Էրտողան Մանրամասնած Է Սուրիոյ Հարցին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւնը

Էրտողան Մանրամասնած Է Սուրիոյ Հարցին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւնը

19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: //gov-wa.info//

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ մտադիր է 22 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկել Սուրիոյ հիւսիսը անվտանգութեան գօտիի ստեղծման յաջորդ փուլը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Այն, ինչին կը ձգտէինք, երէկ իրականութիւն դարձաւ: Փենսի հետ բանակցութիւններու արդիւնքը եղաւ երէկուան 13 կէտէ բաղկացած միացեալ յայտարարութիւնը: Ահաբեկչական կազմակերպութիւնը 32 քիլոմեթր լայնքով եւ 444 քիլոմեթր երկարութեամբ` արեւմուտքէն արեւելք պիտի հեռանայ անվտանգութեան գօտիէն, ինչպէս մենք համաձայնած էինք: Երեքշաբթի օր Փութինի հետ պիտի խօսիմ յաջորդ փուլին մասին: Յոյսով եմ, այդպիսով կարելի պիտի ըլլայ մեր գործողութեան առջեւ դրուած բոլոր նպատակները իրականացնել», լրագրողներուն ըսած է Էրտողան:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/462428

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail