Սուրիահայ Վարպետներու Գործերը Պիտի Ներկայացուին Թիֆլիսի Մէջ

Սուրիահայ Վարպետներու Գործերը Պիտի Ներկայացուին Թիֆլիսի Մէջ

17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄՇԱԿՈՅԹ:

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութիւնը Հոկտեմբեր 20-ին Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային կեդրոնին մէջ պիտի իրականացնեն սուրիահայ վարպետներու ձեռարուեստի «Սուրիահայ արուեստի ծիլը» խորագիրով ցուցահանդէս` կը յայտնէ նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջը:

Պիտի ներկայացուին սիրիահայ 20 վարպետներու արուեստի եւ արհեստի աշխատանքներ` արծաթագործութիւն, ասեղնագործութիւն, քաղցրաւենիք, կարուձեւ, հելունագործութիւն եւ այլն:

Վիրահայոց թեմի, Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութեան եւ «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան համագործակցութիւնը սկսած է 2017-ին եւ համայնքներու միջեւ առկայ մշակութային կապերը ամրապնդելու հեռանկարներ ունի:

Ցուցահանդէսին հիմնական նպատակն է նպաստել հայկական ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ծանօթացման եւ ժողովրդական վարպետներու ստեղծագործական գործունէութեան խթանման, որուն շնորհիւ կը ստեղծուին վարպետներու փորձի փոխանակում եւ ստեղծարարութեան նոր հնարաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ պայմաններ` միջհամայնքային մշակութային կապերու ու յետագայ համագործակցութեան զարգացման համար:

yerakouyn.com/2019/10/17/սուրիահայ-վարպետներու-գործերը-պիտի-ն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail