Ազրպէյճանի Մէջ Բախումներ. Ձերբակալուած Է Ընդդիմութեան Ղեկավարը
21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «Մամլոյ հաղորդագրութիւն — Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ` »
Ազրպէյճանի մէջ շաբաթ օր ցուցարարներուն եւ երկրի ապահովական մարմիններուն միջեւ տեղի ունեցած են բախումներ:
Ազրպէյճանական իշխանութիւնները արգիլած էին երէկ նախատեսուած հաւաքի կայացումը: Կը հաղորդուի հարիւրաւոր ձերբակալուածներու մասին:
Ազրպէյճանի գլխաւոր ընդդիմադիր Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլի, Ազգային խորհուրդի անդամներ Վահիտ Մակերրամլի եւ Թոֆիկ Եաղուպլու ձերբակալուածներուն կարգին են:
Երեք ընդդիմադիրները դուրս եկած են Քերիմլիի տունէն, շարժած են քանի մը հարիւր մեթր, որուն ընթացքին անոնց միացած են հարիւրաւոր ցուցարարներ եւ սկսած հնչեցնել հակակառավարական կարգախօսներ, որմէ ետք ազրպէյճանական ոստիկանութիւնը սկսած է ձերբակալել ցուցարարները:
Ձերբակալուած է նաեւ «Ազատլըգ» թերթի աշխատակից Թազեհան Միրալամլին:
Պաքուի շարք մը մասերուն եւ երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ անջատուած է համացանցը:
aztagdaily.com/archives/462548