Բառերու Գանձարանին Մէջ – 2. «Գիմ» Եւ «Քէ», Գաւառ Ու Քաղաք, Քարոզ Ու Գեհեն (Բ. Մաս)

Բառերու Գանձարանին Մէջ – 2. «Գիմ» Եւ «Քէ», Գաւառ Ու Քաղաք, Քարոզ Ու Գեհեն (Բ. Մաս)

15 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – «Մամլոյ հաղորդագրութիւն — Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ`»

Գրեց՝ ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Թոյլ տուէք, որ «գաւառ»-էն ոստում մը կատարեմ դէպի «քաղաք»:

Այնքան գործածական այս բառը կը սկսի ու կ՛աւարտի «ք»-ով: ՔաղաՔ: Ամէնքս ալ ծնած ու հասակ առած ենք քաղաքներու մէջ: Քաղաքացի՛ ենք: Քաղաքները մեզի հետ նոյնացած են, կամ մե՛նք նոյնացած ենք քաղաքներուն հետ…: 1915-էն առաջ արեւմտահայ մեր ժողովուրդին գրեթէ կէսը կ՛ապրէր քաղաքներէ դուրս` գիւղական ու գաւառային շրջաններու մէջ: Մեծ եղեռնը ոչնչացուց արեւմտահայ գիւղը, քարտէսէն ջնջեց զայն ի սպառ: Հայ գիւղին գունագեղ պատկերները, տոհմիկ բարքերն ու առօրեան քանդակուած մնացին լոկ գրականութեան էջերուն մէջ. Համաստեղ, Թլկատինցի, Մնձուրի, Վահէ-Հայկ: Միւս կողմէ, սակայն, արեւելահայ ճակատի վրայ, բարեբախտաբար, դեռ կ՛ապրի հայ գիւղը` Սիւնիքէն մինչեւ Գուգարք եւ Տաւուշ…

Ինչպէ՞ս կազմուեր է սա «քաղաք» բառը: Արմա՞տ բառ մըն է, թէ՞ ածանցաւոր:

Մեծանուն Հրաչեայ Աճառեան իր «Արմատական բառարան»-ին մէջ «քաղաք» բառը ներկայացուցած է առանձին բառայօդուածով մը` իբրեւ արմատ բառ, անոր կազմութեան վերաբերեալ տալով քանի մը անորոշ վարկածներ:

Ինծի շատ համոզիչ կը թուի, սակայն, Մխիթարեան երից վարդապետաց «Հայկազեան բառգիրք»-ին այն հպանցիկ նշումը, թէ «քաղաք» բառը յառաջ եկած է «քաղ» կամ «քաղել» արմատէն:

ՔԱՂԵԼ: Այսինքն` հատ-հատ ընտրելով պոկել, ջոկել, հաւաքել: Ծառերէն կը քաղենք պտուղները, արտերէն կը քաղենք խոտերը, հասկերը, հունձքը` մանգաղով կամ գերանդիով: Վանքերու մէջ, հի՜ն դարերուն, եկեղեցականներն ալ սաղմոս կը քաղէին… (այսինքն` շարունակաբար սաղմոս կը կարդային): «Քաղել» բառին մէջ մի՛շտ առկայ է ՀԱՒԱՔԵԼՈՒ ու ԺՈՂՎԵԼՈՒ իմաստ մը: Հոսկէ մեկնելով ալ` կրնանք տրամաբանել, որ քաղաքները մարդկային զանգուածներ հաւաքող ու համախմբող բնակավայրեր են: Ահա՛ այսքան պարզ ու մեկին:

Օ՜, մեր նախնիները որքան սիրուն բառեր կազմեր են սա փոքրահասակ «քաղ» արմատով. ծաղկաքաղ, հասկաքաղ, ճռաքաղ, պատառաքաղ, վերաքաղ… (բոլո՛րն ալ` «հաւաքել»-ու իմաստով):

