«Թեհրան Կը Մերժէ Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Կողմէ Զինուորական Դիրքերու Կառուցումը» Կ՛ըսէ Մուսաւի
22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «Press release – The Republic of Western Armenia (Armenia) applied to the UN with a proposal to demarcate the border between the state of Armenia and the Republic of Azerbaijan»
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի յայտնեց. «Թեհրան կը մերժէ սուրիական հողերուն մէջ Անգարայի կողմէ իրեն պատկանող զինուորական դիրքերու կառուցումը: Մենք Սուրիոյ մէջ Անգարայի կողմէ զինուորական կեդրոններու կառուցման դէմ ենք»:
«Հարցերը պէտք է լուծել դիւանագիտական միջոցներով եւ պէտք է յարգել Սուրիոյ հողերուն անձեռնմխելիութիւնը», նշեց Մուսաւի:
«Թուրքիայէն կ՛ակնկալենք, որ իր զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին յարգէ մարդասիրական հարցերը, եւ կը հաստատենք, որ լուծումը ստորագրուած համաձայնութիւնները յարգելու մէջ է», աւելցուց ան:
«Կը մերժենք հիւսիսային Սուրիոյ դէմ թրքական յարձակումը եւ կը հաստատենք, որ պէտք է յարգել անոր գերիշխանութիւնը», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
«Ատանայի համաձայնութիւնը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ փոխադարձ հասկացողութեան յարմար լուծումն է», նշեց ան` աւելցնելով. «Շրջանին բոլոր երկիրները պէտք է յարգեն իրարու գերիշխանութիւնը եւ իրենց միջեւ խնդիրները լուծեն երկխօսութեան ճամբով»:
aztagdaily.com/archives/462693