Անակնկալ Այցելութիւն Մը Տալով Իտլիպի Գիւղական Շրջանի Ճակատ. Ասատ. «Էրտողանը Գող Է,,,,,

Անակնկալ Այցելութիւն Մը Տալով Իտլիպի Գիւղական Շրջանի Ճակատ. Ասատ. «Էրտողանը Գող Է, Գործարանները, Ցորենն Ու Քարիւղը Գողցաւ, Եւ Այժմ Կ՛ուզէ Հողը Գողնալ»

23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, վերաբերյալ»

Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անակնկալ այցելութիւն մը տուած է Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող ճակատի առաջին գիծ:

Ասատ իր այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կոչած է «գող, ան գործարանները, ցորենն ու քարիւղը գողցաւ… եւ այսօր կը գողնայ հողը»:

«Սուրիոյ մէջ բոլոր շրջանները նոյն կարեւորութիւնը ունին, սակայն առաջնահերթութիւնները կը ճշդուին գետնի վրայ զինուորական կացութեան հիմամբ», աւելցուցած է ան:

«Իտլիպը անոնց համար մեծ կալանավայր մըն էր, եւ կալանավայրը ընդհանրապէս առաջին գիծի վրայ կ՛ըլլայ, սակայն այս պարագային արեւելքի եւ արեւմուտքի մէջ առաջին գիծի կալանավայրի մէջ ճակատամարտը սուրիական արաբական բանակի ուժերը ցրուելու համար է», նշեց Սուրիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Կ՛ըսէինք եւ կը շարունակենք ըսել, թէ Իտլիպի ճակատամարտը Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ քաոսին եւ ահաբեկչութեան վերջ տալու հիմն է»:

«Երբ յարձակումի կամ կողոպուտի կ՛ենթարկուինք պէտք է կողք-կողքի կանգնինք եւ մեր միջեւ համակարգում կատարենք, սակայն կարգ մը սուրիացիներ ատիկա չըրին, մասնաւորաբար պատերազմի առաջին տարիներուն… անոնց ըսինք` արտաքին աշխարհի վրայ գրաւ մի՛ դնէք, այլ բանակին, ժողովուրդին ու հայրենիքին… սակայն ի զուր… այսօր անոնք իրենց գրաւը դրած են ամերիկացիներուն վրայ», ըսաւ Ասատ:

Անդրադառնալով վերջին օրերուն Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ թրքական ուժերուն միջեւ բախումներուն` Ասատ յայտնեց. «Անցնող տարիներուն ոմանց կողմէ մեր լսած բոլոր պոռոտախօսութիւններէն ետք, թէ պիտի կռուին ու պաշտպանեն… վերջերս մեր տեսածը այն է, թէ թուրքը քանի մը օրուան ընթացքին ամերիկացիներու ծրագրածին նման կը բռնագրաւէ լայն տարածքներ, որոնք պէտք էր անոնց վերահսկողութեան տակ ըլլային»:

«Հիւսիսի մէջ ներխուժումի սկսելէն ետք առաջին գործը, որ ըրինք, կապ հաստատելն էր գետնի վրայ գտնուող քաղաքական ու զինուորական ուժերուն հետ, եւ ըսինք, որ պատրաստ ենք աջակցելու որեւէ խմբաւորումի, որ կը դիմադրէ… ասիկա քաղաքական որոշում չէ, այլ սահմանադրական եւ ազգային պարտաւորութիւն, եւ եթէ ատիկա չկատարենք, հայրենիքին արժանի չենք ըլլար», նշեց Սուրիոյ նախագահը:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/462849

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail