Արցախի Բարեկամներու Համաժողովին Մասին Կարծիքներ Եւ Կեցուածքներ

Արցախի Բարեկամներու Համաժողովին Մասին Կարծիքներ Եւ Կեցուածքներ

24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

11 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպած` «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրը կրող Արցախի բարեկամներու քառօրեայ համաժողովը, որուն մասնակցեցան 30 երկիրներէ 150 հասարակական, քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Ապառաժ»-ի եւ «Երկիր»-ի հետ այդ անձնաւորութիւններուն ունեցած ամփոփ զրոյցներուն եւ համաժողովին անոնց ունեցած ելոյթներուն ընթացքին Արցախի բարեկամներուն արտայայտած կարծիքներն ու կեցուածքները:

Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Մարիօ Նալպանտեանը, ամփոփելով համաժողովի արդիւնքները, ըսաւ.

«Համաժողովը կառուցուածքով եւ արդիւնքով իւրայատուկ էր ու բացառիկ: Մենք բոլորս պէտք է շնորհակալ ըլլանք Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան կառոյցներուն, որոնք նախաձեռնեցին եւ իրագործեցին այս հսկայական աշխատանքը: Համաժողովը Արցախ այցելելու առիթ ստեղծած է 150 պատուիրակ-բարեկամներու` Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին զօրակցութիւն յայտնելու նպատակով: Պատուիրակներէն իւրաքանչիւրը իր երկրին մէջ ազդեցիկ եւ լուրջ ներկայացուցիչ է, եւ ասոր մէջ կը կայանայ համաժողովի բացառիկ երեւոյթը»:

Անդրադառնալով Արցախի բարեկամներու համաժողովի արդիւնքներուն` ան նշած է, որ ապագայի աշխատանքները նախագծման փուլի մէջ են:

«Մեկնելով մեր երկիրները` պիտի շարունակենք աշխատանքներ` ծաւալել համաժողովի գործունէութեան նոր թափ տալու ուղղութեամբ: Համաժողովի արդիւնքները Արցախի հարցը անգամ մը եւս միջազգային հանրութեան ուշադրութեան ներկայացնելու առիթ են», ըսած է Նալպանտեան:

Լաթվիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Սերկէյ Փոթափքինսսը ըսած է. «Արդէն 2-րդ տարին է, որ Արցախ եմ: Առաջին անգամ Արցախ եկած եմ 2016-ին, քառօրեայ պատերազմէն ետք, այդ պատճառով ալ անմիջապէս յայտնուած եմ Ազրպէյճանի սեւ ցանկին մէջ: Անչափ ուրախ եմ, որ նման համաժողով կազմակերպած են: Կը կարծեմ, թէ աշխարհի տարբեր երկիրներէն պէտք է գան Արցախ, ճանչնան այս երկիրը եւ ծանօթանան արցախցիի կենսակերպին: Այս ամէնը կ՛օգնէ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ Արցախի ճանաչման: Չեմ կարծեր, թէ Արցախի հիմնախնդիրը Ազրպէյճանի եւ Արցախի երկկողմանի փոխյարաբերութեան խնդիր է: Արցախի ժողովուրդը պէտք չէ մեկուսացուած եւ կախեալ ըլլայ քաղաքականութենէն: Անոնք իրաւունք ունին հիւրեր ընդունելու»:

Ռուսիոյ քաղաքական գործիչ Իւան Նովեցկին ըսած է.

«Այս համաժողովը հաւասարապէս կարեւոր է Արցախի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ համար: Ես Արցախ եղած եմ չորս անգամ եւ ուրախ եմ, որ զայն իրապէս տեսնելու ու ճանչնալու կարելիութիւններ ունեցած եմ: Այսօր Արցախը կը ներկայանայ որպէս քաղաքակիրթ եւ զարգացած երկիր: Ինծի համար հաճելի է ըլլալ Արցախ, եւ բոլոր անոնք, որոնք կը սիրեն լեռները, կրնան գալ այստեղ եւ ճանչնալ հիւրընկալ Արցախը: Ռուսիան միշտ մտահոգուած է Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրով: Պատմութեան մէջ Հայաստանը եզակի երկիր է, որուն հետ Ռուսիան խնդիրներ չէ ունեցած: Ռուսիան, Արցախն ու Հայաստանը բարեկամ երկիրներ եղած են, եւ այդ բարեկամութիւնը պիտի շարունակուի»:

ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի ատենապետ Ժիւլ Պոյաճեանը նշած է, որ Արցախի ժողովին մասնակցած են 21 հոգինոց պատուիրակութեամբ: Պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են քաղաքապետեր, պատգամաւորներ, լրագրողներ:

«Մեզի համար կարեւոր է այցելութիւնը եւ համաժողովին մասնակցութիւնը, յատկապէս Արցախի տարբեր շրջաններու հետ Ֆրանսայի դատարաններու կողմէ բարեկամութեան հռչակագիրներու չեղարկման վերաբերեալ որոշումէն ետք: Կը պայքարինք քաղաքներու միջեւ բարեկամութեան վերականգնման համար: Ճիշդ է, այսօրուան դրութեամբ չենք շահած դատը, բայց պէտք է շահինք: Մենք կ՛աշխատինք այս հարցի ուղղութեամբ», ըսած է Ժիւլ Պոյաճեան` աւելցնելով, որ պատուիրակութեան անդամները նաեւ այցելած են Շուշի, Մարտակերտ, Մարտունի եւ Հատրութ քաղաքները:

Հայ դատի Միացեալ նահանգներու յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի կառավարական գործերու տնօրէն Թերեզա Երէմեան պատմեց, որ ազրպէյճանցիները կը հաշուէին այն հայերը, որոնք Պաքուէն, Սումկայիթէն փախուստ տալով գացած են Քալիֆորնիա, եւ որոնց անձնագիրներուն մէջ գրուած է, որ Ազրպէյճան ծնած են ` նպատակն ունենալով ինքնութիւնը առնել անոնցմէ, ապա ըսաւ, որ Հայ դատի յանձնախումբը, իբրեւ համակարգ, այդ հարցը լուծեց եւ թոյլ չտուաւ նման արարքի:

Իբրեւ Արցախի ժողովուրդի` պետական մտածողութիւն ունենալու վկայութիւն, Երէմեան օրինակ մը յիշեց.

«Երբ մեր երկիրներուն մէջ ընտրութիւններ կ՛ըլլան, յաճախ չենք երթար քուէարկութեան, իսկ Արցախի պարագային այդպէս չէ: 2015-ին հեռաւոր գիւղերէն մէկուն մէջ, երբ դիտորդական առաքելութեամբ ներկայ էինք, կին մը մօտեցաւ 2 ձեռնափայտով, որոնք ծառի ճիւղեր էին: Այդ կինը, որ 96 տարեկան էր, 1 քմ քալած էր, որ գայ քուէարկութեան: Երբ ըսինք` ինչո՞ւ այդ դժուարութիւններով եկած էք, ըսաւ` ես իմ 2 տղաներս պատերազմին կորսնցուցի` ինչ իմաստ ունի, եթէ ասիկա չկարենամ չընել: Ան արցախցիի լաւագոյն օրինակն է»:

Պելճիքայի Կանաչներու կուսակցութեան պատգամաւոր Մարի Լեքոքը ըսած է. «Մեծ կարեւորութիւն ունին նման համաժողովները, քանի որ այս հանդիպումներու ժամանակ մարդիկ իրարու հետ միտք կը փոխանակեն: Ես կ’արժեւորեմ այս ֆորումը առաջին հերթին Արցախը սեփական աչքերով տեսնելու եւ անոր պատմութիւնը ճանչնալու տեսանկիւնէն: Եթէ մենք կը խօսինք ազգերու ինքնորոշման մասին, ապա պէտք է հաշուի առնել բոլոր ժողովուրդներու իրաւունքները, անոնց հետ մէկտեղ նաեւ հայերու ու ազրպէյճանցիներու իրաւունքները հաւասար»:

Թորոնթոյի ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ դատի գրասենեակի ատենապետ Յարութ Մաթոսեան ըսած է.

«Ասիկա շատ կարեւոր հանդիպում է առաջին հերթին Քանատայի համար, քանի որ Արցախ կը գտնուին աշխարհի տարբեր երկիրներու քաղաքական ներկայացուցիչներ: Քանատան ունի բաց օրէնսդրութիւն եւ Արցախի ինքնորոշման հարցով կ’ունենայ առարկայական տեսլական»:

Քալիֆորնիոյ նահանգի խորհրդային մարմնի անդամ Ատրին Նազարեան ըսած է. «Ասիկա իմ չորրորդ այցելութիւնս է Արցախ` նահանգի պատուիրակութեան ուղեկցելով: Ես կը փորձեմ պատուիրակութեան անդամներուն ծանօթացնել Արցախի հիմնախնդիրները, եւ այս առումով կարեւոր նշանակութիւն ունի այս համաժողովը: Համաժողովի մասնակիցները կ՛ոգեւորուին իրարմով եւ կը լեցուին փոխհամագործակցութեան եռանդով: Ինծի համար կարեւոր է Արցախի ուժեղ եւ մնայուն ըլլալը: Արցախի ուժեղ ըլլալով պայմանաւորուած է Հայաստանի ուժեղ ըլլալը, քանի որ Արցախը լոյս է Հայաստանի եւ սփիւռքի համար»:

(Շար. 2 եւ վերջ)

aztagdaily.com/archives/462912

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail