Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Ո՛վ Կը Վճարէ Սուրիոյ Մէջ «Ճատրակի Խաղ»-ին Գինը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Ո՛վ Կը Վճարէ Սուրիոյ Մէջ «Ճատրակի Խաղ»-ին Գինը

24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «Աֆրինում Թուրքիայի Հանրապետութեան զինուած ուժերի կողմից իրականացուող ռազմական գործողութեան վերաբերեալ: Իսկ ի՞նչ իրաւունքով են այդ զինուած ուժերը այնտեղ»


Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբերին, պիտի սպառի հրադադարի այն պայմանաժամը, որ թուրք-ամերիկեան համաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ անկէ հինգ օր առաջ. զինադուլը խորքին մէջ քիւրտերուն ուղղուած վերջնագիր մըն էր, որպէսզի քաշուին Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանային գօտիէն, որպէսզի Թուրքիա ինքզինք ապահով զգայ «քիւրտ ահաբեկիչներ»էն, ազատութիւնը ունենայ պաշտօնապէս թափանցելու Սուրիոյ հողերէն ներս, հալածելու քիւրտ զինեալներ ու ընդհանրապէս քիւրտ բնակիչները, գործադրութեան դնէ շրջանի քիւրտերն ու այլ բնակիչներ հեռացնելու եւ զանոնք իր հողերուն վրայ ապաստան գտած սուրիացի գաղթականներով փոխարինելու։

Ասոնք ծրագիրին յայտարարուած երեսներուն հիմնական գիծերն են։ Ասոնցմէ անդին, կան անշուշտ սուրիական նոր հողեր իրողապէս կամ պաշտօնապէս իրեն կցելու-գրաւելու թրքական հին ծրագիրը, որպէսզի Ալեքսանտրէթի գօտին չմնայ «որբ»։ Թուրքիա նաեւ բազմաճիւղ սպառնալիքներ կþուղղէ իր եւրոպացի բարեկամներուն, թէ՝ կրնայ գաղթականներ ղրկել դէպի Եւրոպա. Էրտողանի հոգն անգամ չէ, թէ եւրոպացիք կը սպառնան կամ որոշումներ կու տան Թուրքիոյ զէնքի մատակարարումը դադրեցնելու։ Հոս ալ կայ բեմադրութեան աղաղակող միւս երեսը, որ կը սպասէ նոր Պէքէթի մը՝ անհեթեթի թատրոնի նոր գլուխ գործոց մը իրականացնելու համար։ Անդին, Թուրքիա հրապարակ կը նետէ հիւլէական զէնք ունենալու պահանջ մը, անուղղակիօրէն շահագործելով իրանեան կորիզային ուժանիւթի ծրագիրին դէմ Արեւմուտքի ծանօթ տրամադրութիւնները, նաեւ իբրեւ թէ հակադրուելու կորիզային ուժով օժտուած Իսրայէլին։

Զինադուլի պայմանաժամին սպառման սպասող եւ թրքական միջամտութիւնը գրեթէ միաձայնութեամբ դատապարտող աշխարհը նոյնպիսի անձկութեամբ կը հետեւի Թուրքիա-Ռուսիա խաղին նորագոյն արարներուն, որովհետեւ Էրտողան նոյն օրը՝ Երեքշաբթի, Սոչի պիտի ուղղուի եւ տեսակցի նախագահ Փութինի հետ։ Անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Փենսի եւ արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոյի Թուրքիա սնամէջ այցելութիւնը շատ աւելի լուսարձակ գրաւեց, քան նոյն օրը Թուրքիա այցելող ռուսական պատուիրակութիւն մը։ Յետոյ, լրատու աղբիւրներ ամչկոտ վերաբերմունք ցուցաբերեցին զինադուլը լիովին չգործադրելու եւ քրտական շրջաններու ռմբակոծումը շարունակելու Թուրքիոյ արարքներուն նկատմամբ, որոշ լուսարձակներ կեդրոնացուցին Ռաս էլ-Այնէն քրտական ուժերու հեռացման քայլին վրայ, զայն ներկայացնելով իբրեւ թրքօ-ամերիկեան համաձայնութեամբ գոյացած հրադադարին իրականացման մէկ քայլը։

Զուգահեռ գիծերու վրայ, աշխարհը շռնդալի մեկնաբանութիւններով ողողուեցաւ մէկ կողմէ՝ սահմանամերձ գօտիէն աւելի քան 200 հազար գաղթական դարձածներու տագնապին, զոհերու, վիրաւորներու եւ քանդումներուն, տակաւին՝ Ուաշինկթընի կողմէ իրենք զիրենք կռնակէ դաշունահարուած գտնելու քիւրտերու կացութեան ու դէպի Դամասկոս ու Ռուսիա յարելուն մասին։ Նմանապէս լուսարաձակներ կեդրոնացան մէկ կողմէ՝ Սուրիայէն հեռացող-հեռացուելիք ամերիկեան ուժերու նոր տեղաբաշխումներուն (Թրամփի որոշումը հաւասարապէս քննադատուեցաւ ընդդիմադիր դեմոկրատներու եւ անոր կուսակից հանրապետականներու կողմէ, յաւելեալ ջուր բերելով նախագահին պաշտօնազրկումը հետպնդողներու ջաղացքին. քննադատները նկատել տուին, որ Թրամփի քայլը մեծ սխալ էր, իսկ այն ինքնարդարացումը, թէ՝ ինք այն քայլին դիմած է, որպէսզի թուրքերն ու քիւրտները պահ մը իրարու հետ կռուին, որպէսզի ինք յետոյ միջամտէ ու զինադուլ գոյացնէ, արժանի եղաւ ծիծաղի ու հեգնանքի), ամերիկեան նահանջին դիմաց ռուսական նոր թափանցումներու (սահմանային կարգ մը շրջաններէ ներս ռուսական ուժերու տեղաւորումով, սուրիական բանակին արձանագրած յառաջխաղացքով ու այդ բոլորէն անդին, Ծոցի երկիրներուն մէջ զէնքի նոր շուկաներու ստեղծումով, իբրեւ յաւելում՝ Թուրքիոյ վաճառուած զէնքերուն), վերջապէս՝ քրտական խաղաթուղթը ամերիկացիներու ձեռքէն ռուսական կողմին անցնելու խաղերուն մասին։

Դէպքերու եւ մեկնաբանութիւններու շտեմարանը այսքանով չի լեցուիր։ Կան շատ աւելին, շատ աւելի տարածունը եւ հեռահասը, որոնց մէջ ոչ-արհամարհելի ստորակէտներ են սուրիական քարիւղի շահարկման թղթածրարն ու ռազմավարական-մարտավարական խաղերը։

Այս բոլորը աչքի առջեւ ունենալով, ու հաւանականութեանց նժարին վերիվայրումները դիտելով, կարելի է անվարան կատարել մէկ անվիճելի հաստատում. ո՛չ միայն հիւսիսային Սուրիոյ, այլ ամբողջ Միջին-Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ շատ աւելի հեռուները, ճատրակի անվերջանալի խաղը, մեծերու պարանաձգութիւնը կը մտնէ նոր փուլ մը։ Վաղը, նոր էջեր ու հատորներ կրնան արձանագրուիլ քիւրտներու եւ այլոց իբրեւ թէ պաշտպանութեան կամ կռնակէն դաշունահարման արարքներու մասին. կրնան վերաբացուիլ այն թղթածրարները, որոնք աշխարհին եւ նոյնինքն քիւրտերուն – ու ճակատագրակիցներու – կրնան յիշեցնել, թէ մօտիկ կամ աւելի հեռու անցեալին, Ռուսիան ալ դաժան խաղեր խաղացած է քիւրտերուն ու այլոց գլխուն, որովհետեւ, ինչպէս Արեւմուտքը, նոյնպէս ալ Խորհրդային Միութեան ժառանգորդ Ռուսիա, նաեւ այլ մեծեր, կը շարժին՝ իրենց սեփական շահերուն ու հաշիւներուն նախամեծարութիւն տալով. անոնք կրնան բեմին յառաջամասին խաղալ այնպէս մը, որ իրարու հակադրուած ու մրցակից են, մինչդեռ բեմին ետին տեղի կþունենան իրական մրցակցութիւններն ու համակարգումները, որոնք անպայման համապատասխան չեն երեւցողներուն։

Երեւցող ու աներեւոյթ «ճատրակի խաղեր»ուն զոհերը եղած են ու կը մնան անոնց խաղալիք դարձող ժողովուրդներն ու երկիրները, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, երբեմն մինչեւ իսկ… բարի նպատակներով։ Վաղը, թրքական ուժերը կրնան տասնեակ հազարներով քիւրտ կամ այլ բնակիչներ ջարդել, գաղթականներու նոր ալիքներ ստեղծել՝ գաղթականներու տագնապ մը դարմանելու անուան տակ. Արեւմուտքը արդէն սկսած է քրտական ուժերուն մօտենալ թրքական այն ակնոցով ու բառամթերքով, որ քրտական զինեալ խմբաւորումները կը նկատէ «ահաբեկչական ուժեր», զանոնք համազօր կը դասէ «իսլամական պետութեան» ոճրային խմբաւորումներուն, իսկ վերջինները արդէն կը պատրաստուին, Թուրքիոյ անուղղակի կնքահայրութեամբ, դարձեալ հրապարակ գալ ծանօթ դերակատարութեամբ, կրնան արձակուիլ նոյնինքն քիւրտերուն եւ այլոց դէմ, որոնք դեռ երէկ, ամերիկեան եւ այլ ուժերու հետ գործակցաբար, զսպումի եւ մեծ համեմատութեամբ քայքայումի տարած էին այդ խմբաւորումները։ Այս բոլորը պիտի կատարուին աշխարհի աչքերուն առջեւ, պիտի ստեղծեն խօսքի ու դատապարտանքի նոր հեղեղներ, ցունամինե՛ր, իսկ գինը մեծ մասամբ պիտի շարունակեն վճարել անմեղներ…

21-րդ դարու պատմութիւնը կþարձանագրուի այն մելանով, որով արձանագրուած էին 20-րդ դարու աշխարհամարտներուն, զանոնք կանխած ու անոնց յաջորդած «ճատրակի խաղեր»ուն պատմութիւնները։ Անպատասխան կը մնան այն հարցումները, թէ ինչո՞ւ կարելի չþըլլար մի՛շտ «հիւանդ մարդ»ու կացութեան մէջ եղող Թուրքիան զսպումի ենթարկել, անկէ տուժողներուն միջեւ քաղաքական-դիւանագիտական համակարգում գոյացնել եւ հակահարուածներու մասին մտածել, մինչ անոր անվերջ առիթներ կþընծայուին կրկնելու իր ոճրային խաղերը…

Մարդիկ իրաւունք ունի՞ն նման խաղերու դիմաց վերջակէտներ ակնկալելու։ Անշո՛ւշտ որ ունին։ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան գօտիին մէջ յառաջիկայ փուլի զարգացումները ճաշակ մը պիտի տան, թէ նման ակնկալութիւններ կրնա՞ն իրականութիւն դառնալ։

20 Հոկտեմբեր 2019

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

yerakouyn.com/2019/10/24/ո՛վ-կը-վճարէ-սուրիոյ-մէջ-ճատրակի-խաղ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail