ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ – Դիւցազնական Ուրֆան Միշտ Կանգուն Պիտի Մնայ Մեր Էութեան Մէջ
19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանը չի յատկանշուիր միայն մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն թրքական եաթաղանէն անցնելու իրականութեամբ: Այդ ժամանակաշրջանին հայ ազգը ունեցած է նաեւ բազում հերոսութեան պահեր, ունեցած է հերոսամարտեր, որոնք թէեւ սակաւաթիւ եղած են ու իրարմէ անջատ, սակայն իրենց դրոշմը դրած են մեր ազգային էութեան վրայ: Անոնց շնորհիւ հայու ազգային արժանապատուութիւնը բարձր մնացած է: Անոնք իրերայաջորդ սերունդներու համար քաջասրտութեան, հերոսականութեան մէկական տիպար օրինակներ հանդիսացած են:
Պատմութիւնը մեզի ձգած է այդ հերոսամարտերու եւ ինքնապաշտպանութեան կռիւներու վայրերուն անունները: Վան, Մուսա Լեռ, Շապին Գարահիսար, Տարօն, Ուրֆա… Այս հերոսամարտերէն եւ ինքնապաշտպանութեան կռիւներէն ոմանք յաջողութեամբ աւարտած են, փրկուած են տուեալ շրջանի բնակիչները, ուրիշներ սակայն խեղդուած են թրքական ոճրածին պետութեան զինուորական մեքենային տակ:
Տարբեր ճակատագիր վիճակուած էր, սակայն, դիւցազնական Ուրֆայի հերոսամարտին: Հոն հերոսականը միախառնուած էր ողբերգականութեան հետ: Ուրֆացիները մեծ տօնախմբութիւններ չեն ըներ, քէֆ չեն ըներ, թմբուկ-զուրնա չեն նուագեր եւ շուրջպար չեն բռներ: Եղած չեղածը եկեղեցւոյ մը մէջ համեստ հոգեհանգիստ մը կ՛ընեն` հերոսամարտի փառապանծ նահատակներու հոգիներուն համար: Թերեւս անոր համար, որ հերոսամարտը վերջ գտաւ կատարեալ ողբերգութեամբ, անոր մասնակիցները կա՛մ կռուեցան մինչեւ իրենց վերջին փամփուշտը ու անկէ ետք ինքնասպան եղան` չձերբակալուելու համար, կա՛մ ալ ձերբակալուելէ ետք կախաղան բարձրացուեցան` իբրեւ օսմանեան պետութեան դաւաճաններ: Բայց այդ հերոսամարտին խորհուրդը, դիւցազնական Ուրֆայի մաքառումին փոխանցած հպարտութիւնը, հազար քէֆ, հազար տօնախմբութիւն կ՛արժէ:
Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ Ուրֆա քաղաքը` պատմական Եդեսիան, 35 հազար հայ բնակիչ ունէր: Ցեղասպանութենէն վերապրեցան անոնցմէ միայն 5 հազարը, որոնք ցրուեցան աշխարհի չորս ծագերուն, բայց իրենց հոգիներուն, իրենց էութեան մէջ միշտ կանգուն պահեցին դիւցազնական Ուրֆան, վառ պահեցին իրենց նախահայրերուն հերոսական ու ստեղծագործ, էապէս հայկական շունչով տոգորուն ոգին:
Եւ վաղը, Ուրֆայի հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ, Պուրճ Համուտի հայ երեք յարանուանութիւններու եկեղեցիներուն մէջ անգամ մը եւս պիտի ոգեկոչուի դիւցազնական Ուրֆայի հերոսամարտի հերոսներուն եւ բոլոր ննջեցեալ ուրֆացիներուն յիշատակը: Վաղը անգամ մը եւս կը յարգենք Ուրֆայի հերոսամարտի անմոռանալի հերոսներ Մկրտիչ Եօթնեղբերեանի, Յարութիւն Ռաստկելենեանի, Յարութիւն Սիմեանի, Խանըմ Քեթենճեանի, Մարիամ Չիլինկիրեանի, Սուլթան Սիմեանի եւ ուրիշ շատ շատերու յիշատակը: Անոնց շնորհիւ ուրֆացիներուն գլուխները հպարտօրէն բարձր կը մնան: Անոնք հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան եւ զոհաբերութեան վառ օրինակներ կը մնան ուրֆացի իրերայաջորդ սերունդներուն համար:
aztagdaily.com/archives/462400