Մարաթուկը աւելի հոգեհարազատ է Արարատի արմատները Մարաթուկի ու Մռավի մէջ խռուած են…

Մարաթուկ Լեռ

Մարաթուկը աւելի հոգեհարազատ է Արարատի արմատները Մարաթուկի ու Մռավի մէջ խռուած են…

ԼԵՄ-ը Մարաթուկը Պիտի Նախընտրէր Արարատէն

22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ

Երբեք ալ նպատակս, սիրելինե՛ր, հին ու ցաւոտ վէճերու արծարծումը չէ, ոչ ալ թերագնահատումն է որոշ մտածելաձեւի մը, զոր նոր սերունդի որոշ խաւ մը կը դրսեւորէ: Ժամանակի հսկայ միջոց մը զիս կը բաժնէ իրենցմէ: Նախաձեռնութիւնը գնահատելի նախաձեռնութիւն է, ոչ դիւրին իրագործելի եւ մղումը անշո՛ւշտ որ հայրենասիրական է ու գնահատելի: Իմ խռովքս այն մեծ կորուստն է, զոր ունեցանք ազգովի եւ լիայոյս եմ, որ Ցեղասպանութենէն չորս-հինգ սերունդ ետք հայեացքը Արարատին պահելով պիտի հասնինք ու վերջնականօրէն արմատաւորուինք այնտե՛ղ, ուրկէ մեզ պոկեց թշնամին:

Առաւօտեան սուրճին հետ, ստուգելէ ետք Ուաթսափս, ուր սիրածս մեսէյճ չէր ձգած, կը բանամ Դիմատետր եւ Արարատի գագաթին ԼԵՄ-ի դրօշը… Արդէն կ’արժէ գինի՜ բանալ, խորովածի կրակարան վառել, պարել, կրակել, ինչու չէ պսակուիլ այդ պատկերին դիմաց: Ուաթսափով կը փոխանցեմ զգացումներս ընկերոջս: Եարս, որուն անուշի՜կս ըսելու իրաւունքը դեռ չեմ ստացած, դեռ քնացած է…

– Ուրա՞խ ես, որ թրքական իշխանութիւնները արտօնած են: Ընկերոջս պատասխանն է… Առտու կանո՜ւխ ի՞նչ կ՛ուզես, բայց թուրքերէն հրաման ուզողը ո՞վ է…

– Մարաթուկի վրայ պէտք է նախ պարզուի ԼԵՄ-ի դրօշը, Մարաթուկը աւելի հոգեհարազատ պէտք է թուի ԼԵՄ-ի տղոց, Արարատի արմատները Մարաթուկի ու Մռավի մէջ խռուած են… Առ քեզի բան հիմա, ձգէ յուզուինք ուրախանանք, ցաւդ տանեմ ընկե՛ր ջան, ո՞ր հայուն հոգեհարազատ չէ ԼԵՄ-ի դրօշը Արարատի վրայ տեսնելը… Եւ կը խորանամ…

Ես գիտեմ, որ ընկերս ալ յուզուեցաւ այդ պատկերը տեսնելով, վերջապէս ընկերս ալ հայ է ու դաշնակ շուն (խածնող տեսակի), բայց տարիքով, խելքով ու փորձառութեամբ ինձմէ մեծ է ընկերս, յաճախ կ՛ըսէ, որ մենք հանդէ՜ս եւ ֆանֆար շա՜տ սիրող, զգացական ժողովուրդ ենք:

Կը մտածեմ, որ միայն մեր ազգի՞ն է յատուկ աշուղական, քնարական ազգ ըլլա՞լը… Դժբախտաբար քիչ մը ամէն ազգի յատուկ երեւոյթ է ժողովրդական խաւերուն մօտ, բայց հզօր ազգերու պարագային քնարականութիւնն ու աշուղները երբեք ղեկավար դաս չեն թափանցած… Հզօր ազգերու պարագային, այդ դասի մօտ տիրող մթնոլորտը, սառը դատողութիւնն ու կազմակերպչական ոգին է…

Կը բանամ Ուաթսափս, դեռ քնած է եարս, որմէ դեռ զինք հոգի՜ս կոչելու իրաւունքը չեմ ստացած, աւելի կը տխրիմ ու հետեւաբար աւելի կը խորանամ…

Ժամանակին Ուրմիոյ լիճն ալ մերն էր, հիմա մէկը հոն դրoշակ բարձրացնող չկայ… Կ’արժէ՞ մտմտալ թրքական լուծը հանդուրժելու ԼԵՄ-ի դրօշակին իրողութեան վրայ…

Մեր սերունդը կ՛երազէր դրoշակը Սասուն պարզել յարձակող հայկական բանակին ընդառաջ, որ պիտի ազատագրէր Մարաթուկը… Բայց եւ այնպէս մեր սերունդը Սասուն ֆետայիներ չուղարկեց, մեզմէ քիչերը գացին Արցախ մարտնչելու® եւ գլուխս կը կախեմ…

29 -31 օգոստոս 2019
Արագած-Պէյրութ

Մարաթուկ Լեռ

aztagdaily.com/archives/462650

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail