Ազգային «Ֆենոմեն» – 2. Հանճարեղ Մեսրոպ Մաշտոցի 36 Զինուորները Միայնակ Կը Կռուին Առ Այսօր
23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Մաշտոցը` իր ժամանակի ականաւոր գիտնականը, ո՛չ միայն լեզուագէտ էր, այլ նաեւ հնչիւնաբան, ով տիրապետում էր հայերէնի տարբեր խօսուածքների եւ ընդհանուր հնչական համակարգին, մեր լեզուի քերականական կառոյցին, դրանց հիման վրայ կառուցելով իր եզակի ուղղագրութիւնը:
ՓՐՈՖ. ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՂԱՅԵԱՆ
Այնքան շատ ու բազմախորհուրդ վերլուծութիւններ են եղած հայոց մեծագոյն հանճարին մասին, որ իւրաքանչիւր բանիմաց հայորդի, պահ մը շշմած եւ մտատանջ, կը հետեւի անոնց, եւ, իր կարգին, կ՛ուզէ իր երախտագիտութիւնը յայտնել, ի հարկին սեւով սպիտակին յանձնել մտքի կայլակներ, որոնք աղօթքի համազօր մրմունջներ են եւ հասցէագրուած ազգակերտ անհատականութեան մը` հայու տեսակի ստեղծիչին:
Այո՛, աղօթքի մրմունջներ, ըլլան անոնք ամէնօրեայ թէ պատեհ առիթներու: Ըլլան անոնք անհատապէս թէ հաւաքական միջավայրի մէջ, առանց պճնասիրութեան եւ ինքնագոհ պահուածքի, բայց միշտ` խայտանքով եւ երկիւղածօրէն:
Որովհետեւ, որքա՛ն խորանանք այս վեհափառ կերպարի ու ապագայատեսի կազմաւորում ունեցող գիտնականին ամենասուրբ արարքին մէջ, այնքա՛ն կարող պիտի ըլլանք ըմբռնել անոր մարդագէտի, իմաստասէրի, ուսուցչապետի, հզօր քաղաքագէտի եւ իրաւ յեղափոխականի արժանիքները:
Մէկ խօսքով` դարերու խորերէն մինչեւ մեր օրերը խոյացող սրբալոյս դէմքին եւ Օշականի մէջ իր հանգիստը ունեցող շիրիմին առջեւ, իւրաքանչիւր հայկազեան ցեղի զաւակ պարտաւոր է, կեանքի մէջ գէթ մէկ անգամ խոնարհիլ եւ համբուրել այն շիրմաքարը, որուն տակ իր ոգեղէն ներկայութիւնը կը պահէ հայոց մտքի հսկան` իբրեւ մշտնջենական լոյսի խորհուրդն ու յաւերժ ապրելու ուժը իր մէջ պարփակող սրբազան վարդապետ:
Մեսրոպ Մաշտոց:
Եզակի անուն մը, որ աւելի քան 1600 տարիէ կը բարբառի իւրաքանչիւր հայու շուրթին, մանկութենէն սկսեալ, կողքին կը մնայ ու անոր կ՛ուղեկցի կեանքի տարբեր փուլերուն:
Իրօք, իւրայատուկ հնչեղութեամբ օժտուած անուն մըն է` պարզ ու կենդանի, ուժեղ, հաստատ եւ ներհուն, որ իր մէջ կը խտացնէ իր ազգին վսեմ, անդամանդեայ եւ առանձնայատուկ արժանիքները, հայաշունչ ապրումները, յոյզերն ու երազները:
Աւելի՛ն. անուն մըն է, որ դարերէ ի վեր կը մարմնաւորէ իր ազգին մեծութիւնը, քաղաքակիրթ աշխարհի ձեւաւորման մէջ անոր` ազգին ունեցած անփոխարինելի դերը, առաքինութիւնը, ստեղծագործ մտքի ներուժը, այլապէս` հոգեկերտուածքը:
Արդ, աներկբայօրէն եւ ամէն պատեհ առիթի պէտք է մարդկութեան յիշեցնել, թէ հայ ազգը իր ծոցէն ծնունդ տուած է հանճարեղ ու անկրկնելի մարդու մը, որ կրցած է իր ժամանակի փարոսը ըլլալ եւ իր գիտնականի պահուածքով ստեղծել այն զէնքը, որով կարելի է քաղաքակրթական ամէնէն բարձր ամպիոնները նուաճել, մարդանալ, ժողովուրդի սեփական ինքնութիւնը լոյսին բերել եւ պահպանել, ազգային մշակոյթ եւ նկարագիր կերտել, իրերայաջորդ սերունդներու հոգեմտային աշխարհը կառուցել, ամրապնդել, եւ առանց բացառութեան` նորարարի, յառաջադէմի եւ ստեղծագործի վայելուչ դիմագիծով պարուրել ազգի ամէն մէկ մասնիկը, բաղադրիչը:
Ահաւասիկ, չմահացող, չտժգունող, հնաբոյր չդարձող, այլապէս միշտ կայտառ, ինքնանորոգ, առաւել ինքնավստահ ակումիտ-գիտնականի մը` Մեսրոպ Մաշտոցի ու անոր աշակերտներուն յիշատակն է, զոր ոգեկոչեցինք Թարգմանչացի օրը:
Եթէ երբեք Մեսրոպ Մաշտոց իր հայոց գիրերու գիւտով կրցաւ ազգի մը մութ եւ խառնափնթոր ապագան ջահաւորել, ապա, անոր շունչով դաստիարակուած բուռ մը աշակերտներ` յաջողեցան հայոց Ոսկեդարը կերտել:
Եթէ երբեք հայոց արքունիքը, յանձին Վռամշապուհ թագաւորին, կրցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի հանճարը արժեւորել, անոր թեւ ու թիկունք կանգնիլ, ապա, տուեալ կեցուածքով` ազգը կրցաւ բիւրեղացնել ազգին հոգեմտային հարստութիւնը եւ նետուիլ հաւաքական լուսաւորութեան ճանապարհի հարթեցման:
Եթէ երբեք հայոց կաթողիկոս Սահակ Պարթեւի իմաստուն աջակցութեան եւ ուղղակի հսկողութեան բարիքները մղիչ ուժ հանդիսացան Ուսուցչապետին, ապա ան համարձակութիւնը ունեցաւ դպրութեան կեդրոններ կառուցելու, հայ գիր ու գրականութիւն ուսուցելու, հայ բանիմաց ուսանողներ պատրաստելու` զանոնք ուղարկելով շրջակայ երկիրներու երբեմնի համալսարաններ:
Ըսուած է, չէ՞, որ հայ ազգի յաղթանակներու եռոտանի հարթակը կազմուած է հայ իրականութեան մէջ գործող արքունիքի (պետութիւն), եկեղեցւոյ (դաւանանքի) եւ հանճարեղ սերունդի (ազգային ոգի) ներկայացուցչութիւններու ներդրումով:
Եւ ահա, քայլ առ քայլ, Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտները` թարգմանիչները, կրցան հունաւորել ազգային հոգեմտաւոր կեանքը եւ օրինակ դառնալ հետագայ սերունդներու: Անոնք` Եղիշէ, Կորիւն, Եզնիկ Կողբացի, Յովսէփ Պաղնացի, Ղեւոնդ Երէց, Մովսէս Խորենացի, Դաւիթ Անյաղթ եւ շատ շատեր հանդիսացան այն տիպար աշակերտները, որոնք իրենց վստահուած առաքելութիւնը ո՛չ միայն իր լրումին հասցուցին, այլեւ` կերտեցին բարոյահոգեբանական, գիտական ու մշակութային այնպիսի զինանոնց, որուն հազիւ թէ կարենային հասնիլ օտար ժողովուրդներ:
Փաստօրէն, Մեսրոպ Մաշտոցի քաղաքական միտքը ունէր այնպիսի բաղադրիչ մասեր, տեսլականի ու հեռակայ առաջադրանքի բովանդակութիւն, որուն բիւրեղ ազդեցութիւնը տարածուեցաւ ողջ հայութեան վրայ: Մեսրոպ Մաշտոցի մեծագոյն խնդիրը` հայոց երկիրը «հայախօս եւ հայագիր դպրոցներով ողողելն էր», որպէսզի իրերայաջորդ սերունդներ օժտուին ինքնաճանաչութեամբ եւ գիտակցական բարձր ունակութեամբ կարենան ձերբազատիլ օտարի ենթակայութենէ:
Այո՛, Թարգմանչաց սերունդի ներկայացուցիչները` իբրեւ յեղափոխականներ եւ յառաջատար մտքի տէր ուսուցիչներ, յաջողեցան գերազանց կատարել իրենց Ուսուցիչին կամքը եւ առանց երկմտանքի նետուիլ հայապահպանութեան մարտի դաշտ` յանուն հայօրէն ապրելու իրաւունքի ձեռքբերումին:
Ու անոնք ստեղծեցին հայոց Ոսկեդարը, դեռ 5-րդ դարուն, երբ հայութիւնը իր պետականութեամբ կը տառապէր բիւզանդական թէ պարսկական կայսրութիւններու գրաւումին եւ բռնաճնշումին տակ: Անոնք չզլացան ստանձնելու ամէն տեսակի ու տիպի պատասխանատուութիւն, որպէսզի կարենան տիրութիւն ընել իրենց ազգին ու ազգային արժեհամակարգին:
Եւ ահա Կորիւնի հաւատարմութիւնը` իր Ուսուցչապետին, «Վարք Մաշտոց»-ի ընդմէջէն, անկրկնելի պատմահայր Մ. Խորենացիի «Հայոց պատմութիւնը», Եղիշէի «Վարդանանց»-ը, Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»-ը, Դաւիթ Անյաղթի իմաստասիրական մտքի փայլուն յաղթանակները, ինչպէս նաեւ` հետագայ դարերու մեծութիւնները յանձինս` Ներսէս Շնորհալիի, Անանիա Շիրակացիի, Նարեկացիի ու շատ շատերու, որոնք իրենց ժամանակներու ամենապայծառ անհատականութիւնը դարձան շնորհիւ իրենց աստուածահաճոյ կազմաւորումին, գիտական մտքին ու հայաբոյր ոգիին:
Արդ, այսօր, հայու սփիւռքացած կեանքին ամէնէն ողբերգական երեսը կը մնայ այն, որ հայ վարժարաններու, մշակութային միութիւններու թէ եկեղեցիներու գոյութեան առընթեր, հայու զաւակներ գիտակցաբար կը հեռանան ազգային օճախներէ` տուրք տալով իրենց անմիջական շրջապատին «հեզահամբոյր» եւ «փափկանկատ» խօսքերու եւ ազդեցութիւններու:
Ճիշդ է, անհայրենիք կամ հայրենի հողէն դուրս ապրող սերունդներ ուշ կամ կանուխ դատապարտուած են կորստեան եւ այլասերումի: Ճշմարտութիւն է նաեւ այն, որ մենք` իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն, քաջ գիտակցելով օտարոտի, ապազգային, յոռի թէ մարդաքանդ երեւոյթներու ունեցած հետեւանքներուն, կը շարունակենք ինքնագոհի եւ եսասէրի «երգեր»-ը բարբանջել, նոյնիսկ, շատ անգամ անգիտանալով պատահածի ահաւորութիւնը, այլ խօսքով` նոր օրերու աղէտին, սպիտակ ջարդին:
Աւելի քան 1600 տարիէ հայոց հանճարեղ առաջնորդին, հրամանատարին 36 քաջ զինուորները, պատմութեան տարբեր փուլերու թէ ստեղծուած պայմաններու մէջ միայնակ կը մարտնչին յանուն ազգային դիմագիծի, սեփական երկրի ու տեսակի պաշտպանութեան: Հացեկացի ծնունդ այս հրաշք ղեկավարին, իմաստունին եւ մեծ հայրենասէրին կորիւնները կը շարունակեն իրենց մենամարտը, թէկուզ յուսահատ (ի տես իրենց ազգակիցներու օտարամոլութիւնն ու անտարբերութիւն), շատ անգամ միայնակ (բազում ճակատներու առկայութեան), այդուամենայնիւ, անոնք հաւատքով եւ հաւատարմօրէն կը կռուին` գոյ թէ անգոյ ուժերու դէմ, որոնք կը նկրտին բնաջինջ ընել հայու տեսակը:
Արդ, հայոց ուժեղագոյն զէնքը` Մեսրոպաշունչ այբուբենը, պիտի շարունակէ զգօնութեան հրաւիրել ազգը, ինչպէս միշտ, պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը այնքան ատեն որ Արարատի բարձունքին կը թեւածէ հանճարեղ Մաշտոցի ոգին ու անոր պայծառ յիշատակը:
13 հոկտեմբեր 2019
aztagdaily.com/archives/462780