Արթուր Խաչատրեան. «Մենք Կը Տեսնենք Ազրպէյճանի Զինուորական Աճը, Պէտք Է Բոլորս Միաւորուինք»

Արթուր Խաչատրեան. «Մենք Կը Տեսնենք Ազրպէյճանի Զինուորական Աճը, Պէտք Է Բոլորս Միաւորուինք»

23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետության (Հայաստան պետության) անդամակցության վերաբերյալ»

«168 Թի. Վի.»-ի «Ռեվիու» հաղորդաշարին հիւրը` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ հայաստանեան ներքին խնդիրներու մասին, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի սպառազինութեան մասին:

Պատասխանելով լրագրողի հարցումին, որ կը վերաբերի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործին եւ այն կարծիքին, որ անիկա կը հակասէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտի կարգ մը սկզբունքներուն, Արթուր Խաչատրեան դիտել տուաւ, որ փորձ կը կատարուի այս դատը ներկայացնելու իբրեւ զուտ իրաւական խնդիր, սակայն անիկա քաղաքական է, որովհետեւ զայն պաշտօնէ արձակելու որոշում տալէ ետք փորձ կը կատարուի համապատասխան պատճառաբանութիւնները գտնել: «Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ` յանցագործը գտած են եւ հիմա կը փորձեն ճիշդ յօդուած բանաձեւել, բայց պէտք է ըսեմ, որ Սահմանադրական դատարանին կողմէ իրենց դիմումը չընդունուելէ ետք տեսակ մը կրաւորականութիւն կը նկատեմ», յայտնեց ան:

Լրագրողը նշեց, որ կարծիք կայ, թէ իշխանութիւնը` արդարադատութեան համակարգի բարեփոխման անուան տակ, կ՛ուղղուի սեփական դատական իշխանութեան ստեղծման: Զրուցակիցը յայտնեց, որ իւրաքանչիւր երկրի կայունութեան եւ զարգացման հիմքը օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններուն անկախութիւնն է: «Փոխանակ իշխանութիւնները քայլեր ձեռնարկեն, իրապէս, անկախ դատական համակարգ ստեղծելու ուղղութեամբ, կ՛երթան դատական համակարգը իրենց ենթարկելու ուղղութեամբ», աւելցուց Խաչատրեան:

2020-ի պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ պաշտպանութեան ծախսերուն յատկացուած գումարը միայն 0,8 առ հարիւրով աւելցնելու մասին խօսեցաւ լրագրողը` մատնանշելով, որ միւս կողմէ, Ազրպէյճան զինուորական ծախսերը կ՛աւելցնէ 21 առ հարիւրով:

«Ազրպէյճանի այդ քայլը չի կրնար մեզ չանհանգստացնել, Ազրպէյճանի զինուորական կարողականութեան աճը խորհելու առիթ կու տայ, որովհետեւ անիկա կ՛ուղղուի մեր դէմ: Այս պայմաններուն մէջ, երբ մենք կը տեսնենք Ազրպէյճանի զինուորական աճը, պէտք է բոլորս միաւորուինք, արտաքին վտանգը ակնյայտ է: Բռունցքուելու խնդիր ունինք, բայց մեր մօտ կը շարունակուի սեւի եւ սպիտակի, յեղափոխականի եւ հակայեղափոխականի բաժանումը», նշեց Արթուր Խաչատրեան:

Զրոյցը վարողը դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը 2019-ն յայտարարեց տնտեսական յեղափոխութեան տարի` հարցնելով, որ յեղափոխակա՞ն է 4,9 առ հարիւր տնտեսական աճի ցուցանիշը, որ դրուած է 2020-ի պիւտճէի նախագիծին մէջ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը` ժխտական պատասխան տալով, շեշտեց, որ պէտք է ներդրումները աւելցնել, իսկ ներդրում չի կատարուիր այն երկրին մէջ, ուր մնայուն կերպով յեղափոխական մթնոլորտ կայ:

«168 Թի. Վի.»-ի զրուցավարը նշեց, որ Հայաստանի 2020-ի պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ պետական մարմիններու պահպանման ծախսերը հաշուըուած են` հիմք ընդունելով 18.991 պաշտօններու թիւ, որ 2019-ին հետ բաղդատելով, աւելցած է 534-ով:

«Ատիկա կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան բացակայութեան դրուագ է. կառավարութիւնը անցեալ տարի կը խօսէր 100 հազար ձրիակերներու մասին, իսկ այս տարի ունինք պաշտօններու յաւելում: Իշխանութիւնը տնտեսական քաղաքականութեան մէջ դեռ ինքզինք չէ գտած: Տեսէք, տնտեսութեան մէջ որեւէ մենատիրութիւն չէ կազմաքանդուած, իսկ նախկին սակաւապետները դարձած են խոշոր սեփականատէրեր», պատասխանեց Խաչատրեան:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/462804

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail