«Հայաստանի Երկու Մասերի Միջեւ Սեպ Խրողները Ժամանակից Շուտ Կնքելու Են Իրենց Քաղաքական Մահը». Արմէն Սարգսեան
19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ:
11 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ կայացած «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ժողովուրդ» օրաթերթի լրագրող Սոնա Գրիգորեան զրուցեց Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Սարգսեանի հետ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ շահեցաւ Արցախը այդ համաժողովէն` Սարգսեան ըսաւ, որ առաջին հերթին իւրաքանչիւրը իր երկրին մէջ պիտի աշխատի Արցախի անկախութեան ճանաչման համար, ապա արդէն խնդիր պիտի դրուի Հայաստանի միաւորման: Ըստ անոր, ասիկա առաջին քայլն է 150 տարբեր երկիրներէ պատգամաւորներ, տարբեր պաշտօնեաներ, որոնցմէ 1/3 այլ ազգի ներկայացուցիչներ համախմբելու մէկ յարկի տակ` Արցախի մէջ:
«Ու գնալով այդ թիւը դառնալու է աւելի մեծ, ու աշխատելու ենք յանուն Արցախի, յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան: Այդ աշխատանքները հետեւողական բնոյթ են կրելու: Մեր նպատակն է այդ 150-ը բարձրացնել, պէտք է աւելի շատ մարդիկ միանան այդ համաժողովին, աւելի շատ երկրներ ընդգրկուեն, որպէսզի մենք միաւորուելով այդ ուղղութեամբ աշխատենք», շեշտեց ան:
Հայաստանէն այս համաժողովին մասնակիցներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` պատգամաւորը ըսաւ, որ հիմնական աշխատանքը տարուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ` Արցախի կառավարութեան հետ միասին` նախագահի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ աշխատելով, բայց ընդգրկուած էին շատ շատեր տարբեր կուսակցութիւններից: «Հիմնականում շեշտը դրուած էր այլ ազգի պաշտօնեաների վրայ, որպէսզի մենք կարողանանք լայնածաւալ աշխատանք իրականացնել: Սա է մեր գլխաւոր նպատակը: Ներկայ է եղել նաեւ արտաքին գործերի փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը, ով էլ ելոյթ է ունեցել համաժողովի ժամանակ», նշեց ան:
Լրագրողը ըսաւ, թէ, շրջան ընող տեղեկութիւններուն համաձայն, Դաշնակցութիւնը քաղաքական նոր փուլի մեկնարկ տուաւ այդ համաժողովով` իր հիմնական գործունէութիւնը սկսելով Արցախէն: Ան հարցուց, թէ որքանո՞վ իրատեսական են այդ տեղեկութիւնները:
«Արցախը չճանաչուած երկիր է, ՀՅԴ-ն միշտ էլ աշխատել է արտաքին քաղաքականութեան վրայ, դուք կարող էք տեսնել, թէ այս ժամանակահատուածում ինչ չափով են աշխատել Հայ դատի մարմինները Արցախի արտաքին քաղաքականութեան համար: Սա մի աստիճան նորութիւն է, այսինքն` այս ուղղութեամբ եւս աշխատանք է տարւում համախմբելու իմաստով: Ես անկեղծ եմ ասում` թոյլ մարդիկ եւ թոյլ քաղաքական գործիչները, որոնք միայն խառնակութեամբ են զբաղուած, կարող են միշտ էլ նման յայտարարութիւններով հանդէս գալ: Ես չգիտեմ, թէ ովքեր են նման բան յայտարարողները, պէտք է իրենց հարցնել, թէ իրենք տարիներ շարունակ ինչ են արել:
«Տարիներ շարունակ Դաշնակցութիւնը միշտ այնտեղ է, որտեղ հայրենիքի փրկութիւնն է: Պատերազմի ժամանակ, երբ սկսուեց շարժումը, ո՞ր կուսակցութիւնն է եկել այստեղ. որպէս կուսակցութիւն, ոչ թէ անհատներ եմ ասում: 2016 թուականին ապրիլեան պատերազմի ժամանակ ո՞ր կուսակցութիւնն էր առանձին գումարտակով եկել այստեղ: Իսկապէս հերիք է նման տեղեկութիւններ տարածել: Լաւ բան ենք անում, սենց է, վատ ես անում, նենց է: Դաշնակցութիւնը միշտ էլ աշխատել է Արցախի ազատագրման, Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ Արցախի վերամիաւորմանը Հայաստանի հետ», հաստատեց Արմէն Սարգսեան:
Լրագրողը ուզած է գիտնալ, որ, ըստ Արմէն Սարգսեանի, լարուածութիւն կա՞յ Հայաստան-Արցախ փոխյարաբերութիւններուն մէջ, քանի որ Արցախի հերոս Վիտալի Բալասանեանը կը շարունակէ շատ լուրջ քննադատութիւններ հնչեցնել Հայաստանի իշխանութիւններուն հասցէին: Աւելին, ըստ Բալասանեանի` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ «Սասնայ ծռերը» ահաբեկչական մէկ ամբողջութիւն են. մէկը` զէնքով, միւսը գրիչով իշխանութիւնը բռնազաւթած են:
Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորը ըսաւ, որ երբ առանձին քաղաքական գործիչներ հանդէս կու գան յայտարարութեամբ, եւ կ՛ըսե՛ն, որ մենք մէկ ժողովուրդ ենք եւ կ՛աշխատի՛նք վերամիաւորման համար: «Բոլոր այն քաղաքական գործիչները` իշխանութեան մէջ, թէ իշխանութիւնից դուրս, ովքեր փորձեն Արցախի Հանրապետութիւն եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն, այսինքն` նոյն ժողովրդի, նոյն պատմական Հայաստանի երկու մասերի միջեւ սեպ խրեն, այդ քաղաքական գործիչները ժամանակից շուտ կնքելու են իրենց քաղաքական մահը: Սա աքսիոմ է: Այս շարժումը սկսել է ժողովուրդը, ոչ թէ առանձին քաղաքական գործիչներ` Հայաստանում լինի, թէ Արցախում: Թող փորձեն սեպ խրել երկու հանրապետութիւնների միջեւ եւ մէկ ժողովրդի տարբեր թեւերի միջեւ, դուք կը տեսնէք` ինչ կը լինի: Սա անթոյլատրելի բան է», եզրափակեց ան:
aztagdaily.com/archives/462375