Արցախի Եւ Օվերն-Ռոն Ալփի Միջեւ Հռչակագիրի Ստորագրութիւն
25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «Մամլոյ հաղորդագրութիւն — Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ` Հայաստան պետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ սահմանազատումն իրականացնելու վերաբերեալ առաջարկով»
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Օվերն-Ռոն Ալփի շրջանային խորհուրդի նախագահ Լորան Վոքիէի հետ:
Մասիս Մայիլեան հիւրին ներկայացուց Արցախի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական առաջնահերթութիւնները` մասնաւորապէս անդրադարձ կատարելով օտար պետութիւններու վարչատարածքային միաւորներու հետ համագործակցութեան հաստատման հոլովոյթին` կարեւոր նկատելով ատիկա Արցախի քաղաքացիներու հիմնարար իրաւունքներու անխոչընդոտ օգտագործման, Արցախի համայնքներու արդիւնաւէտ կենսագործունէութեան եւ միջազգային հոլովոյթներուն մէջ հանրապետութեան ներգրաւուածութեան տեսանկիւնէն:
Հանդիպման լոյսին տակ կողմերը ստորագրեցին միացեալ հռչակագիր, որուն մէջ յատկապէս նշուած է, որ Արցախի ժողովուրդին մեկուսացումը կը խոչընդոտէ անոր կողմէ իր հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու կիրարկումն ու կը հակասէ ազատութեան, հաւասարութեան եւ համագործակցութեան ոգիին, առանց որոնց շրջանին մէջ անկարելի է ամուր խաղաղութեան հաստատումը:
Կողմերը ընդգծեցին միջազգային համագործակցութեան կարեւորութիւնը` ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղ յարաբերութիւններու եւ բարեկամութեան զարգացման, լայնախոհութեան ու հանդուրժողականութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական բարգաւաճման խթանման տեսանկիւնէն:
Հռչակագիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման, մասնաւորաբար համոզում յայտնելով, որ Արցախի իշխանութիւններուն վերստին ներգրաւումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ ընթացող բանակցային հոլովոյթին, աւելի բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծէ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար:
Հռչակագիրին միացան նաեւ Օվերն-Ռոն Ալփ շրջանի քանի մը քաղաքներու քաղաքապետներ:
aztagdaily.com/archives/463097