«Nouvelles d’Arménie»-ի Վրայ Յարձակում
21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ`»
«Օրեր» պարբերաթերթը, վկայակոչելով Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, թէ Փարիզի մէջ յարձակում կատարուած է «Նուվել Տ՛Արմենի» հայկական պարբերականի գրասենեակին վրայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը դատապարտած է խօսքի ազատութեան նկատմամբ ոտնձգութիւնը:
«Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ «Նուվել Տ՛Արմենի»-ի գրասենեակին վրայ այս յարձակումը: Ասիկա լուրջ ոտնձգութիւն է խօսքի ազատութեան եւ հանրապետական արժէքներուն նկատմամբ», նշուած է դեսպանատան տարածած յայտարարութեան մէջ: Մինչ այդ, «Նուվել Տ՛Արմենի»-ն «Թուիթըր»-ի վրայ լուսանկար հրապարակած է, ուր ներկայացուցած է գործուած աւերը:
Հայկական ամսագիրը թուիթըրեան էջով յարձակումը կը կապեն գլխաւոր խմբագիր Արա Թորանեանի` Փարիզի մէջ տեղի ունեցող հակաթրքական շարժումներուն մասնակցելու եւ Սուրիոյ քիւրտերուն աջակցութիւն յայտնելու հետ:
Նշենք, որ խմբագրութեան վրայ յարձակումը տեղի ունեցած է 19-20 հոկտեմբերի գիշերը: Յարձակողները, խմբագրութեան տեղեկութիւններով` գրաւած են 3 համակարգիչ եւ 1 լուսանկարչական խցիկ, որոնց մէջ եղած են խմբագրական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ ամսագիրի յառաջիկայ թիւերու լրագրողական նիւթեր:
yerakouyn.com/2019/10/21/nouvelles-darmenie-ի-վրայ-յարձակում/