Թուրքիան Դադրեցուց Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Իր Զինուորական Գործողութիւնը
24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «Աֆրինում Թուրքիայի Հանրապետութեան զինուած ուժերի կողմից իրականացուող ռազմական գործողութեան վերաբերեալ: Իսկ ի՞նչ իրաւունքով են այդ զինուած ուժերը այնտեղ»
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները տեղեակ պահած է, թէ քիւրտ զինեալները ամբողջովին հեռացած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքէն եւ այլեւս կարիք չկայ այդտեղ իր զինուորական գործողութիւնը շարունակելու:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու իր կարգին Սոչիի մէջ Փութին¬Էրտողան հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ հանդիպումին գլխաւոր նպատակը Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումն էր:
Մինչ այդ, ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը սկսաւ Մընպեժի հիւսիս-արեւելքին մէջ հսկողութիւն կատարել:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս յայտարարեց, որ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը հեռացած են Սուրիոյ մէջ թուրք¬ամերիկեան համաձայնութեան հիմամբ ստեղծուելիք ապահով գօտիէն:
Փենս աւելցուց, որ Թուրքիոյ եւ քիւրտերուն միջեւ Սուրիոյ մէջ մնայուն զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ այդ զինադադարը իրագործելի է:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ղեկավարէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ իրենց բոլոր ուժերը ամբողջովին հեռացած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքէն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին յայտարարեց. «Մեր մարտական առաքելութիւնը աւարտեցաւ, եւ քիւրտերը դարձան ապահով, իսկ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման ձերբակալուած զինեալները հսկողութեան տակ առնուեցան»:
«Թուրք-սուրիական սահմանին վրայ մեծ յաջողութիւն արձանագրուեցաւ` ապահով գօտի եւ զինադադար հաստատուեցան», նշեց Թրամփ:
Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնեց, որ Դամասկոս կ՛ակնկալէ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող քարիւղի հանքերուն վերահսկողութեան վերատիրանալ:
Ան նաեւ նշեց, որ Դամասկոս աշխատանք կը տանի վերաբնակեցնելու քիւրտերը, «որովհետեւ անոնք սուրիացի ժողովուրդի անբաժանելի մէկ մասն են»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց. «Գամիշլի քաղաքը գործողութենէն («Խաղաղութեան աղբիւր «Ա.») դուրս ձգեցինք սուրիական վարչակազմի ուժերուն հետ բախում չունենալու համար»:
Ան աւելցուց, որ այն շրջանները, որոնցմէ քրտական ուժերը պիտի հեռանան, պիտի ղեկավարուին շրջանի բնակչութեան կողմէ կազմուած տեղական վարչութիւններու կողմէ:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ պատմութիւնը պիտի արձանագրէ Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներուն ու Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ վերաբերեալ համաձայնութիւնը` իբրեւ քաղաքական յաջողութիւն: Ան աւելցուց, որ աշխարհի մեծագոյն երկու երկիրները` Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան ընդունեցին թրքական բանակի «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութեան օրինականութիւնը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ սուրիական բանակը Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ հսկողութեան 15 կէտեր հաստատած է:
aztagdaily.com/archives/462998