ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ – Թուրքիոյ Նուաճողական Միտումը. Սուրիա Ներխուժումը Եւ Կիպրական Կազը

Թուրքիոյ Նուաճողական Միտումը. Սուրիա Ներխուժումը Եւ Կիպրական Կազը

18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Թուրքիա անարգել բանակ կը մտցնէ Սուրիա, եւ աշխարհի ինքնակոչ իրաւարարները յայտարարութիւններ եւ քաղաքական վերլուծումներ կ’ընեն, կը խօսին մահերու եւ աւերի մասին: Ռազմավարական եւ բարոյական տեսութիւններով չի բացատրուիր այն, ինչ որ տեղի կ’ունենայ: Եթէ ետ չերթանք պատմութեան եւ ժամանակի գիծին վրայ, ժողովուրդներու եւ ազգերու իրաւունքը շարունակենք անգիտանալ կատարուած իրողութեան եւ քաղաքական իրապաշտութեան (real politic) անարդարութիւնները յաւերժացնող անմիջական շահեր հետապնդելով, թրքական ներխուժումը կը դիմաւորենք որպէս քաղաքական մասնակի եւ ընթացիկ միջադէպ:

Երբեմն քաղաքական քաջութիւն պէտք է ունենալ` տեսնելու եւ ըսելու համար, որ օսմանեան կամ հանրապետական Թուրքիան օտար են աշխարհի այս հատուածին մէջ: Անոնք հոն են եւ հոն կը մնան բիրտ ուժի տրամաբանութեամբ, ուր չկան ո՛չ պատմութիւն, ո՛չ ծագում, ո՛չ իրաւունք, ո՛չ արմատներ: Այս իսկ պատճառով Թուրքիան պարտաւոր է միշտ կռթնիլ ուժի վրայ եւ շարունակել նուաճողականութիւնը` դէպի առաջ մնայուն արշաւով մը քրտական հակակշռի տակ գտնուող շրջաններուն դէմ, որ Սուրիոյ սահմաններուն վրայ կանգ պիտի չառնէ:

Փակագիծ մը. քանի մը օր առաջ հեռատեսիլը սփռեց Թուրքիոյ տարածքին գտնուող յունական ժառանգութեան մասին պատկերներ, հնութիւններ, ճարտարապետական կոթողներ: Յիշեցում` թուրքերու հետ կապ չունեցող իրաւունքի եւ արմատներու մասին:

Այսպէս կոչուած, քրտական վտանգը միայն Սուրիոյ հետ թրքական սահմաններուն վրայ կանգ պիտի չառնէ: Իրաքեան սահմաններէն ներս գտնուող քրտական ինքնավար մարզը նաեւ, ըստ թրքական տրամաբանութեան, վտանգ է, մանաւանդ որ, ինչպէս Սուրիան, նաեւ Իրաքը, Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմած են: Միամիտ պէտք է ըլլալ չտեսնելու համար, որ Իրաքի քրտական շրջաններու նաւթահորերուն տիրանալու գրեթէ անթաքոյց ցանկութիւն միշտ ալ ունեցած է Թուրքիան: Այս արարն ալ կրնայ սկսիլ: Ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու, որ տեղեակ չէր:

Ուժի ցուցադրութեան նոր մարտադաշտ մըն ալ բացուած է, ուր խուժած է Ռեճեփ Էրտողան, այդ արեւելեան Միջերկրականն է, որ միշտ թրքական բացայայտ կամ թաքուն տրամաբանութեամբ, օսմանեան տարածք է: Արդէն Թուրքիա 1974-ին ոտքը դրած էր հիւսիսային Կիպրոս` 40.000 զինուորներով, ստեղծելով Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը, որ չէ ճանչցուած որեւէ երկրի կողմէ: Այդ ոչ մէկ երկիրներու համայնքը, մեծով պզտիկով, ոչինչ ըրաւ, չուզեց ընել, բռնագրաւող թրքական բրտութեան դէմ, իրենց անկարողութեամբ մեղսակից եղան:

Թրքական նոր մարտանաւ մը ծով իջեցնելու առիթով Ռեճեփ Էրտողան իր նուաճողական քաղաքականութեան մէկ այլ երեսը դրսեւորեց, այս անգամ` տնտեսական, սպառնալով այն ընկերութիւններուն, որոնք կը ցանկան շահագործել Կիպրոսի իրաւասութեան տակ գտնուող տնտեսական յատուկ ծովային տարածքի մէջ բնական կազի պաշարները: Անթաքոյց սպառնալիք` Սուրիոյ իր «թշնամիներուն» հանդէպ իր որդեգրած դիրքին յար եւ նման, բնական կազի շահագործումէն զինք հեռու պահելու միտում ունեցողներուն դէմ: Այսինքն Թուրքիա իր սեփականութիւնը կը համարէ արեւելեան Միջերկրականը: Ռեճեփ Էրտողան «ծովային յելուզակ» կը համարէ Կիպրոսի ծովային գօտիին մէջ նաւթ եւ բնական կազ փնտռող ընկերութիւնները եւ կը սպառնայ:

Դեռ յայտնի չէ, թէ ի՛նչ կը ներկայացնեն շրջանի բնական կազի պաշարները: Անոնցմէ օգտուելու ցանկութիւն ունեցողները բազմաթիւ են. Միացեալ Նահանգները, Եգիպտոսը, Լիբանանը, Կիպրոսը, Քաթարը, Իտալիան, Իսրայէլը, Ֆրանսան, առաջին հերթին եւ բնական կերպով` Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատէսը, նաեւ` Ռեճեփ Էրտողանը, «Թոթալ»-ը, «Քաթար փեթրոլիոմ»-ը, «Էքսոն մոպիլ»-ը, իտալական «ԷՆԻ»-ն: Ռեճեփ Էրտողան կ’ըսէ, թէ թուրքերը պիտի չընդունին, որ Թուրքիոյ ծովային տարածքին մէջ բնական կազ արտահանուի, Կիպրոս եւ արեւելեան Միջերկրական, կամ Եգէական ծով, իրեն ասպարէզ կարդալով: Կ’ըսէ, որ իրենց այդ սխալը պէտք է ըմբռնեն անոնք, որոնք զինք կրնան շրջանցել:

2011-ին կիպրական բնական կազի յայտնաբերումէն ի վեր, Ռեճեփ Էրտողան կը զգուշացնէ եւ կը սպառնայ: Կիպրոս արդէն բազմաթիւ ընկերութիւններու հետ համաձայնութիւններ կնքած է: Ան կ’ուզէ արտահանուած բնական կազի մուտքերով կղզիի զարգացման մեծ ծրագիրներ իրականացնել: Ռեճեփ Էրտողան հանդէս կու գայ ոչ մէկ ճանաչում ունեցող «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան» իրաւունքներու պաշտպանի դերով, պահանջելով, որ ան մասնակից ըլլայ բանակցութիւններուն եւ բաժին ունենայ, ինչ որ բացարձակապէս կը մերժեն յոյն կիպրացիները եւ կը պահանջեն, որ կղզիին քառասունհինգ տարուան պատմութիւն ունեցող բաժանումը վերջ գտնէ:

Կիպրոսի Հանրապետութիւնը կ’ակնկալէ, որ Ֆրանսան զինք պաշտպանէ Անգարայի ոտնձգութիւններուն դէմ: Ֆրանսան, կամ` ուրիշ երկիր մը, երկիրներ, ի՞նչ ըրին 20 յուլիս 1974-ին, երբ Թուրքիա Միացեալ ազգերու անդամ Կիպրոս ղրկեց գրաւման բանակ, որ հոն կը մնայ գրեթէ կէս դարէ ի վեր: Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ Թուրքիան գործած է անպատժելիութեան իր վարքագիծով:

Թուրքիա կրկին կը սպառնայ: Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ «Անգարա պատրաստ է դիմելու անհրաժեշտ բոլոր միջոցներու»` պաշտպանելու համար թրքական շահերը եւ Կիպրոսի թուրքերուն շահերը` արեւելեան Միջերկրականի մէջ: Աւելի յատկանշական. «Որպէս համատէրեր կղզիին` կիպրացի թուրքերը անյեղլի իրաւունք ունին անոր շուրջի բնական հարստութիւններէն» բաժին ունենալու:

Միշտ անպատժելիութեան ընձեռած իրաւունքով Թուրքիա արգելք կ’ըլլայ, Կիպրոսի բացերը, իտալական նաւու մը ծովի յատակը խորատելու բնական կազի պաշարներ յայտնաբերելու աշխատանքին: Այս արգելքը կը պատճառաբանէ ռազմափորձեր առարկելով: Իտալական նաւը վերադարձած է` տեղի տալով թրքական ռազմանաւերուն դիմաց: Բայց կիպրական իշխանութիւնները կը շարունակեն խօսակցութիւնները նաւթային մեծ ընկերութիւններու հետ, որոնք պատրաստակամ են բնական կազի հորեր բանալու` զայրացնելով Թուրքիան, որ ինքզինք կը համարէ այդ գօտիին տէր` յայտարարելով, որ թոյլ պիտի չտայ իր հողային տարածքին մէջ իր բնական հարստութիւններուն համար փնտռտուքներ կատարել: Թուրքիոյ ռազմապաշտ վերաբերումը կը մտահոգէ նաեւ շրջանի երկիրները, ինչպէս` Եգիպտոսը եւ Իսրայէլը: Այս լարուածութիւնը պիտի շեշտուի, քանի բազմապատկուին ծովու յատակին խորատումները:

Ֆրանսական երկու գերարդիական մարտանաւեր արդէն կը գտնուին կիպրական Լառնաքա նաւահանգիստը: Անոնք հոն են Լիբանանի խաղաղութեան պաշտպանութեան առաքելութեամբ:

Թուրքիան անդամ է Հիւսիսային ատլանտեանի զինուորական ուխտին (OTAN), ան աշխարհի մեծագոյն բանակներու տասնեակին մէջ կը գտնուի եւ ինքզինքին թոյլ կու տայ սպառնալիքներով եւ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ:

Պէտք չէ մոռնալ պատմութեան դասը: Թուրքիա Ա. Աշխարհամարտին դաշնակցած էր Գերմանիոյ, Բ. Աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան սիրաբանած էր նացիներուն հետ եւ պատերազմ յայտարարած էր անոնց դէմ, երբ արդէն անոնք պարտուած էին: Չմոռնալ նաեւ յիշուած քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով Թուրքիոյ շարունակուող նուաճողական քաղաքականութիւնը, որ կ’օգտուի Արեւելք-Արեւմուտք մրցակցութենէն` անգամ մը դառնալով Արեւելք եւ անգամ մը` Արեւմուտք:

Ինչ որ կը պատահի այսօր Սուրիոյ մէջ, միայն հեռատեսիլի պատկեր չէ: Ռեճեփ Էրտողանի Մեծն Թուրքիա ստեղծելու կամ Օսմանեան կայսրութիւնը վերակենդանացնելու փառասիրութիւնն է: Քաղաքակիրթ աշխարհը զէնքի եւ նաւթի առեւտուրէն անդին եթէ չնայի, օր մը սուղ կը վճարէ: Այս գիտէ ազատ աշխարհը, բայց®

Բայց ե՞րբ պիտի հասկնայ աշխարհ, որ քաղաքականութիւնը սոսկ ճապկում չէ, այլ է նաեւ` արդարութիւն, իրաւունք, հիւմանիզմ:

Եթէ Թուրքիա մարսեց հայ աշխարհի բռնագրաւումը եւ իր գործած Հայոց ցեղասպանութիւնը, եթէ աշխարհ թոյլ տուաւ, որ ան անպատիժ մնայ, յաւերժացնէ իր կատարած բռնագրաւումը, պատճառ չկայ, որ կրկին նոյնը չընէ քրտական հարցով: Այդպէս է զէնքի վաճառականութեան տրամաբանութիւնը, որ գերիվեր է իրաւունքէ եւ արդարութենէ:

Եւ քանի որ, ինչպէս կ’ըսեն, ախորժակը ուտելով կը բացուի, Ռեճեփ Էրտողան Եւրոպայի թուրքերուն կոչ ըրած էր, որ շատ զաւակ բերեն ազդեցութիւն ձեռք բերելու համար:

Ազդեցութիւն` ի՞նչ ընելու համար: Հարցում էր:

15 հոկտեմբեր 2019

Գետաշեն, Հյուսիսային Արցախ, Գարդմանք, Հայաստան

aztagdaily.com/archives/462245

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail