյ եւ Իրանի պատրաստակամութիւնը այդպիսի հաղորդակցութիւններուն նպաստելու»:

Երկու նախարարները համաձայնած են շարունակել Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երեք երկիրներուն միջեւ կարծիքներու փոխանակումն ու համակարգումը, ներառեալ ինչ կը վերաբերի Ժընեւի մէջ սահմանադրական յանձնախումբի աշխատանքի սկսման նախապատրաստելը:

Թուրքերի` պռովակացիոն նկարը, այսպես կոչված – գյուննութից -( Նախիջևան )

aztagdaily.com/archives/462294

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail