Նամակ երկրէն – ԹՐՔԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆԸ – Րաֆֆի Տուտագլեան
Նամակ երկրէն
ԹՐՔԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆԸ
Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:
Միջին արեւելքի ռազմական ու քաղաքական բեմը եռացող կաթսայի նման կրակներու վրայ է: Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան քրտաբնակ շրջաններու վրայ թրքական յարձակումները՝ մեծ պետութիւններու դաւադրութեամբ, շրջանի ուժերու հաւարակշռութիւնը փոխելու զուգահեռ, թրքական յարձակողական՝ ագրեսիւ ու ծաւալական քաղաքականութեան մը ապացոյցերն են անկասկած: Իսկ Լիբանանի ընկերատնտեսական ու քաղաքական տագնապն ու բողոքաւորներով թէժացած փողոցները՝ երկրի տնտեսութեան քանդումին եւ վտանգաւոր բախումներու ազդանշանը կու տան: Պէտք է փառք տանք Աստուծոյ, եթէ այսքանով վերջանայ պատմութիւնը եւ շրջանային ու քաղաքացիական պատերազմներու գեհենի դուռը կրկին չբացուի:
Հայութիւնը ուղղակիօրէն կը գտնուի միջին արեւելեան այս նորոգուող եւ երբեք չվերջացող տագնապներուն անմիջական ազդեցութեան տակ: Պիտի չզարմանանք, եթէ թրքական յարձակողականութեան եւ ազդեցութեան գօտիներու ծաւալման յաջորդ արտայայտութիւնը տեսնենք Պաքուի մէջ, Ալիեւի աւելի ռազմատենչ ու սպառնական յայտարարութիւններով ու ռազմաճակատներու համեմատական հանդարտութեան խախտումով: Թրքական սպառնալիքէն զատ, արաբական երկիրներու, բայց յատկապէս՝ Սուրիոյ ու Լիբանանի անդադրում ու տարբեր գոյն ու երանգ ստացող տագնապները տակնուվրայ պիտի ընեն հայ համայնքներու կեանքը: Անհաւանական չէ, որ այս երկիրներու հայերուն շտապ օգնութեան հասնիլը դառնայ մեր մօտիկ ապագայի գլխաւոր առաջնահերթութիւնը:
Այս րոպէին, այս ահագնացող տագնապներու առթած վտանգներուն դէմ յանդիման, Հայաստա՛նն է մեր ամեմնամեծ յաղթաթուղթը, մեր շահերու փրկութեան բանալին: Հայ ժողովուրդի, համա՛յն հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութիւնը ուրիչ ոչ մէկ երկիր կրնայ կատարել: Ուրիչ ոչ մէկ երկիր մտահոգ չէ հայութեան ճակատագրով: Սա իրապէս այն պահն է, երբ հայը ինքն է իր ճակատագրի տէրը:
Հայաստանէն զատ, ուրիչ ոչ ոք տէր պիտի ուզէ կանգնիլ հայ ժողովուրդի շահերուն՝ հայրենիքի մէջ, կամ հայրենիքէն դուրս՝ Միջին արեւելք կամ այլուր:
Հայաստանի շուրջ համախմբուելու, Հայաստանի պետականութիւնը հզօրացնելու ու Հայաստանը հայութեան կիզակէտն ու ուշադրութեան կեդրոնը դարձնելու բոլոր կոչերն ու ճիգերը այս եւ այսօրինակ մռայլ օրերու համար էին ու են նախ եւ առաջ: Պետութիւնը ինքը պիտի ըլլայ հայկական շահերու պաշտպանի դրօշակիրը, օրակարգը ճշդողն ու առաջնորդողը, քանի որ հայկական պետութենէն զատ հայ ժողովուրդի շահերու օտար այլ պաշտպաններ չկան, չեն ալ եղած:
Արտաքին մարտահրաւէրներու ահագնացման դէմ, պետականութեան շուրջ համախմբուիլը ոչ թէ առաջնահերթութիւն է միայն, այլ պահու հրամայական: Արտաքին ճակատի վրայ՝ հայութիւնը տարակարծութիւն պիտի չունենայ եւ վերջ պիտի դրուին «ես հայրենասէր եմ, դուն դաւաճան ես, կամ՝ ես հող պահող եմ, դուն հող տուող ես» անհեթեթութիւններուն: Հող տուող չկայ ու պիտի չ’ըլլայ: Դաւաճանութիւնը, եթէ կ’ուզէք, հայ ժողովուրդի փրկութիւնը օտարին մէջ փնտրելն է:
Մեր ներքին տարակարծութիւնները ժողովրդավարութեան բնական երեւոյթ են: Օրէնքի հովանիին տակ ազատօրէն գործելը սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած է բոլորին համար, իսկ ծայրայեղութիւնները, փաստուած է, արդիւնք չեն տար մեր կամ ոեւէ այլ հասարակութեան մէջ, այլ միայն նոր եւ ապակայունացնող ծայրայեղութիւններ կը հրահրեն, ու չեն նպաստեր պետութեան հզօրացումին:
Մենք հիմա, յեղափոխութենէն յետոյ ծագած ամենավտանգաւոր արտաքին տագնապները կը դիմագրաւենք: Բոլորս պետութեան հզօրացման հետ կրնանք ըլլալ միայն: Համայն հայութեան շահերու լաւագոյն պաշտպանութիւնը հզօր պետականութեան մէջ կը կայանայ:
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com