Զարեհ Եահնիեան – Պէտք է վերջապէս արմատական լուծում գտնէ այս սանձարձակութիւնը, միասեռականները եւ այլք
Զարեհ Եահնիեան – Բարեւս տուի անցայ գնացի:
Հայաստանի Սահմանները պէտք է եւ պիտի բաց լինի բոլորի առաջ․․․
Ինքս համաձայն չեմ այս նախադասութեան ինչպէս նաեւ անոր գործադրութեան․
Հայաստանը պիտի բաց լինի 90 տոկոսով Հայութեան իսկ մնացածի համար հազիւ թէ 70․
Ինչպէս՞ կարելի է սանձարձակ մուտք գործել Հայաստան «վիզա»յով կամ առանց այն տեսակի անհատներ որոնց երեւոյթը հարիր չէ Հայ մշակոյթին, Ազգայինին, որոնց ներկայութիւնը ընդօրինակելիք երեւոյթ պէտք չէ ըլլայ Հայ ազգի նոր սերունդին․․․
Վտանգը միայն պայթուցիկով, զէնքով եւ ռումբով չըլլար, այլ տեսակի վտանգներ եւս գոյութիւն ունին որոնց ներկայութիւնը մի քանի անհատի չէ ուղղուած այլ ընդհանուր Ազգի․․․
Երեւանի փողոցներու, մայթերու, այգիներու մէջ իրիկունները կը թափառին գիշերային զբօսաշրջիկներ, կառավարութեան շէնքի տակ մայթի վրայ շարուած մարմնավաճառներ, միասեռականներ եւ այլ տեսակի սեռը փոփոխութեան ենթարկած անյայտ ազգի անհատներ անհասկնալի լեզուով խօսողներ, ազատ ու անկախ իրենց գիշերային գործը կը կատարէն, իսկ եթէ փորձես հարցեր տալ եր պատասխաններ ակնկալել թէ ովքեր՞ են իրենք որտեղից՞ եկել են եւ մեր անդորրը կը խանգարէն կը լսես մէկ պատասխան «Համաձայն եւրոպական սկզբունքներու մենք արտօնեալ ենք այս երկրի մէջ»․․․
Պէտք է վերջապէս արմատական լուծում գտնէ այս սանձարձակութիւնը, միասեռականները եւ այլք, աղանդաւորականները եւ այլք եթէ արգիլեալ եւ հալածեալ չէն Հայաստանի մէջ այդ չի նշանակէր որ իմ աչքի առաջ պիտի քարոզչութիւն եւ գործունէութիւն ծաւալէն հանրային վայրերու մէջ․․․
Բնական է որ եկող զբօսաշրջիկներուն անձնական կեանքին խառնուելու իրաւունք չունինք, անոնք ազատ են իրենց ֆիզիկական եւ հոգեւոր կացութիւնը որոշելու բայց եւ այնպէս անոնք պիտի ազատ չըլլան իրենց տեսակէտը քարոզելու եւ հանրային վայրերու մէջ հոծ ներկայութիւն ըլլալու․․․
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ ամենէ մօտիկ երկիրներէն մէկը Կիպրոսն էր որտեղ հանգստանալու կերթային Լիբանանցի երիտասարդները սակայն Կիպրոսի պետութիւնը զգալով որ Լիբանանցի երիտասարդներ բեռ կը դառնան պետութեան վրայ կայացուց այսպիսի որոշում մը, եթէ պիտի «վիզա» ստանաս եւ մուտք գործես Կիպրոս մօտդ պիտի ըլլայ նուազագոյնը 1000 Ամերիկեան տոլար եթէ ոչ իրաւունք չունիս մտնել երկիր․
այսօր կը նկատենք տարբեր ազգի ներկայացուցիչներ որոնք հազիւ ճանապարհածախս հոգալով գրպաննին դատարկ կը հասնին Հայաստան եւ կը գիշերէն ուր պատահի, լաւագոյն դէպքում 20 հոգով մէկ սենեակի մէջ կամ կամուրջներու տակ, պարզապէս անախորժութիւններ պատճառելով մօտիկ բնակավայրերուն․
Հայաստանը պիտի բաց ըլլայ բոլոր Բնական մարդկանց, հարց պիտի ծագի թէ որն՞ է բնական հասկացողութիւնը իսկ այդ մէկը թող որոշէ Երկրիս սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները որոնք պիտի հսկուին համապատասխան մարմիններու կողմէ այլապէս Հայաստանը կրնայ դառնալ երկրորդ Արշակաւան․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի
Զարեհ Եահնիեան