Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Կը Յայտարարեն, Թէ Յանձառու Են Սուրիոյ Հիւսիս- Արեւելքին Մէջ Զինադադարին
19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: //Մամլոյ հաղորդագրութիւն — Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ`//
Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտարարեցին, թէ յանձնառու են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ զինադադարի հոլովոյթին եւ Թուրքիոյ պետութենէն պահանջեցին ատոր յանձնառու դառնալ:
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ Թուրքիոյ միջեւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ հիւսիսարեւմտեան Հասաքէ նահանգի արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ կը կիրարկուի գոյացած զինադադարը:
Քրտական ղեկավարութեամբ ուժերը նշեցին, թէ զինադուլը ուժի մէջ մտած է հինգշաբթի գիշերուան ժամը 10:00-ին:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Մոսկուան կը սպասէ, որ Անգարա տեղեկութիւններ տրամադրէ Միացեալ Նահանգներու հետ «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութիւնը 120 ժամով առկախելու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու հետ գոյացած համաձայնութեան վերաբերեալ:
«Կը սպասենք այդ առնչութեամբ տեղեկութիւններ ստանալու», նշեց Փեսքով:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս հինգշաբթի օր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ բանակցելէ ետք համաձայնութիւն գոյացուցած է թրքական «Խաղաղութեան աղբիւր» զինուորական գործողութիւնը 120 ժամով առկախելու շուրջ, որպէսզի այդ ընթացքին քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներն ու քիւրտ զինեալները հեռացուին Սուրիա-Թուրքիա սահմանային շրջանէն:
aztagdaily.com/archives/462426