Րաֆֆի Տուտագլեան – Հայաստանեան խայտառակութիւններ
22 հոկտեմբեր, 2019 – Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:
Րաֆֆի Տուտագլեան – Հայաստանեան խայտառակութիւններ
1.- «Հետք»ը տեղեկացուց, որ վարչապետ Փաշինեանը գաղտնապէս բարձրացուցած է նախարարներու եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու աշխատավարձերը։ Գաղտնի աշխատավարձ բարձրացնելը ո՞րն է։
Ինչո՞ւ գաղտնի, ի՞նչ հիմնաւորումով եւ ի՞նչ տրամաբանութեամբ։ Այսինքն վարչապետը իրապէս կը հաւատա՞ր, որ աշխատավարձերու բարձրացումը գաղտնի կը մնայ…
Լաւ էլի, բոլորն ալ գիտեն, որ Հայաստանի պետպաշտօնէութիւնը շատ ցածր աշխատավարձ ունի։ Հազար տարի է բոլորն ալ կ՚ըսեն, որ պաշտօնեաները կաշառքէ հեռու պահելու ձեւերէն մէկը արժանապատիւ եւ լաւ աշխատավարձն է, ինչպէս օրինակ զարգացած բազմաթիւ երկիրներու պարագային։
Մենք բոլորս ալ կը փափաքինք, որ մեր պետպաշտօնեաները ըլլան բարձր որակաւորումով, լաւ վարձատրութիւն ստացող արհեստավարժ քաղծառայողներ, եւ ոչ թէ քաւոր-սանիկով պաշտօնի տիրացածներ։
Աշխատավարձերը ճակատաբաց պէտք է բարձրացնել՝ մանաւանդ երբ արդիւնաւէտ աշխատանք կայ։ Գաղտնի պահել ի՞նչ ըսել է, անհեթեթութիւն է, խայտառակութիւն, ծիծաղելի եւ այո՝ խիստ քննադատելի…
2.- Բարձրաստիճան բազմաթիւ նախկին պաշտօնեաներ, որոնք ձերբակալուած են կամ տարբեր յանցանքներու կասկածով՝ դատական հետապնդումի տակ են, ոչ միայն մեղայական խօսք չեն ըսած, այլ բոլորն ալ իրենք իրենց անմեղ յայտարարած են եւ քաղաքական բանտարկեալ կ՚ուզեն նկատուիլ։
Ուրեմն լա~ւ լսեցէք՝ կաշառքով, թալանով, կոռուպցիայով եւ պաշտօնի չարաշահմամբ մեղադրուող կամ ամբաստանուող նախկին բոլոր պաշտօնեաները անմեղ են, սպիտակ աղաւնիի նման…
անոնք բոլորն ալ քաղաքական պատճառներով կը հետապնդուին, հասկցա՞ք։ Հայաստանի մէջ կոռուպցիա չէ եղած, չարաշահում չէ եղած, ապօրինի հարստութեան դիզում չէ եղած։ Բոլորն ալ մի քանի տարուայ ընթացքին արդար ճակտի քրտինքով միլիառատէր դարձեր են։
Լաւ էլի, Հայաստանի մէջ մեղաւոր մարդ կա՞յ, բոլորն ալ քաղաքական հալածեալնե՞ր են։ Իսկ ովքե՞ր էին պետպիւտճէն թալանողները, կաշառք վերցնողները, պաշտօն չարաշահողները։
Երեւի Սորոսն էր, իսկ նախկինները հրեշտակներ էին, որոնք այսօր անարդար կերպով կը հետապնդուին այս վայրենի եւ գիշատիչ յեղափոխականներուն կողմէ… վա~խ եմ ըսեր…
3.- Հերիք է, ՀՀԿ եւ դաշնակիցներ, խօսիք Ստալինեան օրերու եւ 37 թուականի մասին։ Լու՞րջ եք… պատմութիւն սորվե՞ր եք ձեր փոքրիկ սովետական դասարաններուն մէջ։
Եթէ Ստալին ու 37 թուական ըլլար, դուք բոլորդ հիմա ձեր տակը ըրած, ձեր սենեակներէն դուրս չէիք ելլեր։ Հիմա ձեր ամպագոռգոռ յայտարարութիւնները, ձեր վայնասունները, ձեր ֆէյքերը, ձեր հարիւրաւոր լրատուամիջոցները, պետութիւնէն գողցած ձեր միլիառներու հասնող գումարներով կը գործածեք պետութեան իսկ դէմ։
եւ հակառակ երկիրը քար ու քանդ ընող ձեր վարքագիծին՝ այսօր ազատօրէն կը ֆռֆռաք Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ կաֆեներու անկիւնները հանգիստ տեղաւորուած՝ հազար ու մէկ դաւ կը հիւսեք հայրենի նոր ու երիտասարդ իշխանութիւններու դէմ…
37-ի եւ Ստալինի մասին ձեր խօսակցութիւնը «գող՝ սիրտը դող»ի հոգեբանութիւն կը մատնէ… Եթէ անմեղ եք՝ մի մտահոգուիք, իսկ եթէ կողոպտած եք երկիրն ու ժողովուրդը, ուշ կամ կանուխ հաշիւ պիտի տաք, պաշտօնեաներու աշխատավարձերը բարձրացնող վարչապետով, կամ առանց վարչապետի…
civilnet.am/news/2019/10/22/Հայաստանեան-խայտառակութիւններ/369155?