Մեծաթիւ են «քաղաք» արմատով շինուածներն ալ. քաղաքապետարան, քաղաքակրթութիւն, քաղաքավարութիւն, քաղաքականութիւն, քաղաքագէտ, քաղաքաշինութիւն, քաղքենի, մայրաքաղաք (կամ` քաղաքամայր), քաղաքամաս եւ այլն:

«Քաղաք» բառին շուրջ իմ այս մտորումները չեմ կրնար եզրափակել` առանց անդրադառնալու սփիւռքահայ քերթողութեան մէջ եղափոխիչ երեւոյթի մը, որ ծայր տուաւ շուրջ 60 տարի առաջ եւ որ, իբրեւ խորք, կիզակէտ ունէր «քաղաքը»:

1960 թուականին էր: Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէր երիտասարդ բանաստեղծի մը` Զահրատի (1924-2007), անդրանիկ ժողովածուն` «Մեծ քաղաքը» խորագրով: 160 էջերու երկայնքին սփռուած էին հարիւրեակ մը բանաստեղծութիւններ, որոնք ո՛չ յանգ ունէին, ո՛չ տաղաչափութիւն, ո՛չ ալ կէտադրութիւն: Հեղինակը խորտակած էր մեզի ծանօթ դասական քերթողութեան բոլոր չափանիշները ու ճամբայ բացած էր նորատարազ բանաստեղծութեան մը, որ արտասովոր էր թէ՛ իբրեւ ոճ ու գրելակերպ, թէ՛ ալ իբրեւ մատուցելի նիւթ:

Կիկոն էր այս հատորին գլխաւոր տիպարը: Մեծ քաղաքի մը պողոտաներուն ու կամուրջներուն վրայ թափառող մենաւոր թշուառական մը, տրտմութեան, զրկանքներու եւ տառապանքի մէջ օրն ի բուն տապլտկող խեղճուկ էակ մը, զոր հեղինակը վարպետօրէն կը հակադրէր այդ նոյն քաղաքի փայլքին, շքեղանքին, աղմուկին ու փարթամութեան…

Զահրատ ու իր առջինեկ գիրքը շա՜տ քաշքշուեցան ու քննադատուեցան օրին: Բախեցան անհասկացողութեան ու անհանդուրժողութեան պատին: Ընթերցողները վերապահութեամբ մօտեցան իրենց առաջարկուած գրական այս նոր ճաշակին. չհամակերպեցան անոր: Տարինե՜ր պէտք էր սահէին, Զահրատ իրերայաջորդ նո՛ր հատորներով հրապարակ պէտք էր գար, մինչեւ որ տակաւ առ տակաւ «ընդունելի» դարձնէր իր անօրինակ ոճն ու քերթողական նորօրինակ փիլիսոփայութիւնը եւ, ի վերջոյ, միահամուռ ընդունուէր իբրեւ ժամանակակից սփիւռքահայ բանաստեղծութեան ամէնէն սիրելի ու ինքնատիպ դէմքերէն մէկը:

Նոյնանման «պզտիկ յեղափոխութիւն» մը կը կատարէր նաեւ Վահէ Օշական (1922-2000), որ Զահրատէն երեք տարի ետք` 1963-ին, Պէյրութի մէջ հրապարակ կը հանէր իր Բ. քերթողագիրքը` «Քաղաք» խորագրով, 168 էջանի:

Վահէ Օշականն ալ ցնցումի եւ ընդվզումի կը մատնէր իր ընթերցողները` հակադրուելով «Պէյրութի հնաբոյր դասատուներու աւանդած գրական պատմութեան» (բնորոշումը իրն է): Ան եւս կը հեռանար հայ քերթողութեան ծանօթ յղացքներէն ու ձեւերէն եւ տարականոն լեզուով ու անիշխանական ոճով մը կը փորձէր լուսարձակի տակ առնել քաղաքն ու անոր բաղկացուցիչ մասերը` փողոցները, արուարձաններն ու կայանները, կը քողազերծէր հոն բոյն դրած անբարոյականութիւնն ու կեղծիքը` քիչ մը «վրան-բաց» բառերով ու պատկերներով… Այս բոլորին շուրջ է, որ կը դառնար Վ. Օշականի քաղաքին ժամանակակից մարդը, որ դրօշ պարզած է աւանդութիւններու սուտին եւ քաղաքակրթութիւններու շպարին դէմ: Վ. Օշական այս բոլորին մասին կը խօսէր միշտ «անբանաստեղծական» բանաստեղծութիւններով: Ընթերցողները չէի՞ն հասկնար կամ չէի՞ն մարսեր զինք, իր գիրքը աննկա՞տ կ՛անցնէր, ի՞նչ փոյթ: Ինք որդեգրած էր գրելու իւրայատուկ ուղղութիւն մը (քիչ մը քաոսային, ընդհանրապէս վանողական, յաճախ` ժխտողական), որ նոյն չափանիշներով արտայայտութիւն պիտի գտնէր իր յաջորդ քերթողագիրքերուն մէջ եւս, անշեղօրէն: Եւ այս ալ պատճառ պիտի դառնար, որ Վահէ Օշական բանաստեղծը մնայ մեծ անծանօթ մը, անտեսուի մինչեւ վերջ: Ամերիկաբնակ բանասէր Վարդան Մատթէոսեան առիթով մը պիտի գրէր, թէ` «Շատ քիչերը լրջօրէն կարդացած էին որդի Օշականը, որուն մասին թերեւս աւելի գրուեցաւ մահուան յաջորդող մէկ ամսուան ընթացքին, քան իր բոլոր գիրքերուն մասին` քառասուն տարուան ընթացքին»:

* * *

Կը շարունակեմ պտտկիլ «քէ»-ի ու «գիմ»-ի միջեւ ու բառարանէս կը ջոկեմ երկու պատահական բառեր եւս` քարոզ եւ գեհեն:

Անակնկալի կու գամ, երբ բառարանը կ՛իմացնէ ինծի, թէ «քարոզ»-ը ասորերէնէ փոխառեալ բառ մըն է: Ինչո՞ւ չէ. հիմա հայացուած է սակայն, ու ամէն ոք գիտէ, որ «քարոզ»-ը եկեղեցւոյ բեմէն խօսուած կրօնաշունչ ու բարոյախօսական պատգամն է, աստուածաշնչական դրուագներու մեկնաբանութիւնն ու թելադրական փոխանցումը:

«Քարոզ» արմատէն շինուած են քարոզել, քարոզիչ, քարոզչութիւն, քարոզախօսութիւն, քարոզարշաւ բառերը: «Հայ դատի միջազգային ճանաչումը կը կարօտի երկարատեւ քարոզարշաւի», կ՛ըսուի յաճախ:

Քարոզը ս. պատարագի ամէնէն յատկանշական բաժիններէն մէկն է, մանաւանդ եթէ քարոզիչը բարձրաստիճան եկեղեցական մը ըլլայ: Մեր բոլոր հոգեւորականներն ալ ծիսակատարութիւններու ընթացքին մէկզմէկու կը նմանին, իրարու կը հաւասարին` իրենց սքեմով, վեղարով, մօրուքով, ձայնով: Միայն քարոզի պահուն է, որ անոնք կը սկսին տարբերիլ կամ զանազանուիլ իրարմէ, կը սկսին դրսեւորել ինքնուրոյն դիմագիծ մը, որ անմիջապէս ուշադրութիւն կը գրաւէ: Այս դիտանկիւնէն ալ, ուրեմն, քարոզախօսութիւնը բաւական բախտորոշ դեր կը խաղայ հոգեւորականներու կեանքին մէջ:

Թերեւս սխալ չէ պնդել, որ եկեղեցւոյ բեմէն արտասանուած քարոզի մը որակը չափանիշն է այդ քարոզը խօսող հոգեւորականին մտաւորական պատրաստութեան: Եթէ քարոզիչը ատակ է արտայայտելու գեղեցիկ ու տպաւորիչ գաղափարներ, պարուրուած` նոյնքան գեղեցիկ, սահուն ու անսայթաք լեզուով մը, ինչպէս նաեւ` գրական ու բանաստեղծական մէջբերումներով, ուրեմն կրնանք ենթադրել, թէ ան կը յաջողի իր քարոզը վերածել հոգեկան վայելքի մը եւ, հետեւաբար, կրնայ գրաւել ամբողջ եկեղեցին լեցնող հաւատացեալներուն սիրտը: Իսկ եթէ պատահի հակառակը, այսինքն եթէ ունկնդիր հաւատացեալին համար քարոզը վերածուի «ձանձրոյթ»-ի մը կամ տեսակ մը… Գողգոթայի` սնամէջ գաղափարներով ու թափթփած լեզուով մը, այդ պարագային, քարոզիչ եկեղեցականը կորսնցուցած կ՛ըլլայ իր բոլոր բարենիշերը…

Քարո՜զ… Հրապարակային խօսելաոճի արուե՛ստ մըն է անիկա: Ի զուր չէ, որ շատ մը եկեղեցականներ հետամուտ կ՛ըլլան առանձին հատորներով հրատարակելու իրենց ընտիր քարոզները, ու այդ ժողովածուները կը կոչուին «քարոզագիրք»:

«Քարոզ» բառը, երբեմն, ժողովրդային հասկացողութեամբ, կրնայ գործածուիլ ժխտական երանգով ալ: «Գլխուս քարոզ մի՛ կարդար», կ՛ըսենք յաճախ, եթէ մէկը անհաճոյ եւ անընդունելի թելադրութիւններ ընէ մեզի շարունակ:

Իսկ ի՞նչ է «գեհեն»-ը:

Քարոզիչ եկեղեցականներ իրենց քարոզներուն մէջ յաճախ կը գործածեն այս բառը: Կը զգուշացնեն, որ Աստուծոյ պատուիրաններուն չհետեւողները ենթակայ պիտի դառնան «գեհենի կրակներուն»…

ԳԵՀԵՆ: Այսինքն` դժոխք: Հանդերձեալ կեանքի անշէջ հնոցը: Դրախտին հականիշը: Թրքերէնով` «ճէհէննէմ», արաբերէնով` «ճէհիմ»:

Բառարանս դա՛րձեալ զարմացուց զիս` այս անգամ ալ յայտնելով, որ բառը փոխառեալ է եբրայերէնէն:

Իր գրաբարեան նախնական ձեւին մէջ անիկա «գեհեան» է եղեր, յետոյ «ա» տառին սղումով վերածուեր է «գեհեն»-ի: Կասկած չկայ, որ հին բառ է եւ բազմիցս գործածուած է Աւետարանին մէջ ալ:

Բայց ինչպէ՞ս պատկերացնել գեհենը: Կ՛առաջարկեմ ուշադրութեամբ դիտել Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ ձախակողմեան կամարակապ պատը ծածկող հնադարեան հսկայահասակ եզակի որմնանկարը, որ աներեւակայելի մանրամասնութիւններով ձեր առջեւ կը պարզէ գեհենն ու անոր տանջահար բնակիչները…

Մեր գրականութեան մէջ ալ համեստ տեղ մը ունի այս բառը: Պոլսահայ (աւելի ուշ` ֆրանսաբնակ) արձակագրուհի ու մանկագիր Ատրինէ Տատրեանի (1913-2002) վէպերէն մէկուն խորագիրը ատիկա՛ կը յուշէ մեզի` «Գեհենի ճամբուն վրայ» (Պոլիս, 1966):

***

Այս բաւական երկար պտոյտէն ետք, հիմա իմ ընթերցողները պիտի ակնկալեն, որ քերականական քանի մը օրէնքներ յիշեցնեմ իրենց, որպէսզի նկատի ունենան զանոնք իբրեւ հիմ եւ ուղեցոյց` «գիմ»-ի ու «քէ»-ի գործածութեան համար:

Անմիջապէս խոստովանիմ սակայն, որ «գիմ»-ի ու «քէ»-ի քերականական եւ ուղղագրական օրէնքները, դժբախտաբար, բացարձակ չեն, որովհետեւ իւրաքանչիւր օրէնք իր դիմաց ունի «հակաօրինական» կիրարկումներու երկա՜ր շարք մը… Այնուամենայնիւ, թուենք քանի մը օրինաչափութիւններ.

ա) Բառերու վերջաւորութեան k հնչիւնը ընդհանրապէս «գիմ» պէտք է գրել, եթէ տուեալ բառը ածանցումի կամ բարդումի պարագային ԿԸ ՊԱՀԷ այդ «գիմ»-ը: Օրինակ` թագ (թագաւոր), ծագ (ծագում), վտանգ (վտանգաւոր), ժառանգ (ժառանգորդ): «Քէ»-ին պարագան հակառակն է: Այսինքն «քէ»-ով վերջացող բառերը ածանցումի կամ բարդումի ատեն ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆ այդ տառը: Օրինակ` վանք (վանական), փառք (փառասէր), դիրք (դրութիւն), գիրք (գրադարան), զէնք (զինագործ, զինարան), վէրք (վիրաւոր), մօրուք (մօրուսաւոր), բարք (բարոյական):

բ) «Ր» գիրէն ետք ընդհանրապէս «գ» կու գայ, օրինակ` երգ, թարգման, կարգ, մարգարէ, մարգրիտ, պարգեւ, Սարգիս, արգանդ, արգելք, բուրգ, յարգել, միրգ եւ այլն: Բայց բացառութիւններն ալ քիչ չեն` թուրք, արքայ, հերքել, սարքել, հետաքրքրութիւն եւ այլն:

գ) «Ն» գիրէն ետք ընդհանրապէս «գ» կու գայ, օրինակ` զանգ, գանգատ, նահանգ, սրինգ, հանգիստ, յանգ, երանգ, անգղ, թանգարան, հինգ, հրահանգ, վարունգ, եղունգ եւ այլն: Նկատի չունենալ զէնք, հանք, ջանք, կեանք եւ ասոնց նման բառերը, որոնք օրէնքը չեն խախտեր, քանի որ այդտեղի «ք»-ն պարզապէս ածանց է:

դ) «Զ» գիրէն ետք ընդհանրապէս «գ» կու գայ, օրինակ` ազգ, զգալ, զգուշ, զգեստ:

ե) Ձայնաւոր տառերէ ետք ընդհանրապէս «գ» կու գայ, օրինակ` աւագ, արագ, ձագ, պատարագ, հագնիլ, կարագ, ագռաւ, երկրպագել, ճրագ, վագր, վայրագ, էգ, սէգ, ճիգ, գոգնոց, հոգի, յոգնակի, շոգի, սուգ, օգնել եւ այլն: Սակայն հոս եւս բացառութիւնները թիւով քիչ չեն ու կը խանգարեն մայր օրէնքը, օրինակ` աքլոր, մաքուր, աքսոր, առաքեալ, մետաքս, հաւաքել, քաղաք, փափաք, ցամաք, սայթաքիլ, երեք, երբեք, արժէք, փոքր, թոք, բորբոքիլ…

Ինչպէս կը տեսնէք, դիւրին չէ «գիմ-քէ»-ի ուղղագրութեան իւրացումը: Օրէնքները միայն մասամբ կրնան օժանդակել կամ աջակից դառնալ մեզի: Այս առնչութեամբ ամէնէն ապահով ու արդիւնաւէտ ճիգը պիտի ըլլայ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ընթերցումը, ՅԱՐԱՏԵ՛Ւ ընթերցումը…

Հալէպ

yerakouyn.com/2019/10/15/բառերու-գանձարանին-մէջ-2-գիմ-եւ-քէ-2/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail