«Եթէ Էրտողան Երեք Միլիոն Գաղթական Ուղարկէ, Մենք Ալ Երեք Միլիոն Թուրք Ետ Պիտի Ուղարկենք» Ըսած Է Սոնպոռն

«Եթէ Էրտողան Երեք Միլիոն Գաղթական Ուղարկէ, Մենք Ալ Երեք Միլիոն Թուրք Ետ Պիտի Ուղարկենք» Ըսած Է Սոնպոռն

21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ

Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Մարթին Սոնպոռն անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի սպառնալիքներուն: 9 հոկտեմբերին Սուրիոյ հիւսիս ներխուժելէ ետք Թուրքիան արժանացած էր քննադատութիւններու, իսկ եւրոպական քանի մը երկիրներ ալ դադրեցուցած էին Թուրքիոյ զէնքի վաճառքը, ինչին ի պատասխան Էրտողան սպառնացած էր բանալ երկրի սահմանները գաղթականներու համար, որոնք պիտի ուղղուին դէպի Եւրոպա:

«Եթէ Էրտողան մէկ անգամ եւս մեզի սպառնայ երեք միլիոն սուրիացի գաղթականներով, ես ալ պիտի սպառնամ Քրոյցպըրկէն (Պերլինի շրջաններէն մէկը) երեք միլիոն թուրքերը ետ ուղարկելով: Սակայն ատիկա հիմա չեմ կրնար բացայայտ ըսել. պիտի արժանանամ Լինչի դատաստանի», «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան գերմանական ծառայութեան հետ զրոյցի ընթացքին նշած է երեսփոխանը:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/462545

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail