Փեսքով Յայտնած Է, Թէ Փութին Ինչո՛վ Կ՛առաջնորդուի Միջազգային Քաղաքականութեան Մէջ
21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ`»
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին միջազգային քաղաքականութիւն վարած ատեն կ՛առաջնորդուի երկրին ներքին շահերով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Փեսքով «Մոսկուա: Քրեմլին: Փութին» պատկերասփիւռի հաղորդման ծիրին մէջ ըսած է, թէ Ռուսիոյ նախագահը կ՛առաջնորդուի նախ եւ առաջ Ռուսիոյ բնակիչներուն շահերով:
«Դուք կը տեսնէք, որ մեծ թիւով որոշակի համաձայնագիրներ կը ստորագրուին, որոշակի փաստաթուղթեր», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբերը:
Անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած են Փութինի պաշտօնական այցելութիւնները Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Այցելութիւններուն ընթացքին կողմերուն միջեւ ստորագրուած են տարբեր ուղղութիւններով շարք մը համաձայնագիրներ:
Ռուսիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, ընդհանուր առմամբ, 1,4 միլիառ տոլարի համաձայնագիրներ կնքած են:
aztagdaily.com/archives/462546