«Քրտական Ուժերը Պաշտպանելու Պարագային Թուրքիան Պատերազմ Պիտի Յայտարարէ Սուրիոյ Դէմ» Կ՛ըսէ Աքթայ
21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ`»»
Եթէ Սուրիոյ կառավարական բանակը կ՛ուզէ մուտք գործել Մընպեժ, Այն Արապ, Գամիշլի, որպէսզի պաշտպանէ քրտական ուժերը, ապա Թուրքիան պատերազմ պիտի յայտարարէ, եւ անոնք համարժէք պատասխան պիտի ստանան: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Եասին Աքթայ:
«Միացեալ Նահանգներու զօրքերը, որոնք կ՛աջակցէին քրտական ուժերուն, ներկայիս կը լքեն տարածքը, սակայն եթէ սուրիական բանակը պաշտպանէ զանոնք, ապա Թուրքիոյ դիրքորոշումը պիտի չփոխուի, մենք չենք կրնար ատիկա արտօնել», նշած է Աքթայ:
Անոր համաձայն, եթէ սուրիական բանակը երաշխաւորէ, որ տարածքին մէջ չկան ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք կրնան սպառնալիք ներկայացնել Թուրքիոյ անվտանգութեան, Անգարան կրնայ փոխել իր դիրքորոշումը եւ գնահատել իրավիճակի կարգաւորման նպատակով առաջարկուող լուծումները:
Աքթայ շեշտած է, որ թրքական եւ միւս օտար ուժերը պիտի հեռանան Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքէն` այդ տարածքներուն մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատումէն ետք:
«Թուրքիան ուրիշներէն երկիր չի խլեր», աւելցուցած է Աքթայ:
aztagdaily.com/archives/462549