«Մոսկուան Կ՛աջակցի Դամասկոսի Եւ Անգարայի Միջեւ Ատանայի Համաձայնութեան Հիմամբ Երկխօսութեան Սկսման» Կ՛ըսէ Լաւրով
22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «Пресс-релиз — О демаркации границы между государством Армения и Республикой Азербайджан»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց. «Ռուսիան պատրաստ է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ երկխօսութեան ձեռնարկման օժանդակելու»:
Ան աւելցուց, որ այդ երկխօսութիւնը «պէտք է հիմնուած ըլլայ երկու երկիրներուն կողմէ ստորագրուած Ատանայի համաձայնութեան վրայ»:
«Մոսկուան պատրաստ է ամրապնդելու Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ երկխօսութիւնը, որ պէտք է հիմնուած ըլլայ Ատանայի համաձայնութեան վրայ», ընդգծեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
«Անշուշտ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան միջեւ երկխօսութեան կարիքը կայ, եւ մենք պատրաստ ենք նաեւ աջակցութեան դեր ստանձնելու` քաջալերելու համար այդպիսի ուղղակի հաղորդակցութիւնները», նշեց Լաւրով:
«Յստակ է, որ Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ երկխօսութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ 1998 թուականի Ատանայի համաձայնութեան վրայ», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով. «Մոսկուան նաեւ կը զօրակցի Ատանայի համաձայնութեան մէջ բարեփոխումներ կատարելուն, եթէ Անգարան ու Դամասկոսը ատիկա փափաքին»:
aztagdaily.com/archives/462706